Գլխաւոր լուրեր

Վարդանեան. «Մեր Առաքելութիւնը Վատ  Հետեւանքներ Թոյլ Չտալն Էր»

Վարդանեան. «Մեր Առաքելութիւնը Վատ Հետեւանքներ Թոյլ Չտալն Էր»

Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան «Երկիր»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին, խօսելով Բաղրամեան փողոցին մէջ արդէն երրորդ օրը ըլլալով շարունակուող բողոքի ցոյցին մասին, նշեց. «Առաջին օրուան իրադարձութիւնները նկատի ունենալով` երեքշաբթի խումբ մը  պատգամաւորներու, մտաւորականներու, դերասաններու, երգիչներու եւ հանրածանօթ անձնաւորութիւններու նախաձեռնութեամբ որոշուեցաւ ներկայ ըլլալ Բաղրամեան պողոտային վրայ եւ, իբրեւ մարդկային պատ, կանգնիլ ցուցարարներուն եւ ոստիկաններուն միջեւ` փորձելով կանխել հաւանական առճակատումը:...

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց  ՀՅԴ  Բիւրոյի Պատուիրակութիւնը

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի Պատուիրակութիւնը

Չորեքշաբթի, 24 յունիս 2015-ի առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի: Առաւել քան ժամ մը տեւած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան, վերջերս Հայաստանի մէջ ստեղծուած կացութեան, Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին մօտ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բացած դատին եւ Սուրիոյ հայութեան հետ առնչուած հարցեր:

«Հոլանտ փառատօն». «Կիւրճիեւ» ժողովրդական նուագարաններու համոյթը

«Հոլանտ փառատօն». «Կիւրճիեւ» ժողովրդական նուագարաններու համոյթը

«Հոլանտ փառատօն»-ը երկրին մէջ տեղի ունեցող կատարողական արուեստներու ամենահին եւ աշխարհի ամենահեղինակաւոր փառատօներէն մէկն է: Այն այս տարի ներկայացուց Կոմիտասի երաժշտութիւնը մեծ շեշտադրումով եւ լայն անդրադարձ ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Փառատօնին իր մասնակցութիւնը բերաւ Հայաստանէն «Կիւրճիեւ» ժողովրդական նուագարաններու համոյթը, որ ելոյթ  ունեցաւ «Միւզիքեփաու» եւ «Փոտիում մոզայիք» համերգասրահներուն մէջ: Համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Լեւոն  Իսկենեան նախաբանով ներկայացուց Կոմիտասի ստեղծագործական կեանքին եւ անոր...

Յայտարարութիւն

Յայտարարութիւն

Վերջին օրերին Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչները կազմակերպեցին բողոքի գործողութիւններ, պահանջելով չեղեալ յայտարարել ելեկտրականութեան սակագնի թանկացման որոշումը: Ըստ էութեան բնակչութեան մեծամասնութեան ցանկութիւնն արտայայտող այս գործընթացը անցանկալի շարունակութիւն ունեցաւ: Յունիսի 22-ին ոստիկանութիւնը ցրեց ցոյցը: Ծեծի ենթարկուեցին եւ կալանաւորուեցին ցուցարարներ, իրադարձութիւնները լուսաբանող լրատուամիջոցների ներկայացուցիչներ: Տեղի ունեցածի հետեւանքով ոչ միայն տուժեցին տասնեակ քաղաքացիներ, եւ իրենց մասնագիտական պարտականութիւնը կատարող լրագրողներ, այլեւ տուժեց երկրի վարկը, կրկին...

Ելեկտրականութեան Սակերու Բարձրացումին Դէմ Պայքարը Կը Շարունակուի.  Ոստիկանութիւնը Բռնի Ուժ Գործադրեց «Ո՛Չ Թալանին» Նախաձեռնութեան Բողոքի Ցոյցին Մասնակիցներուն Եւ Լրագրողներուն Նկատմամբ

Ելեկտրականութեան Սակերու Բարձրացումին Դէմ Պայքարը Կը Շարունակուի. Ոստիկանութիւնը Բռնի Ուժ Գործադրեց «Ո՛Չ Թալանին» Նախաձեռնութեան Բողոքի Ցոյցին Մասնակիցներուն Եւ Լրագրողներուն Նկատմամբ

