Համշէնահայ Մահիր Էօզքան Ներկայացուց Համշէնցիները
ՀԲԸՄ ՀԵԸ Անդրանիկ մշակութային միութեան կազմակերպութեամբ երէկ` ուրբաթ, 19 յունիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Համշէնցիները» խորագիրով ձեռնարկ մը, որուն հիւր դասախօսն էր համշէնցի Մահիր Էօզքան: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Կարօ Աբրահամեան: Ան ըսաւ, թէ ժամանակն է, որ ընդունինք մահմետականաց(ու)ած հայու կերպարի գոյութիւնը իր հողին վրայ, ապա խօսեցաւ զանազան խմբաւորումներով շուրջ 2 միլիոն համշէնցիներու գոյութեան փաստին...




















