Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Մէջ. ՀՕՄ-ի Անդամները Հանդիպում Կ՛ունենան Փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեանի Հետ

August 20, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

hom_8-19-15

Արցախի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան 19  օգոստոսին ընդունած է Հայ օգնութեան միութեան, Հայ կրթական հիմնարկութեան տնօրէններու խորհուրդներու անդամներն ու Երեւանի պետական համալսարանի խումբ մը պատասխանատուներ եւ դասախօսներ:

Ողջունելով հիւրերը` Ա. Աղաբեկեան Արցախի իշխանութիւններուն անունով երախտագիտութիւն յայտնած է ներկաներուն` հայրենիքի զարգացման իմաստով ունեցած նպաստին համար եւ յաջողութիւն մաղթած է անոնց` իրենց հետագայ հայրենանուէր ձեռնարկներուն համար:

Փոխվարչապետը սփիւռքահայ հասարակական ու ազգային գործիչ Ժասմէն Պոնիաթեան-Ջարահեանին եւ հասարակական գործիչ ու բարերար Հայկուշ Հէյտի Քոհլըրին յանձնած է Լեռնային Ղարաբաղի վարչապետի յուշամետալները, որոնցմով անոնք պարգեւատրուած են Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 24-ամեակին առիթով եւ Արցախի բարգաւաճման ու զարգացման նպատակով տարուած գործունէութեան եւ բարեսիրական ծրագիրներու իրականացման մէջ անոնց ունեցած մեծ աւանդին համար:

Շնորհակալութիւն յայտնելով պատուաբեր պարգեւի արժանանալու համար` բարերարները նշած են, որ ցուցաբերուող գնահատանքը որքան հաճելի, նոյնքան ալ պարտաւորեցնող է` պատրաստակամութիւն յայտնելով ասկէ ետք եւս մասնակից դառնալ Արցախի համար կարեւոր խնդիրներու լուծման:

Ողջունելով հիւրերը` կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Սլաւա Ասրեան կարեւոր նկատած է սփիւռքահայ գործիչներուն դերը, յատկապէս կրթութեան մարզին մէջ` յատուկ կերպով լուսարձակի տակ առնելով պատերազմէն ի վեր ՀՕՄ-ի կողմէ վերագործարկուած տասնեակ մանկապարտէզներուն ներկայացուցած մեծ արժէքը: Նախարարը շնորհակալութիւն յայտնած է Հայ կրթական հիմնարկութեան տնօրէններու խորհուրդի անդամ Ալեք Պաղտասարեանին` խորհուրդին կողմէ արդէն 4-րդ անգամն ըլլալով Շուշիի մէջ կազմակերպուող ասմունքի փառատօնին համար եւ կարեւոր նկատած է մշակութային այդ նախաձեռնութիւնը` մատաղ սերունդին մօտ գեղագիտական ճաշակի ձեւաւորման առումով:

Հանդիպման աւարտին փոխվարչապետը` իբրեւ յուշանուէր, հիւրերուն յանձնած է արցախցի մեղուաբոյծներու արտադրանքի անհատական փաթեթաւորումը կատարող «Արցախ մեղր» ընկերութեան արտադրութեան առաջին խումբը:

 

 

Նախորդը

Պարոնուհի Քարոլայն Քոքս Դէպի Արցախ Ուխտագնացութիւն Կազմակերպած Է

Յաջորդը

Թիֆլիսի Մէջ Հայ-Վրացական Դպրոց Կը Կառուցուի Հազար Աշակերտի Համար

RelatedPosts

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը,  Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները  Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը  Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»

November 14, 2026
Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան  Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ  Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»
Գլխաւոր լուրեր

Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»

November 14, 2026
Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն  Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական  Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.