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը տեղեկացնէ, որ երէկ առաւօտեան ժամը 5:30-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով) ոստիկանութիւնը ֆիզիքական ուժի եւ յատուկ միջոցներ (ջրցան մեքենաներ) գործադրելով ցրուեց ելեկտրականութեան թանկացման դէմ «Ո՛չ թալանին» նախաձեռնութեան կազմակերպած խաղաղ բողոքի ցոյցը Բաղրամեան պողոտային մէջ: Նախքան գործողութիւնը սկսիլը ոստիկանները մօտեցան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին` ուղիղ սփռում իրականացնող կազմին եւ պահանջելով ազատել միջանցքը` քաշքշեցին եւ տեղահան ըրին ու վնասեցին ուղիղ սփռող համակարգը:...

Աղուան Վարդանեան Կը Դատապարտէ.  «Ժամ Առաջ Ազատ Արձակել Բերման Ենթարկուածները»

Աղուան Վարդանեան Կը Դատապարտէ. «Ժամ Առաջ Ազատ Արձակել Բերման Ենթարկուածները»

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի  ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան խորհրդարանին մէջ լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին երէկ անդրադարձաւ նախանցեալ օր տեղի ունեցած բողոքի ցոյցին եւ անոր յաջորդած իրադարձութիւններուն: «Շարունակական գործողութիւնները Ազատութեան հրապարակին մէջ, լրագրողներուն նկատմամբ բռնութիւնները դատապարտելի են, եւ մենք բոլորս պէտք է պահանջենք, որ բոլոր բերման ենթարկուածները ժամ առաջ ազատ արձակուին, եւ մեր իշխանութիւնները հաշուի նստին...

Քի Մուն. «Զիս Կը Մտահոգեն Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Զինադադարի Խախտման Դէպքերը»

ԱՓԱ կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի երէկուան նիստին ընթացքին խօսք առած է ՄԱԿ¬ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն եւ պատասխանելով ազրպէյճանական պատուիրակութեան մէկ անդամին Լեռնային Ղարաբաղի մասին հարցումին նշած է, որ ղարաբաղեան տագնապը կրնայ լուծուիլ միայն խաղաղ ճամբով: «Զիս շատ կը մտահոգեն զինադադարի պարբերական խախտումները: Մենք կը տեսնենք, թէ ի՛նչ տեղի կ’ունենայ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ` Լեռնային Ղարաբաղի...

«Արմէն» Ճամբարի Ի Նպաստ Քայլարշաւ` 26 Յունիսին

«Արմէն» Ճամբարի Ի Նպաստ Քայլարշաւ` 26 Յունիսին

«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ «Տեմոքրաթհապեր» կայքը արձագանգ հանդիսացած է «Արմէն» ճամբարի («Քեմփ Արմէն») կապակցութեամբ «Նոր զարթօնք» խմբակի երիտասարդներուն կողմէ 19 յունիսի երեկոյեան, Կալաթասարայի «Ճեզայիր» հանդիսասրահին մէջ սարքուած մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին ճամբարին զօրակցողները անգամ մը եւս վճռաբար պահանջած են, որ պետութիւնը հայ համայնքին վերադարձնէ ճամբարը, միաժամանակ ներում հայցէ հայ համայնքէն: Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին լրատուամիջոցներուն բացատրութիւններ տրուեցան Սայաթ Թեքիրի, Ալեքս...

«Ո՛Չ Թալանին» Նախաձեռնութեան  Բազմամարդ Երթը` Դէպի Նախագահական Նստավայր

«Ո՛Չ Թալանին» Նախաձեռնութեան Բազմամարդ Երթը` Դէպի Նախագահական Նստավայր

Լուսանկարը` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի Երէկ երեկոյեան ժամը 19:00-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով) աւարտեցաւ ելեկտրականութեան թանկացման դէմ պայքարի դուրս ելած «Ո՛չ թալանին» նախաձեռնութեան յայտարարած վերջին ժամկէտը, եւ ցուցարարները, հակառակ ոստիկանութեան նախազգուշացումներուն, քալեցին դէպի Բաղրամեան պողոտայ` նախագահական նստավայր, «Ազատ, անկախ Հայաստան» կոչով: Երթին սկիզբէն վայրկեաններ առաջ ոստիկանները հաղորդեցին, որ հաւաքը անօրինական է, եւ պահանջեցին զերծ մնալ անօրինականութենէն: Ցուցարարները ոստիկաններուն պատասխանեցին սուլոցներով: Ոստիկանները փակեցին փողոցը, եւ...

ՀՅԴ Պատուիրակութիւն Մը Տեսակցեցաւ  Յունաստանի Հանրապետութեան Նախագահին Հետ

ՀՅԴ Պատուիրակութիւն Մը Տեսակցեցաւ Յունաստանի Հանրապետութեան Նախագահին Հետ

Երէկ առաւօտեան, Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոս, նախագահական ապարանքին մէջ ընդունեց այցելութիւնը պատուիրակութեան մը, որուն մաս կը կազմէին ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Քերոբ Էքիզեան, ՀՅԴ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Յակոբ  Յովակիմեան եւ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ  Գասպար Կարապետեան: Մօտ կէս ժամ տեւած հանդիպումը ընթացաւ սիրալիր եւ ջերմ մթնոլորտի մէջ: Պատուիրակութիւնը շնորհաւորեց Յունաստանի նախագահը` իր պաշտօնի ստանձնման...

Շարմազանով. «Չենք Պատրաստուիր  Եղբայրանալու Պաքուի Եւ Անգարայի Հետ  Մեր Շահերուն Հաշուոյն»

Շարմազանով. «Չենք Պատրաստուիր Եղբայրանալու Պաքուի Եւ Անգարայի Հետ Մեր Շահերուն Հաշուոյն»

Ազգային ժողովի երէկուան արտակարգ նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ նախագահին ներկայացուցած` Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Եւրասիական բարգաւաճման դրամատան միջեւ ստորագրուած` Հիւսիս-հարաւ մայրուղիի  կառուցման ֆինանսաւորման համար Եւրասիական դրամատան կողմէ վարկի տրամադրման մասին համաձայնագիրը վաւերացնելու հարցը, որուն վերաբերեալ արտակարգ խօսք առաւ Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանով: Ան նշեց, որ ծրագիրը ռազմավարական եւ կենսական նշանակութիւն ունի Հայաստանի համար: Այդպիսի նշանակութիւն ունի նաեւ Հայաստան-Իրան երկաթուղիի կառուցումը: Շարմազանով...

Աշոտ Քոչարեան Այցելեց  Տարուիշ Եպիսկոպոսին

Աշոտ Քոչարեան Այցելեց Տարուիշ Եպիսկոպոսին

Դեսպան Քոչարեան եւ Տարուիշ եպիսկոպոս Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան այցելեց Զահլէի եւ Պեքաայի յոյն կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Իսամ Եուհաննա Տարուիշ եպիսկոպոսին` ընկերակցութեամբ Զահլէի գործարարներէն Նիքոլա Ապու Ֆայսալի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ վերջին տարիներուն ընթացքին անոնց ամրապնդումը: Դեսպան Քոչարեան դրուատեց Հայաստանի մէջ կատարուած լիբանանեան ներդրումները, յատկապէս Նիքոլա Ապու Ֆայսալի յաջողեցուցած ներդրումային ծրագիրները, որոնց լոյսին տակ Տարուիշ եպիսկոպոսը...

