Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնը` Այնճարի Մէջ. Ժողովրդային Տօնախմբութիւն Եւ Մատաղի Պատրաստութիւն

August 17, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

an-2_8-16-15

Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առիթով շաբաթ, 15 օգոստոս 2015-ի երեկոյեան, Այնճարի հայ կաթողիկէ Ս. Վարդարանի Տիրամայր եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային տօնախմբութիւն` կազմակերպութեամբ Այնճարի Հայ կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետութեան, ՀԿԵՄ-ի եւ տիկնանց միութեան:

Տօնախմբութեան ընթացքին կազմակերպուած էր տօնավաճառ եւ Մուսա լերան աւանդական ուտեստեղէններու վաճառք, պատրաստուած` տիկնանց միութեան կողմէ, կազմակերպուած էին նաեւ մանուկներու յատուկ խաղեր:

Տօնախմբութեան բացումը կատարեց Ժանօ Փամպութեան, որ ողջունեց ներկայ ժողովուրդը` յայտնելով, որ «Այնճարի Հայ կաթողիկէ համայնքին համար այս տօնը աւանդական է Մուսա լեռէն սկսեալ: Ս. Աստուածածնայ տօնը միշտ յատկանշուած է ժողովրդային տօնախմբութեամբ եւ մատաղի պատրաստութեամբ»:

Տօնավաճառին ընթացքին տեղի ունեցաւ աւանդական մատաղի պատրաստութիւն` համայնքին ժողովրդապետութեան եւ երիտասարդներուն կողմէ:

Հայկական ջերմ մթնոլորտի մէջ տօնավաճառը շարունակուեցաւ մինչեւ ուշ գիշեր` մեծ թիւով ուխտաւորներու ներկայութեան:

Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնին Առիթով
Ս. Պատարագ, Քարոզ, Խաղողօրհնէք,
Մատաղի Օրհնութիւն Եւ Ցրւում

Կիրակի, 16 օգոստոս 2015-ին, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով, Այնճարի Ս. Վարդարանի Տիրամայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. պատարագ:

Պատարագի ընթացքին քարոզեց Ֆրանսայի Հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան: Ան քարոզի ընթացքին անդրադարձաւ Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին, անոր կարեւորութեան եւ յատկապէս անդրադարձաւ Աստուածամօր զոհողութեան ու ամուր նկարագիրին, որ ամրագրուած է Աւետարանով: Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան նաեւ անդրադարձաւ սփիւռքի հայութեան այսօրուան դժուար իրավիճակին` շեշտելով հայկական ամուր ընտանիքի եւ հայեցի կրթութեան կարեւորութիւնը հայ ազգի գոյատեւման համար: Ան կոչ ուղղեց բոլորին հոգատար ըլլալու նոր սերունդին նկատմամբ եւ ամուր պահելու հայկական ընտանիքն ու դպրոցը, մանաւանդ նոր սերունդը մօտ պահելով հայ եկեղեցւոյ եւ ամրացնելով այդ սերունդին քրիստոնէական հաւատքը:

Ան շնորհաւորեց բոլոր Մարի եւ Մարիամ անունը կրող հայուհիները եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց այս առիթով Այնճար գտնուելուն համար:

Պատարագին յաջորդեց խաղողի եւ մատաղի օրհնութիւնն ու ցրուումը հաւատացեալ ուխտաւորներուն: Նոյն ատեն ՀՄԸՄ-ի Այնճարի շեփորախումբը ելոյթ ունեցաւ ազգային նուագներու կատարումներով:

Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնը`
Այնճարի Ս. Պօղոս Եկեղեցւոյ Մէջ

an-3_8-16-15

Կիրակի, 16  օգոստոս 2015-ի առաւօտեան, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. պատարագ եւ խաղողօրհնէք` Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առիթով:

Պատարագեց եւ քարոզեց Այնճարի հայ առաքելական համայնքի նոր հոգեւոր հովիւ Միւռոն քհնյ. Աւետիսեան:

Աւանդութեան համաձայն, պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ խաղողօրհնէք, որմէ ետք օրհնուած խաղողը բաժնուեցաւ հաւատացեալ ժողովուրդին:

Յայտնենք նաեւ, որ ՀՄԸՄ-ի Այնճարի տարազաւորներն ու շեփորախումբը մասնակից դարձան աւանդական տօնին:

an-1_8-16-15

Anj22a_8-16-15

 

Նախորդը

Գեղարուեստական Երեկոյ` Սուրբ Աստուածածին Վանքին Մէջ

Յաջորդը

Աստուածամօր Վերափոխման Տօնը` Զմմառու Մէջ Տօն Անուանակոչութեան Զմմառու Մայրավանքի

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.