Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին Մէջ Հազարաւոր Ուխտաւորներ Կը Մասնակցին Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնին

Օգոստոս 17, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

bi-1_8-16-15

bi-3_8-16-15Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնը կանխող շաբթուան ընթացքին, Պիքֆայայի Ս.  Աստուածածին վանքին մէջ տեղի ունեցան ժամերգութիւն, Ս. Գրոց սերտողութիւն, հոգեւոր լսարան, մատաղի պատրաստութիւն, այցելութիւն վեհափառ հայրապետին եւ աջահամբոյր: Ամբողջ շաբթուան մը աղօթքով, հոգեւոր եւ ուխտի տրամադրութեամբ զեղուն մթնոլորտը իր գագաթնակէտին հասաւ հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագով, որ մատուցեց Ֆրանսայի հայոց առաջնորդ Վահան եպս. Յովհաննիսեան, շաբաթ, 15 օգոստոս 2015-ի երեկոյեան: Եկեղեցական արարողութեան նախագահեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը: Պատարագի աւարտին, Արամ Ա. կաթողիկոսը, շրջապատուած միաբան հայրերով, կատարեց խաղողի եւ մատաղի օրհնութիւնը:

Լեցուն էր վանքին հսկայ բակը ուխտաւորներով: Երիտասարդութեան ներկայութիւնը տիրական էր: Հայ ժողովուրդի զաւակներուն ներկայութեամբ աւելի պայծառակերպուած էր Ս. Աստուածածին վանքը:

bi-2_8-16-15Հոգեւոր ու ազգային ապրումներով լեցուն մթնոլորտին մէջ վեհափառ հայրապետը տուաւ իր հայրապետական պատգամը ժողովուրդին: Արամ Ա. կաթողիկոսը յիշեցուց, թէ «մեր եկեղեցին աղօթքներու, շարականներու ու մեղեդիներու եւ ընդհանրապէս իր աստուածաբանութեան ճամբով այնքան բնորոշիչ կերպով ներկայացուցած է Ս. Աստուածածինը իր սրբակենցաղ կեանքով ու աստուածատուր առաքելութեամբ: Ս. Աստուածածինի անձին մէջ մեր եկեղեցին յատկապէս շեշտած է անոր մայրութիւնը, հոգեւոր ու բարոյական արժանիքները, ինչպէս նաեւ անոր դերը` իբրեւ մայր Աստուծոյ Միածին Որդւոյն: Ահա թէ ինչու Ս. Մարիամ նկատուած է առաջին սուրբը եկեղեցւոյ, եւ իբրեւ միջնորդ ու բարեխօս մեր եւ Քրիստոսի միջեւ»: Հետեւաբար, ըսաւ վեհափառ հայրապետը, «Ս. Աստուածածինի վերափոխման տօնին նշումը յիշեցում մըն է յատկապէս մեր քոյրերուն ու մայրերուն իրենց կեանքին տիպարը Ս. Աստուածածինը նկատելու: Ներկայ կեանքի պայմանները այնպիսին են, որոնք յաճախ մեզ կը մղեն մեր հոգեւոր ու բարոյական արժէքներէն հեռացումի: Ս. Աստուածածինը Աստուծոյ կողմէ ընտրուեցաւ իբրեւ տիպար կին. տիպար` հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու իր ամուր կապուածութեամբ, տիպար` իր սրբալոյս կեանքով ու առաքինի վարքով: Մեր սպասումն է մեր մայրերէն ու քոյրերէն, որ քրիստոնէական վեհ արժէքներով լեցնեն իրենց անհատական թէ ընտանեկան կեանքը` հեռու մնալով այնպիսի կենցաղակերպերէ, որոնք մեր մէջ կը մթագնեն Ս. Աստուածածինի, ինչպէս նաեւ Ս. Աստուածածինը իրենց կեանքի հայելին դարձուցած մեր պատմութեան սրբակենցաղ մայրերուն պայծառակերպող ներկայութիւնը»:

Իր պատգամի երկրորդ բաժինին անցնելով` վեհափառ հայրապետը Ս. Աստուածածին վանքի բարեզարդման մասին ըսաւ. «Փառք Աստուծոյ շինարարական աշխատանքները աւարտած են եւ ինչպէս կը տեսնէք Ս.  Աստուածածին վանքը ամբողջութեամբ պայծառակերպուած է ու դարձած լայն կարելիութիւններով օժտուած վանք: Ս. Աստուածածին վանքին օծումը կատարած եղանք, երբ 18 յուլիսին յուշարձանին ներքեւ սրբալոյս Միւռոնի օրհնութիւնը կատարեցինք բազմահազար ժողովուրդի ներկայութեան: Այս առիթով անգամ մը եւս Մեր ջերմ շնորհակալութիւնն ու բարձր գնահատանքը կ’ուզենք յայտնել մեր բոլոր բարերարներուն: Կ’աղօթենք առ Աստուած, որ վարձահատոյց ըլլայ մեր նուիրեալ զաւակներու աստուածահաճոյ ու հայակերտ բարերարութիւններուն»: Վեհափառ հայրապետը նաեւ ըսաւ, թէ` «երբ նայիք մեր պատմութեան, պիտի տեսնէք, թէ եկեղեցիներ, վանքեր, կրօնական ու մշակութային կեդրոններ եւ դպրոցներ շինուած են բարերարներով: Հայ մշակոյթն ու կրթութիւնը զարգացած են շնորհիւ բարերարներուն: Եկեղեցին պայծառացած է կոչումի գիտակցութիւն ունեցող հոգեւորականներու կողքին, ազգին ու եկեղեցւոյ նուիրուած բարերարներու գործակցութեամբ: Այսօր եւս, հայ եկեղեցին, հայ մշակոյթն ու դպրոցը, մեր ազգն ու հայրենիքը կը զարգանան, կը բարգաւաճին ու կը հզօրանան նուիրեալներու, հերոսներու, մշակներու կողքին` մեր բարերարներուն նիւթական ներդրումով: Պատի՛ւ ու յարգանք բոլոր անոնց, որոնք Աստուծոյ իրենց տուած բարիքներէն մաս մը կը տրամադրեն ազգին, հայրենիքին ու եկեղեցւոյ»:

Վեհափառ հայրապետը իր պատգամը եզրակացուց յիշեցնելով, թէ` «մեր եկեղեցին, մեր հայրենիքը եւ մեր բոլոր կառոյցները կը պատկանին մեր ժողովուրդին: Անոնց տէրն ու պահապանը ժողովո՛ւրդն է: Անոնց ծառայողները մեր ժողովուրդէն կու գան ու համարատու են մեր ժողովուրդին: Ա՛յս գիտակցութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կը ծառայէ մեր ժողովուրդին: Հարիւր տարիներ առաջ գաղթական դարձած այս Սուրբ աթոռը այսօր պայծառակերպուած է իր կեանքով ու առաքելութեամբ եւ խոր գիտակցութեամբ ու բարձրագոյն աստիճանի նուիրումով կը ծառայէ մեր եկեղեցւոյ, մեր հայրենիքին ու ազգին: Նեցուկ կանգնեցէք անոր հայակերտ ու ազգօգուտ ծրագիրներուն. մասնակից եղէք անոր եկեղեցաշէն առաքելութեան: Ազգին, հայրենիքին ու եկեղեցւոյ հզօրացումը իւրաքանչիւր հայուն ու ամբողջ հայութեան հզօրացումն է»:

Ս. եւ անմահ պատարագի աւարտին հաւատացեալները հաղորդակից դառնալով Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին խորհուրդին` ստացան համայն ննջեցեալներու հոգիներուն համար օրհնուած մատաղը եւ աստուածային զոհագործումի, բարիքներու եւ բերրիութեան խորհրդանիշ հանդիսացող խաղողի այս տարուան առաջին օրհնուած ճիռերը:

Յայտնենք, որ Ուխտի օրուան պատարագը արբանեակային պատկերասփիւռի կայանով սփռուեցաւ աշխարհի բոլոր կողմերը` հայրենիքի թէ աշխարհի տարբեր ծայրամասերուն ապրող ժողովուրդի զաւակները եւս հաղորդակից դարձնելով հոգեթով արարողութիւններուն:

 

Նախորդը

Աստուածամօր Վերափոխման Տօնը` Զմմառու Մէջ Տօն Անուանակոչութեան Զմմառու Մայրավանքի

Յաջորդը

Նշմար. Դիմակազերծում Եւ Յեղաշրջումի Փորձ

RelatedPosts

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու  «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ»  Համախոհական Ցանկի Ներկայացում
Գլխաւոր լուրեր

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ» Համախոհական Ցանկի Ներկայացում

Մայիս 10, 2025
«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով  Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան
Գլխաւոր լուրեր

«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան

Մայիս 10, 2025
«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Անխորտակելի  Պատուար Մնալ Նացիականութեան Առջեւ»  Կ՛ըսէ Փութին
Գլխաւոր լուրեր

«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Անխորտակելի Պատուար Մնալ Նացիականութեան Առջեւ» Կ՛ըսէ Փութին

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?