«Խաչիկ Պապիկեան» Աշակերտական  Մրցանքներուն  Եւ «Արեւմտահայերէնի Խտացեալ  Դասընթացք»-ին Առիթով`   «Մենք Բոլորս Պատասխանատուութիւն Մը  Ունինք` Կասեցնելու Համար  Մեր Լեզուին Եւ Արժէքներուն Նահանջը»   Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Խաչիկ Պապիկեան» Աշակերտական Մրցանքներուն Եւ «Արեւմտահայերէնի Խտացեալ Դասընթացք»-ին Առիթով` «Մենք Բոլորս Պատասխանատուութիւն Մը Ունինք` Կասեցնելու Համար Մեր Լեզուին Եւ Արժէքներուն Նահանջը» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Կիրակի, 21 յունիս 2015-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ «Խաչիկ Պապիկեան» միջդպրոցական մրցանքներու բախտաւոր աշակերտներուն մրցանակաբաշխութիւնն ու «Արեւմտահայերէնի խտացեալ միամեայ դասընթացք»-ին հետեւած ուսանողներու վկայագիրներու բաշխման միացեալ հանդիսութիւնը: Սարգիս Կիրակոսեան Հանդիսութեան բացումը կատարեց կաթողիկոսարանի Կրթական եւ հայագիտական բաժանմունքի վարիչ տնօրէն Սարգիս Կիրակոսեան, որ նախ եւ առաջ ուրախութեամբ անդրադարձաւ, որ սոյն միացեալ ձեռնարկը իւրայատուկ խորհուրդ ունի այս տարի, որովհետեւ...

Տեղեկանք .  Առաւել Կազմակերպուածութեամբ Եւ Միասնականութեամբ

Տեղեկանք . Առաւել Կազմակերպուածութեամբ Եւ Միասնականութեամբ

Անցնող օրերուն, հակառակ Սուրիոյ մէջ տիրող անբարենպաստ պայմաններուն, կազմակերպական համապատասխան կարգով ՀՅԴ կազմակերպութիւնը համապարփակ քննութեան ենթարկեց Սուրիոյ քաղաքական իրավիճակը, դիմագրաւուած մարտահրաւէրները, հաւանական զարգացումներու տարբերակները,  եւ առ այդ` անհրաժեշտ նախաձեռնութիւնները: Առաջնային նկատելով Սուրիոյ հողային ամբողջականութեան պահպանումը, ժողովրդային միասնականութիւնը եւ պետականութեան անվտանգութիւնը, տրամադրելի կարելիութիւններով յառաջիկայ հանգրուաններուն համար ուրուագծեց պատկերացումներ եւ կատարեց ուղենշումներ: Յատուկ կարեւորութեամբ մատնանշեց. ա.- Քաղաքական լուծումներու անհրաժեշտութիւնը եւ ահաբեկչութեան դէմ...

Փարիզի Մէջ.  «Սիսի Կաթողիկոսարանի Վերադարձի Պահանջը Մեր Բոլոր Եկեղեցապատկան Ու Ազգապատկան Կալուածներու Պահանջին Առաջին Քայլն Է»  Յայտարարեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Փարիզի Մէջ. «Սիսի Կաթողիկոսարանի Վերադարձի Պահանջը Մեր Բոլոր Եկեղեցապատկան Ու Ազգապատկան Կալուածներու Պահանջին Առաջին Քայլն Է» Յայտարարեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Ուրբաթ, 19 յունիս 2015-ին, Փարիզի խորհրդարանի հրապարակային ձեռնարկներու յատուկ սրահին մէջ տեղի ունեցող Հայ դատին նուիրուած համագումարին բացումը կատարելով` Արամ Ա. կաթողիկոս յայտարարեց, թէ «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին մօտ բացուած դատին նպատակը յստակ է.- Սիսի պատմական կաթողիկոսարանի վերադարձն է: Արդ, դատավարական ընթացքին առնչուած մօտեցումները պէտք չէ շփոթել դատին նպատակին հետ: Այս նպատակը իրագործելու համար սկզբունքային երկու...

Թուրքերը Անհանգստացած Են Պելճիքայի Վարչապետին Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Եզրին Օգտագործումէն

Թուրքերը Անհանգստացած Են Պելճիքայի Վարչապետին Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Եզրին Օգտագործումէն

Շարլ Միշել «Էրմենիհապեր» կը հաղորդէ, որ Պելճիքայի վարչապետին կողմէ 18 յունիսին կատարուած Հայոց ցեղասպանութիւնը հաստատող յայտարարութիւնը տագնապ եւ անհանգստութիւն յառաջացուցած է թրքական լրատուամիջոցներուն մէջ: Յատկապէս համացանցային լրատուամիջոցներուն մեծ մասը այս լուրը լուսաբանող յօդուածները վերնագրած է` «Պելճիքայի վարչապետը եւս Ցեղասպանութիւն ըսաւ»: Թրքական «Yeniasya» կայքը, անդրադառնալով պելճիքական «Լը Սուար» թերթին մէջ այս մասին հրապարակուած լուրին, յիշեցուցած է նաեւ, որ ապրիլին Պելճիքայի արտաքին...

