
Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Գորիկ Յակոբեան երէկ կառավարութեան նիստին մտահոգութիւն յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ չկայ վստահութիւն իշխանութիւններուն նկատմամբ:
Երկրին անվտանգութեան համար պատասխանատու պաշտօնատարը այդպիսի յայտարարութիւն կատարեց, երբ կառավարութիւնը կը քննարկէր «Նայիրիտ» գործարանի աշխատաւորներու աշխատավարձերու պարտքի վճարման հարցը, որուն կապուած վերջիններս նախանցեալ օր փողոց փակած էին, երէկ ալ ցոյց ըրին կառավարութեան շէնքին առջեւ:
«Չորեքշաբթի հաւաքուածներուն թիւը շուրջ 500 էր: Այսինքն` քիչ չէր: Միակ առաջարկը հետեւեալն է. կ՛ուզեն դրամը ստանալ մէկ անգամով, բոլորը միասին: Ինչո՞ւ համար կը մտածեն, որ դուք կը վճարէք որոշ թիւով մարդոց եւ դրամը կը վերջանայ: Չկայ վստահութիւն մեր իշխանութիւններուն նկատմամբ», ըսաւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան ղեկավարը:
Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան կառավարութեան երէկուան նիստը բացաւ «Նայիրիտ» գործարանի աշխատաւորներու աշխատավարձերու պարտքը մարելու հարցին անդրադառնալով: Ան յայտարարեց, որ 5 երկիլիոն 310 միլիոն դրամ կազմող ամբողջ պարտքը վճարելու խոստումը կառավարութիւնը պահած է եւ համապատասխան գումարը արդէն իսկ յատկացուցած է:
Ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Երուանդ Զախարեան տեղեկացուց, որ կառավարութիւնը այսօրուընէ պիտի սկսի պարտքի մարումը, բայց «Նայիրիտ» գործարանի աշխատաւորները կը շարունակեն բողոքել` պահանջելով ամբողջ աշխատավարձը մէկ անգամէն վճարել:
«Եթէ անոնք պատրաստ են սպասելու մինչեւ ամսեվերջ, մենք ամսուան վերջաւորութեան բոլոր վճարումները կրնանք կատարել: Չե՞ն կրնար սպասել, կ՛ըլլան աշխատաւորներ, որոնք կ՛ուզեն հիմա ստանալ, մենք պատրաստ ենք այս ընթացքին կատարելու վճարումներ», ըսաւ Զախարեան:
«Թող իրենք որոշեն եւ ներկայացնեն առաջարկները», եզրափակեց վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան:


