Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բիւրականի Մէջ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի Բանակումի Պաշտօնական Փակում

August 18, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

hasg_8-17-15

Բիւրականի մէջ կեդրոնական խարուկահանդէսով այս օրերուն փակումը կատարուեցաւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի տարեկան բանակումին, որուն կը մասնակցէին 150 սկաուտներ, որոնք խումբերու բաժնուելով` խմբապետներուն առաջնորդութեամբ, կը գործադրէին իրենց յայտագիրները: Առաւօտեան` մարմնամարզանք, ապա նախաճաշ, խաղեր, երգ ու պար, ընկերային միջավայր եւ դասախօսութիւններ. օրինակ` ինչպէս կարելի է անտառին մէջ ապրիլ օգտուելով բնութեան միջոցներէն եւ միեւնոյն ատեն զերծ մնալ ամէն տեսակ վտանգներէ: Բանակումը թէ՛ հաճելի ժամանցի կը ծառայէր եւ թէ՛ հարուստ գիտելիքներու ու փորձառութեան ձեռքբերման:

Բանակումին տեւողութեան իւրաքանչիւր օր տարբեր խումբ մը կը ստանձնէր նախաճաշի, ճաշի եւ ընթրիքի պատրաստութիւնը: Բժշկական շտապ օգնութիւնը եւս երիտասարդները կը կատարէին, անոնցմէ շատեր գիտէին հիմնական օրէնքներն ու կանոնները, զորս կը փոխանցէին աւելի փոքրերուն:

Սկաուտական կանոններու եւ օրէնքներու որեւէ խախտումի կամ հրահանգներու չենթարկուելու պարագային անպայման պատիժ  կը տնօրինուէր:

Կազմակերպութեան հիմնական նպատակն է դաստիարակել առաջնորդներ, հասարակութեան մէջ գործօն, պատասխանատու, արի եւ վեհանձն, ինչպէս նաեւ բնութիւնը սիրող անձեր: Քանի որ 13-14 տարեկան սկաուտը` շարքին առջեւ կանգնելով, պատասխանատուութիւն կը կրէ 7-8 հոգիի համար, արդէն հասուն տարիքին պիտի կարենայ առաջնորդել հանրութեան աւելի մեծ խումբ:

Ըստ «Երկիր Մետիա»-ի թղթակիցին, ամէնէն հետաքրքրականը ամէնօրեայ խարուկահանդէսն էր:  Իւրաքանչիւր խումբ յատուկ ձեւով կը պատրաստէր ու կը ներկայացնէր այդ հանդէսը: Ամէն խումբ պարտաւոր է հայրենասիրական երգեր պատրաստել: Երբեմն նաեւ պարեր կը ներկայացուէին, որպէսզի երեկոն աւելի հաճելի ըլլայ: «Բարձրացիր, բարձրացուր» կարգախօսը եւ  «Մէկը` բոլորին համար, բոլորը` մէկուն» սկզբունքը բոլոր սկաուտներուն համար հիմնական էր:

 

 

Նախորդը

Էսկիւրանի Մէջ Մեծ Շուքով Եւ Հանդիսաւորութեամբ Նշուեցաւ Ս. Աստուածածինի Վերափոխման Տօնը

Յաջորդը

ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Եւ Ուսանողական Միութիւններու Բանակում` Բիւրականի Մէջ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Վենեզուելան Ռազմահարթակ` Միացեալ  Նահանգներու Եւ Չինաստանի Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Վենեզուելան Ռազմահարթակ` Միացեալ Նահանգներու Եւ Չինաստանի Միջեւ

January 9, 2026
Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը  Թաղամասերու Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը Թաղամասերու Մէջ

January 9, 2026
Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.