Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնախումբին մէջ միջազգային խորհրդատուական ծառայութեան կատարելիք ուսումնասիրութիւններէն ետք կառավարութիւնը պիտի արտայայտէ իր դիրքորոշումը ելեկտրականութեան հոսանքի սակի բարձրացման հարցով: Այդ մասին յայտարարած է վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան` նախանցեալ օր Ծաղկաձորի մէջ «Բազէ» երիտասարդական հաւաքի մասնակիցներուն հետ հանդիպումին ընթացքին:
Կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցումով` վարչապետը տեղեկացուցած է, որ յառաջիկայ օրերուն «Հայաստանի ելեկտրական ցանցեր» ընկերութեան մէջ պիտի սկսի միջազգային հաշուեքննութեան հոլովոյթը, իսկ հանրութիւնը կարելիութիւն պիտի ունենայ ստանալու իր հարցերուն պատասխանները:
«Յովիկ Աբրահամեան ընդգծած է, որ ինչպէս խոստացուած է, մինչեւ ուսումնասիրութիւններու աւարտը, կառավարութիւնը պիտի հատուցէ ելեկտրական հոսանքի սակի բարձրացման գումարը (6.93 դրամ)», ըսուած է պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ: