Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի մամլոյ պատասխանատու Եղիսաբէթ Չուլճեան «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ առեւտուրի եւ ներդրումներու հայ-ամերիկեան համաձայնագիրը կարելիութիւն պիտի տայ ընդլայնելու երկկողմանի առեւտրական-տնտեսական համագործակցութիւնը եւ հզօրացնելու Հայաստանի տնտեսութիւնը` իբրեւ ամէնէն ազատը շրջանին մէջ:
«Փոխշահաւէտ առեւտրական կապերը պիտի նպաստեն նաեւ Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի կառավարութիւններուն միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու եւ երկու ժողովուրդներու բարեկամութեան ամրապնդման: Ամէնէն կարեւորը այն է, որ ատիկա պիտի նպաստէ Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ օժանդակութենէն դէպի առեւտուրի վրայ հիմնուած յարաբերութիւններու հաստատման», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ հոկտեմբերին Հայաստան պիտի այցելէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան համաշխարհային համագործակցութեան գրասենեակի պատուիրակութիւնը, որ պիտի հետազօտէ ներդրումային կարելիութիւնները վերականգնուող ուժանիւթի մարզին մէջ:
Ըստ անոր, Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը պիտի շարունակէ աշխատանքները Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ հարկային նոր համաձայնագիրի ստորագրման ուղղութեամբ. «Մենք կ՛ուզենք վստահ ըլլալ, որ ամերիկացի ներդրողները, Հայաստանի մէջ գործունէութիւն ծաւալելով, ստիպուած պիտի չըլլան կրկնակի հարկ վճարել: Ատոր համար պէտք է կնքել նոր համաձայնագիր: Այսօր գործող փաստաթուղթը բաւարար չէ»:
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կապ հաստատած է Միացեալ Նահանգներու առեւտուրի նախարարին հետ` յաջորդող քայլերը կատարելու եւ այդպիսի համաձայնագիր կնքելու համար:
7 մայիս 2015-ին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ Առեւտուրի եւ ներդրումներու շրջանակային համաձայնագիրով, կողմերը կը հաւաստեն իրենց մտադրութիւնը` ստեղծելու բարենպաստ պայմաններ ներդրողներու եւ երկու երկիրներուն միջեւ ապրանքաշրջանառութեան, առեւտուրի խրախուսման համար: Կը նախատեսուի նաեւ ձեւաւորել Առեւտուրի եւ ներդրումներու հայ-ամերիկեան խորհուրդ, որուն հանդիպումները տեղի պիտի ունենան առնուազն տարին մէկ անգամ:
Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ արտածումը 2014-ին կազմած է 87 միլիոն 546 հազար տոլար, իսկ ներածումը` 133 միլիոն 370,5 հազար տոլար: Հայաստանէն Միացեալ Նահանգներ արտածուող հիմնական ապրանքատեսակներն են ոգելից ըմպելիներ եւ ալքոլային ապրանքներ, գորգեր եւ յատակի կտաւներ, ծածկոցներ, ադամանդներ եւ այլ թանկարժէք ու կիսաթանկարժէք քարեր, մետաղներ, ինչպէս նաեւ` ալիւմինիոմ: Միացեալ Նահանգներէն Հայաստան հիմնականին մէջ կը ներածուին ինքնաշարժներ (մարդատար եւ բեռնատար), բջիջային հեռախօսներ եւ կապի այլ սարքաւորումներ, համակարգիչներ, հագուստ, միս եւ մսամթերք: