
Անյայտ մարդոց կողմէ դիտումնաւոր կերպով հրդեհուած է Արեւմտեան Հայաստանի Սասուն գաւառին մէջ գտնուող հայկական Ս. Պետրոս առաքեալի վանքն ու յարակից հայկական գերեզմանները:
Ըստ «Տեմոքրաթ հապեր»-ի, Սասունի, Պիթլիսի, Մուշի, Վանի եւ Պոլսոյ հայերու ընկերային օգնութեան, համերաշխութեան մշակութային միութիւնը այդ առնչութեամբ բողոքագիր ներկայացուցած է Սասունի տարածքային դատախազութեան:
Այդ մասին յայտարարութեամբ հանդէս եկած միութեան նախագահ Ազիզ Տաղճը հաղորդած է, որ հրդեհին պատճառով այրած են հայ հոգեւորականներու ոսկորներ, որոնք գանձ փնտռողներու կողմէ դուրս թափուած են գերեզմաններէն:
Նշելով, որ թրքական ոստիկանութիւնը դէպքի վայր հասած չէ, Տաղճը ըսած է. «Նոյն օրը Պաթմանի ոստիկանութեան տեղեակ պահեցինք, ըսին, որ հրշէջներ պիտի ուղարկեն, սակայն հրշէջ մեքենան չի կրնար բարձրանալ Սասունի Մեշելի գիւղը, որովհետեւ եկեղեցի տանող ճամբան տակաւին բաց չէ: Պէտք է շնորհակալութիւն յայտնենք հրդեհը մարելուն օգնած Մեշելի գիւղի բնակիչներուն»:


