
Շաբաթ, 11 յուլիսին նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունած է Իրանի մշակոյթի եւ իսլամական առաջնորդման նախարար Ալի Չանաթին, որուն գլխաւորած պատուիրակութիւնը այս օրերուն Երեւանի մէջ կը մասնակցի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի «Մշակութային քաղաքականութիւն, քաղաքականութիւն մշակոյթի համար» խորագիրով միջազգային համագումարին:
«Դժուարութիւնները ժամանակաւոր են, մեր բարեկամութիւնը` յաւերժական: Պէտք է ամէն ինչ ընել ամրապնդելու եւ ընդլայնելու զարգացման մեծ ներուժ ունեցող հայ-իրանական յարաբերութիւնները` ի բարօրութիւն երկու ժողովուրդներուն եւ ի նպաստ մշակոյթներուն: Մենք իրարմով կը հարստանանք եւ զիրար կը հարստացնենք` մեր ամբողջ պատմութեան ընթացքին աշխարհին հետ կապեր հաստատելով մեր մշակոյթներու հարուստ լեզուով», նախագահի աշխատակազմի լրատուական վարչութեան հաղորդումով ըսած է նախագահ Սերժ Սարգսեան:
Նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է Իրանի տարածքին գտնուող հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանման ուղղութեամբ կատարուող աշխատանքին եւ այդ ժառանգութեան նկատմամբ ցուցաբերուող հոգատար վերաբերմունքին համար` վստահեցնելով, որ Հայաստանի մէջ եւս իրանական պատմամշակութային ժառանգութեան նկատմամբ նոյնպիսի վերաբերմունք գոյութիւն ունի:
Պարգեւատրում` Վենետիկի Պիենալէին Յաղթած
Հայաստանի Տաղաւարի Համադրողին
Շաբաթ, 11 յունիսին նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունած է ԱՊՀ երկիրներու մշակութային համագործակցութեան խորհուրդի նիստի եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի հիմնադրման 70-ամեակին նուիրուած` «Մշակութային քաղաքականութիւն, քաղաքականութիւն մշակոյթի համար». խորագիրով միջազգային համագումարի պատուիրակութիւններու ղեկավարները:
«Ուրախալի է, որ ժամանակի ընթացքին մենք կ՛աշխուժացնենք մեր համագործակցութիւնը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի հետ, վստահաբար նաեւ կարեւոր կը նկատենք մշակոյթի մարզին մէջ ԱՊՀ շրջանակներուն մէջ մեր փոխադարձ գործակցութիւնը», ըսած է հանրապետութեան նախագահը:
Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներուն հետ կապերու վարչութեան հաղորդումով, հանդիպումին ընթացքին մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան ներկայացուցած է աշխարհի շարք մը երկիրներու մշակոյթի մարզին մէջ քաղաքականութեան պատասխանատուներու, Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական առաքելութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներու, մարզի փորձագէտներու մասնակցութեամբ լիագումար նիստի եւ կլոր սեղաններու ձեւաչափերով Երեւանի մէջ կատարուող քննարկումներուն ընթացքը` վստահեցնելով, որ մշակութային ծրագիրները թոյլ կու տան անոնց աւելի լաւ ճանչնալու Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը:
Նախագահի նստավայրին մէջ ցուցադրուած է նաեւ Վենետիկի ժամանակակից արուեստի Պիենալէին լաւագոյն ազգային տաղաւար ճանչցուած եւ «Ոսկիէ առիւծ» մրցանակին արժանացած Հայաստանի տաղաւարի մասին պատմող ժապաւէնը, որմէ ետք նախագահ Սերժ Սարգսեան տաղաւարի համադրող Ատելինա Կիւբերեան-Ֆոն Ֆիւրշթենպերկը (Զուեցերիա) պարգեւատրած է «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններուն համար» 2-րդ աստիճանի մետալով` հայ մշակոյթը միջազգային հանրութեան ըստ արժանւոյն ներկայացնելու, հայ-զուիցերիական բարեկամական կապերու զարգացման եւ ամրապնդման գործին մէջ ներդրած մեծ աւանդին համար:
Նշենք, որ միջազգային համագումարին ելոյթ ունեցած է նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան: Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութեան հաղորդումով, Նալբանդեան մասնաւորապէս դատապարտած է «Իսլամական պետութիւն» խմբաւորումին կողմէ Փալմիրի 2000-ամեայ պատմութիւն ունեցող յուշարձաններու ոչնչացումը, ինչպէս նաեւ աջակցութիւն յայտնած Իրաքի եւ Սուրիոյ ժողովուրդներուն:


