Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քննարկուած Են Հնդկական «Քէյ. Ճի. Քէյ.» Մեծ Ընկերութեան Ներդրումային Ծրագիրներուն Առնչուող Հարցեր

August 20, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

hntig_8-19-15

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, թէ Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան 18 օգոստոսին ընդունած է հնդկական «Քէյ. Ճի. Քէյ.» մեծ ընկերութեան տնօրէն Սանճա Քոթարիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Ընկերութիւնը գործունէութիւն կը ծաւալէ աշխարհի 15 երկիրներու մէջ, մասնագիտացած է ադամանդագործութեան, ոսկեգործութեան, հանքարդիւնաբերութեան մարզերուն մէջ:

Վարչապետը ողջունած է «Քէյ. Ճի. Քէյ.»-ի կողմէ Հայաստանի մէջ ներդրումային ծրագիրներ կատարելու մտադրութիւնը` յայտնելով Հայաստանի կառավարութեան աջակցութիւնը զանոնք կեանքի կոչելու առումով: Վարչապետը ընդգծած է, որ գործադիրը պատրաստ է քննարկելու ընկերութեան իւրաքանչիւր նախաձեռնութիւն եւ  օժանդակելու տարբեր հարցերու մէջ: Յովիկ Աբրահամեան նշած է, որ Հայաստանի` Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութիւնը կարելիութիւն պիտի տայ «Քէյ. Ճի. Քէյ.»-ի` մուտք գործելու եւրասիական 170 միլիոննոց շուկայ:

Սանճա Քոթարի շնորհակալութիւն յայտնած է վարչապետին` աջակցութիւն ցուցաբերելու պատրաստակամութեան համար եւ նշած, որ իրենք մեծապէս հետաքրքրուած են Հայաստանի մէջ ներդրումային ծրագիրներ իրականացնելով:

Կողմերը վստահութիւն յայտնած են այն մասին, որ «Քէյ. Ճի. Քէյ.»-ի նման ընկերութեան Հայաստան մուտքը մեծապէս պիտի նպաստէ հայ-հնդկական տնտեսական կապերու ընդլայնման ու ամրապնդման, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ նոր աշխատատեղերու ստեղծման:

Կարէն Ճշմարիտեան Ընդունած Է Հնդկական
«
Քէյ. Ճի. Քէյ.» Ընկերութեան Ներկայացուցիչները

garen_8-19-15

News.am կը հաղորդէ, թէ Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Կարէն Ճշմարիտեան 19 օգոստոսին ընդունած է հնդկական «Քէյ. Ճի. Քէյ.» մեծ ընկերութեան տնօրէն Սանճա Քոթարին, ընկերութեան փոխնախագահ Սանտիպ Քոթարին, ընկերութեան ելեւմտական հարցերու տնօրէն Սունիլ Ակրաւալն ու այլ ներկայացուցիչներ:

Հայկական կողմէն հանդիպումին մասնակցած են տնտեսութեան նախարարի տեղակալ Ս. Աւետիսեանը, նախարարի խորհրդական Գ. Մկրտչեանը, Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Ա. Խաչատրեանը, տնտեսութեան նախարարութեան արդիւնաբերութեան զարգացման վարչութեան պետ Ա. Եգանեանը, առեւտուրի եւ շուկաներու կարգաւորման վարչութեան պետ Գ. Քոչարեանը, նախարարութեան այլ աշխատակիցներ: Հանդիպումին ներկայ եղած է նաեւ Հնդկաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Արմէն Մարտիրոսեան:

Նախարարը ողջունած է «Քէյ. Ճի. Քէյ.» ընկերութեան անդամները եւ պատրաստակամութիւն յայտնած աջակցելու ընկերութեան` Հայաստանի մէջ ներդրումային նախագիծի իրականացման առումով:

Ընկերութեան ներկայացուցիչները հաստատած են Հայաստանի մէջ ներդրումային ծրագիր իրականացնելու իրենց մտադրութիւնը:

Հանդիպման ընթացքին հիւրերուն ներկայացուած են Հայաստանի Հանրապետութեան  եւ այլ երկիրներու, մասնաւորապէս, ադամանդի, ոսկերչական իրերու, թանկարժէք եւ կիսաթանկարժէք քարերու առեւտուրի պայմանները, Հայաստանի` Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցելէն ետք ստեղծուած կարելիութիւնները, «Մերիտիըն» ազատ տնտեսական գօտիին մէջ գործունէութեան պայմանները: Անդրադարձ կատարուած է «Ալրոսա» ընկերութեան հետ համագործակցութեան, Հայաստանի մէջ ակնագործութեան եւ ոսկերչութեան մարզերուն մէջ առկայ աշխատուժին, այդ մարզերուն մէջ մասնագիտական դպրոցի հիմնադրութեան կարելիութեան:

 

 

Նախորդը

Մարտական Յենակէտին Մէջ Հերթապահութեան Կանոնները Խախտելու Պատճառով Զինուոր Մը Մահացած Է

Յաջորդը

Պարոնուհի Քարոլայն Քոքս Դէպի Արցախ Ուխտագնացութիւն Կազմակերպած Է

RelatedPosts

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը,  Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները  Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը  Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»

November 14, 2026
Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան  Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ  Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»
Գլխաւոր լուրեր

Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»

November 14, 2026
Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն  Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական  Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.