ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ յայտարարեց. «Կոչ կ՛ուղղենք խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին, որ յետաձգէ հինգշաբթի օրուան համար հրաւիրուած խորհրդարանի նիստը` առիթ տալու համար յաւելեալ ճիգ ներդրելու եւ յաւելեալ խորհրդակցութիւններ ծաւալելու, որպէսզի կարելի ըլլայ ապահովել ներկայութիւնը աւելի մեծ թիւով խորհրդարանական պլոքներու ու յատկապէս կշիռ ունեցող քրիստոնէական պլոքներու»:
Բագրատունի աւելցուց. «Անգամ մը եւս կրկնելով յետաձգումի մեր առաջարկը` ՀՅ Դաշնակցութիւնը խորհրդարանի նիստին իր մասնակցութեան որոշումի կայացումը կը յետաձգէ չորեքշաբթի գիշերուան»: