«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, որ երէկ` չորեքշաբթի, 19 օգոստոս 2015-ին, կէսօրէ առաջ Հալէպի Շտապ օգնութեան մարմինը շարունակեց կատարել իր առաքելութիւնը:
Մարմինի կամաւոր աշխատողներուն միջոցով նիւթական օժանդակութիւն տրամադրուեցաւ կարիքաւոր հայորդիներու, որոնք նախապէս արձանագրուած էին եւ անոնց համար համապատասխան թղթածրարներ պատրաստուած էին:
Նշենք, թէ տարիներէ ի վեր Սուրիոյ վիճակուած քաղաքական, ապահովական եւ տնտեսական պայմաններուն բերումով վատթարացած են եւ սաստկացած ժողովրդային կարիքներն ու պահանջները: