Ազգային սուգի մթնոլորտին մէջ, Պըրժ Պարաժնէի բնակիչները երէկ առաւօտեան արթնցան վկայելով Այն Սըքքէի աւերուած փողոցն ու վաճառատուները եւ իսկոյն անցան մաքրութեան աշխատանքին` նկատի ունենալով, որ քրէական ոստիկանութիւնը աւարտած էր իր աշխատանքը:
Պըրժ Պարաժնէի քաղաքապետարանը իր ջանքերը ի գործ դրաւ եւ մինչեւ երեկոյ բնակիչներուն հետ միասնաբար գործելով քարուքանդ վիճակէն դուրս բերաւ շրջանը:
Պըրժ Պարաժնէի քաղաքապետ Զուհէյր Ժալլուլ շեշտեց, որ պայթումին պատճառով վնասուած են 55 վաճառատուներ, 10 շէնքեր, ինչպէս նաեւ տասնեակ բնակարաններ, մոթորսիքլեթներ եւ ինքնաշարժներ, որոնց հատուցումը պիտի կատարէ Աղէտներու շտապ հակազդելու գերագոյն խորհուրդը:
Մաքրութեան արշաւին եւ յուղարկաւորութիւններուն ու ցաւակցութիւնները ընդունելուն առընթեր, Այն Սըքքէի փողոցներուն մէջ բարձրացան մեծ թիւով պաստառներ, որոնք կը կրէին բնակիչներուն կամքը զօրացնող եւ հոգիները սփոփող կարգախօսներ:
Պայթումին վայրը այցելեցին շատեր, որոնք զօրակցութիւն յայտնեցին բնակչութեան եւ պատասխանատուներուն, որոնք հաստատեցին, որ անշեղ կը մնան Դիմադրութեան ուղեգիծէն:
Այդ պատկերը յստակ էր, նկատի ունենալով ամբողջ փողոցին երկայնքին զետեղուած լիբանանեան ու Հըզպալլայի դրօշները:
Պըրժ Պարաժնէի պայթումին լոյսին տակ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա այսօր երեկոյեան ժամը 8:30-ին պիտի արտասանէ պատկերասփռուած ճառ մը:
Նշենք, որ երեկոյեան ժամը 5:00-ին, նախաձեռնութեամբ քաղաքացիական ընկերութեան, Այն Սըքքէի մէջ տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն:
Վարչապետարանին Մէջ
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ առաւօտեան վարչապետարանին մէջ նախագահեց ապահովական արտակարգ նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան Պըրժ Պարաժնէն թիրախ դարձուցած ահաբեկչական գործողութիւնները:
Նիստը սկսաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելով զոհերուն յիշատակը:
Ապա վարչապետ Սալամ արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ շեշտեց, որ Պըրժ Պարաժնէի պայթումները արիւնած են ամբողջ Լիբանանը` աւելցնելով, որ ահաբեկչութեան նպատակը միշտ ալ եղած է լիբանանցիներուն միջեւ սադրանքներու հրահրումը:
Վարչապետ Սալամ շեշտեց, որ դատապարտելի այս արարքը պէտք է մղէ ապահովական կառոյցներուն միջեւ յաւելեալ գործակցութեան եւ ժողովուրդին կողմէ բանակին եւ ապահովական կառոյցներուն շուրջ համախմբումին:
Նիստին ընթացքին որոշուեցաւ լիբանանեան բոլոր շրջաններուն մէջ ապահովական խիստ միջոցառումներ որդեգրել եւ զգաստութիւնը պահպանել` ձախողեցնելու համար ահաբեկչական բոլոր ծրագիրները:
Պէտք է նշել, որ վարչապետ Սալամ ցաւակցական հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ստացաւ Յորդանանի վարչապետ Ապտալլա Նսուրէն, որ Յորդանանի ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց Սալամի:
Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու իր կարգին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ վարչապետ Սալամի հետ:
Իսկ Իտալիոյ նախագահ Սերժիօ Մաթարելլա ցաւակցական հեռագիր մը յղեց վարչապետ Սալամի:
Վարչապետ Սալամ ցաւակցական հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ նաեւ Համասի քաղաքական խորհուրդի նախագահ Խալետ Մաշաալէն, որ պաղեստինցի ժողովուրդին զօրակցութիւնը յայտնեց լիբանանցիներուն:
Այցելութիւն` Դէպքին Վայրը
Ընդհանուր դատախազ Սամիր Համմուտ` ընկերակցութեամբ Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ դատաւոր Սաքըր Սաքըրի, ուղղուեցաւ Այն Սըքքէ, ուր անոնք ստուգեցին արձանագրուած վնասները:
