Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աստուածամօր Վերափոխման Տօնը` Զմմառու Մէջ Տօն Անուանակոչութեան Զմմառու Մայրավանքի

Օգոստոս 17, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

zmmar-1_8-16-15

Աւելի քան 260 տարիներ շարունակ Զմմառու Տիրամօր հովանիին ներքեւ ծառայող Զմմառու պատրիարքական կղերի  միաբանութեան վարչական հայրերը, վերափոխման օրը յաւուր պատշաճի կը մեծարեն իրենց բարեխօսը` հայցելով անոր գթութիւնը եւ միջնորդութիւնը` «Տիրամայր Զմմառու, Աղօթեա՛ վասն մեր»:

Այս տարի եւս անխախտ մնաց աւանդութիւնը եւ շաբաթ, 15 օգոստոս  2015-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, արաբերէնով սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցեց Փարիզի առաջնորդ Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան: Պատարագին յաջորդեց խաղողօրհնէք, ապա հրավառութիւն եւ հիւրասիրութիւն վանքի շրջափակին մէջ:

zmmar_8-16-15

Իսկ կիրակի, 16 օգոստոս 2015-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Զմմառու մայրավանքը հիւրընկալեց Լիբանանի տարբեր շրջաններէն հասած հայորդիներ, որոնք հաղորդուեցան օրուան խորհուրդով: Պատարագը մատուցեց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց նորընտիր Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը` կողքին առընթերակայ ունենալով Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեանն ու Մաշտոց վրդ. Զահթերեանը: Պատարագին երգեցողութիւնը կատարեց պատրիարքական «Կռունկ» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ դոկտ. Եդուարդ Թորիկեանի, խորանին սպասաւորեցին Զմմառու Ս. Միքայէլ ընծայարանի եւ երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի նորընծաներն ու ժառանգաւորները: Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը յաւուր պատշաճի իր պատգամը փոխանցեց հաւատացեալ ժողովուրդին: Ան շեշտեց եւ կարեւոր նկատեց, իր Որդիին` Յիսուսի Քրիստոսի առջեւ Տիրամօր կատարած բարեխօսութիւնները, բարելաւելու եւ յոյս ներշնչելու մեր սրտերուն ու հոգիներուն: Ան ցաւոտ սրտով արտայայտուեցաւ Միջին Արեւելքի մէջ սանձազերծուած վայրագութիւններուն պատճառով թշուառ, անտէր դարձած քրիստոնեաներուն մասին, որոնք հալածանքի թիրախ եղած են: Սակայն աւելցուց նաեւ, որ քրիստոնեայ հաւատացեալը երբեք չի յուսահատիր իր ամէն օր կրած չարչարանքներէն ու տառապանքներէն: Հոգեւոր տէրը իր խօսքը եզրափակեց Տիրամայրէն թախանձագին խնդրելով, որ պահպանէ հայ ընտանիքը չարին բոլոր վտանգներէն ու փորձութիւններէն:

Յաւարտ սուրբ եւ անմահ պատարագին, համաձայն հայկական աւանդութեան ու Զմմառու վանքի սովորութեան, ամենապատիւ հոգեւոր տէրը օրհնեց խաղողի ողկոյզները, ինչպէս նաեւ բոլոր այգեստանները:

Այնուհետեւ, հաւատացեալները վանքի դահլիճին մէջ Վերափոխման տօնին ու գահակալութեան առիթով իրենց շնորհաւորանքները փոխանցեցին ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ, վանքի մեծաւորին ու վանական կղերին, ինչպէս նաեւ անոնք ստացան օրհնուած խաղողի ողկոյզներ ու տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն մը:

 

 

Նախորդը

Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնը` Այնճարի Մէջ. Ժողովրդային Տօնախմբութիւն Եւ Մատաղի Պատրաստութիւն

Յաջորդը

Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին Մէջ Հազարաւոր Ուխտաւորներ Կը Մասնակցին Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնին

RelatedPosts

«Տէր Ենք Մեր Հայրենիքին». Հանրահաւաք  Եւ Երթ` Հայաստանի Հանրապետութեան  Հիմնադրութեան 105-Ամեակին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

«Տէր Ենք Մեր Հայրենիքին». Հանրահաւաք Եւ Երթ` Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան 105-Ամեակին Առիթով

Մայիս 30, 2023
Լիբանանահայութիւնը Մայիսեան Փառատօնին  Ընդմէջէն Վճռեց Հաւատարիմ Մնալ Պետականութեան Արժէքներուն Եւ Յաղթահարել Այսօրուան Վիճակը
Գաղութային

Լիբանանահայութիւնը Մայիսեան Փառատօնին Ընդմէջէն Վճռեց Հաւատարիմ Մնալ Պետականութեան Արժէքներուն Եւ Յաղթահարել Այսօրուան Վիճակը

Մայիս 30, 2023
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Ազգային Շահերուն  Եւ Պետական Շահերուն Միջեւ Բաժանման  Գիծեր Հաստատելը Խոտոր  Կը Համեմատի Մեր Պատսութեան»
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Ազգային Շահերուն Եւ Պետական Շահերուն Միջեւ Բաժանման Գիծեր Հաստատելը Խոտոր Կը Համեմատի Մեր Պատսութեան»

Մայիս 30, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In