Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախ. Ազրպէյճան Սկսած Է Աւելի Շատ Խախտել Զինադադարը

July 16, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-15-15_kakhd-16

Ի տարբերութիւն նախորդ օրերուն, Ազրպէյճան սկսած է աւելի յաճախակի կերպով խախտել զինադադարը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի սահմանագիծին վրայ` տարբեր տեսակի  զէնքերէ բացի, հարաւային ուղղութեամբ կիրարկելով նաեւ 60 մմ հրասանդ: Այդ մասին ըսուած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան երէկուան  հաղորդագրութեան մէջ:

«Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերը հիմնականին մէջ յանձնառու մնացած են զինադադարին եւ պատասխան գործողութիւններու դիմած են միայն խիստ անհրաժեշտութեան պարագային», կը տեղեկացնէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

«Պատասխանը Պիտի Ըլլայ Անհամարժէք
Եւ Անդառնալի Կորուստներով Յղի»

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը երեքշաբթի գիշեր հաղորդագրութիւն մը տարածելով հակադարձեց Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարին, որ, մեղադրելով հայկական կողմը խաղաղ բնակավայրերու  գնդակոծման մէջ, յայտարարեց, որ այն տարածքները, որոնք անհասանելի են հրացաններու համար, կ՛ենթարկուին մեծ տրամաչափի զէնքի տեսակներէ գնդակոծման:

«Հաւատարիմ մնալով իր ապակառուցողական դիրքորոշումին եւ շարունակելով ղարաբաղեան-ազրպէյճանական սահմանագիծի ամբողջ երկայնքին զինադադարի խախտումները` ազրպէյճանական կողմը հերթական ապատեղեկատուութեան նախաձեռնած է»,  ըսուած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան  հաղորդագրութեան մէջ:

«Կը տեղեկացնենք, որ հայկական կողմը երբեք հանդէս չի գար զինադադարի խախտման նախայարձակի դերին մէջ: Ատոր համոզուելու համար, ղարաբաղեան կողմը իր պատրաստակամութիւնը կը յայտնէ միջազգային դէտերու մասնակցութեամբ տեղւոյն վրայ  կայացնելու դիտարկում եւ պարզելու իսկական ճշմարտութիւնը: Ինչ կը վերաբերի Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարին` հայկական բնակավայրերու եւ զինուորական դիրքերու վրայ մեծ տրամաչափի զէնքերէ կրակ բանալու մասին յայտարարութեան, Արցախի զինեալ ուժերու հրամանատարութիւնը կը հաւաստէ, որ նման զարգացումներու պարագային պատասխանը պիտի ըլլայ անհամարժէք եւ անդառնալի կորուստներով յղի», յայտարարած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը եւ ընդգծած, որ «առաջին գիծին վրայ ստեղծուած լարուածութեան ամբողջ պատասխանատուութիւնը պիտի իյնայ  ազրպէյճանական կողմին վրայ»:

 

Նախորդը

Հայ Լրագրողը Դատական Գործ Յարուցած Է Անգարայի Քաղաքապետին Դէմ

Յաջորդը

Հրապարակուեցաւ Սահմանադրութեան 1-7 Գլուխներու Նախագիծի Նախնական Տարբերակը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.