Համազգայինի «Գուսան» Երգչախումբը Հայ Դասական Երգարուեստը Հրամցուց Հանդիսատեսին

Համազգայինի «Գուսան» Երգչախումբը Հայ Դասական Երգարուեստը Հրամցուց Հանդիսատեսին

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, երէկ` կիրակի, 21 յունիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ սրահին մէջ, Երաժշտութեան միջազգային օրուան փառատօնի ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ համերգ` կատարողութեամբ «Գուսան» երգչախումբին, խմբավար` Գրիգոր Ալոզեան, դաշնակի ընկերակցութեամբ Յասմիկ Գասպարեանի: Յայտագիրը սկսաւ Է. Յովհաննէսեանի «Նանարի նա» երգով, մենակատար` Շողիկ Թորոսեան, որուն յաջորդեցին Մ. Եկմալեանի...

Մեր Կորուստները.  Մահացաւ «Յառաջ»-ի Բազմամեայ Խմբագրապետ Արփիկ Միսաքեան

Մեր Կորուստները. Մահացաւ «Յառաջ»-ի Բազմամեայ Խմբագրապետ Արփիկ Միսաքեան

Շաբաթ, 20 յունիս 2015-ին, Փարիզի մէջ իր մահկանացուն կնքեց լրագրող, հրապարակախօս, Փարիզի «Յառաջ» օրաթերթի (2009-ին հրատարակութիւնը դադրեցուցած)  երկարամեայ խմբագրապետ Արփիկ Միսաքեանը` անուանի Շաւարշ Միսաքեանի դուստրը: «Յառաջ»-ը լոյս տեսած է 1925-2009 թուականներուն` ունենալով երկու խմբագրապետներ` Շաւարշ Միսաքեան եւ Արփիկ Միսաքեան:

Նախագահ Սարգսեան Մասնակցեցաւ  «Ուիքիմետիա Հայաստան»-ի  Գրասենեակի Բացման

Նախագահ Սարգսեան Մասնակցեցաւ «Ուիքիմետիա Հայաստան»-ի Գրասենեակի Բացման

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ներկայ գտնուեցաւ «Ուիքիմետիա Հայաստան» գիտակրթական հասարակական կազմակերպութեան գրասենեակի բացման: Նախագահ Սերժ Սարգսեան ծանօթացաւ կազմակերպութեան գործունէութեան եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն: Նախագահին ներկայացուցին, որ իբրեւ  «Ուիքիմետիա» հիմնադրամի հայաստանեան մասնաճիւղ հիմնադրուած «Ուիքիմետիա Հայաստան»-ի նպատակն է խթանել «ուիքի» նախագիծերու տարածումը եւ զարգացումը Հայաստանի եւ շրջանին մէջ, հանրայնացնել ազատ գիտելիքի գաղափարը: Գրասենեակին մէջ նախագահը մասնակցեցաւ Հայաստանի մէջ «ուիքի» նախագիծերու զարգացման...

Բաց Նստացոյց` Ելեկտրական  Հոսանքի Թանկացման Դէմ

Բաց Նստացոյց` Ելեկտրական Հոսանքի Թանկացման Դէմ

Լուսանկարը` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Ո՛չ թալանին» քաղաքացիական նախաձեռնութեան հանրահաւաքը ընդդէմ ելեկտրական հոսանքի թանկացման: Ցուցարարները պահանջեցին չեղեալ յայտարարել Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնախումբի 17 յունիսի  որոշումը: Յայտնենք, որ Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնախումբը միաձայն կողմ քուէարկեց 6.93 դրամով ելեկտրական հոսանքի սակագինի բարձրացման: «Այդ խաչը մենք պիտի չկրենք, մենք ունինք արժանապատուութիւն, կամք ու այդ կամքը կոտրողներուն մենք...

Page 762 of 795 1 … 761 762 763 … 795

Արխիւներ