Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բաղրամեան Պողոտային Վրայ Բռնութիւններ Կիրարկած Ոստիկանները Կը Պատժուին

July 14, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-13-15_yert-14

Երեւանի Բաղրամեան պողոտային եւ  Ազատութեան հրապարակին վրայ 23 յունիսին տեղի ունեցած դէպքերով` հասարակական կարգը վերահաստատելու ուղղութեամբ իրականացուած քայլերուն ընթացքին, ոստիկաններու գործողութիւններուն կապուած, Հայաստանի Հանրապետութեան  ոստիկանութեան պետ Վլատիմիր Գասպարեանի յանձնարարութեամբ նոյն օրը ոստիկանութեան ներքին անվտանգութեան վարչութեան մէջ  նշանակուած էր ծառայողական քննութիւն, յայտնեց ոստիկանութիւնը:

Երէկ կատարուած քննութեան արդիւնքներով պարզուեցաւ, որ 9 ոստիկաններ  կարգապահական խախտումներ կատարած են:

Վլատիմիր Գասպարեանի հրամանով` ոստիկանութեան հասարակական կարգի ապահովման վարչութեան բաժանմունքի պետի տեղակալ, ոստիկանութեան փոխգնդապետ Գ. Աբրահամեանի պաշտօնը  նուազած է մէկ աստիճանով: Երեւանի ոստիկանապետի գործողութիւններու գծով տեղակալ, ոստիկանութեան գնդապետ Ա. Մեհրապեանին  նկատողութիւն ուղղուած է, 7 ոստիկաններու` խիստ նկատողութիւն, իսկ մնացեալներուն գործողութիւններու եւ քաղաքացիներու դիմումներու քննարկման մասով ծառայողական քննութիւնը կը շարունակուի: Արդիւնքներուն, մասին կը տեղեկացուի պարբերաբար:

Այսօր «Ո՛չ Թալանին» Նախաձեռնութեան Երթը`
Դէպի Գլխաւոր Դատախազութիւն

«Ո՛չ թալանին» նախաձեռնութիւնը այսօր  հաւաք-երթ կը կազմակերպէ դէպի գլխաւոր դատախազութիւն` պահանջելով պատժել 23 յունիսին Բաղրամեան պողոտային վրայ  քաղաքացիներուն, նկատմամբ բռնութիւն գործադրած ոստիկանները եւ անոնց հրաման տուողները: Լրագրողներուն հետ երէկ հանդիպումի մը ընթացքին այս հարցին մասին խօսեցան  նախաձեռնութեան անդամները:

Ներկայիս «Ո՛չ թալանին» նախաձեռնութիւնը հանդիպումներ կ՛ունենայ Հայաստանի տարբեր շրջաններու բնակիչներու հետ: Անոնք նաեւ ստեղծած են խումբ մը` կազմուած մասնագէտներէ, որոնք պիտի ներկայացնեն «Հայաստանի ելեկտրական ցանցեր» ընկերութեան մէջ հաշուեքննութիւն կատարելու բոլոր մանրամասնութիւնները:

Նախաձեռնութեան անդամները յիշեցուցին, որ իրենց պահանջները չեն փոխուած` չեղեալ յայտարարել նոր սակը, վերատեսութեան ենթարկել հինը` նուազեցման միտումով, եւ պատժել 23 յունիսին եւ 6 յուլիսին ցուցարարներուն նկատմամբ բռնութիւն կիրարկած ոստիկանները:

 

Նախորդը

Վարչապետ Աբրահամեան Ընդունեց Կառավարութեան Շէնքին Մօտ Բողոքող` Ֆիրտուսի Թաղի Բնակիչները

Յաջորդը

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Հանդիպում Ունեցած Է «Ոսկէ Ծիրան» Փառատօնի Մասնակիցներուն Հետ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.