Համմուտ շեշտեց, որ անձնասպանական գործողութեան երկու հեղինակներուն գործած ահաբեկչութիւնները գործուած են 9 քիլոկրամ պայթուցիկ նիւթերով, որոնցմէ առաջինը 7 քիլոկրամ էր, իսկ երկրորդը` 2 քիլոկրամ:
Ան նշեց, որ անձնասպանական գործողութեան երրորդ հեղինակի մը գոյութեան վարկածը տակաւին չէ փաստուած` յոյս յայտնելով, որ մօտիկ ապագային այդ իմաստով կ՛ունենան շօշափելի փաստեր:
Իր կարգին, Սաքըր հաւանական նկատեց, որ Թրիփոլիի մէջ ձերբակալուած յանցագործը ուղղակիօրէն կապի մէջ ըլլայ Պըրժ Պարաժնէն ահաբեկած անձնասպանական գործողութիւնները կատարողներուն հետ:
Աղէտներուն շտապ հակազդելու գերագոյն խորհուրդի նախագահ հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Խէյր երէկ այցելեց դէպքին վայրը, ուր ստուգեց պայթումներուն պատճառած վնասները:
Ան իր ցուցմունքները տուաւ խորհուրդի պատասխանատուներուն, որպէսզի համապատասխան աշխատանքը կատարելէ ետք քաղաքացիները ստանան իրենց հատուցումները:
Խէյր կոչ ուղղեց զգաստ մնալու եւ զգուշ գործելու` աւելցնելով, որ վարչապետարանին մէջ գումարուած ապահովական նիստը եղած է արդիւնաբեր:
Խէյր ընդգծեց, որ որեւէ պայթումի պարագային պէտք չէ փութալ պայթումին վայրը:
Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել` ընկերակցութեամբ Հըզպալլայի յարաբերական հարցերու պատասխանատու Ուաֆիք Սաֆայի այցելեց Այն Սըքքէ, ուր շեշտեց, որ պէտք է քաղաքականութիւնը մէկդի դնել եւ միասնաբար գործել` պահպանելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը:
Ան կոչ ուղղեց նեցուկ կանգնելու բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն:
Ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ Պըրժ Պարաժնէի մէջ շեշտեց, որ այս կացութեան մէջ մխիթարական միակ իրականութիւնը համայնքային եւ յարանուանական սադրանքները մերժող լիբանանեան միասնականութիւնն է` աւելցնելով, որ ահաբեկչական արարքները ոչ ոք պիտի խնայեն:
Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան միջոցներու նախարար Ղազի Զաայթեր դատապարտեց պայթումը եւ շեշտեց, որ լիբանանեան ներքին կեանքը կարելի է ամրապնդել միայն ազգային միասնականութեամբ:
Պըրժ Պարաժնէ այցելեց նաեւ շէյխ Ահմետ Քապալան, որ դատապարտեց պայթումը` հաստատելով, որ միջլիբանանեան միասնականութիւնը շատ աւելի ծանր կը կշռէ, քան գործուող վայրագ ոճիրները:
Դէպքին վայրը այցելեցին նաեւ խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի, նախկին նախարար Սելիմ Ժրայսաթի եւ երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ:
Դատապարտումները Կը Շարունակուին
Այն Սըքքէ շրջանը ականահարած կրկնակի պայթումները դատապարտող եւ անոնց պատճառած զոհերուն հարազատներուն ցաւակցութիւն յայտնող կեցուածքները` լիբանանեան, շրջանային թէ միջազգային առումով, շարունակուեցան երէկ:
Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան խստիւ դատապարտեց Հարաւային արուարձանները թիրախ դարձուցած ահաբեկչական արարքները` կոչ ուղղելով գործակցելու լիբանանեան բանակին, ապահովութեան ուժերուն եւ Դիմադրութեան` բացայայտելու համար ահաբեկիչներուն որջերը:
Շէյխ Քապալան կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն` ամրապնդելու իրենց ազգային միասնականութիւնը:
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը ցաւ յայտնեց Պըրժ Պարաժնէի մէջ արձանագրուած անմեղ զոհերուն համար եւ ցաւակցութիւն յայտնեց անոնց ընտանիքներուն` աղօթելով Աստուծոյ, որ Լիբանանը փրկէ ահաբեկչութեան չարիքներէն:
Խորհրդարանի նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնի շեշտեց, որ Պըրժ Պարաժնէի բնակչութիւնը թիրախ դարձուցած ահաբեկչական այս արարքին իսկական պատասխանը լիբանանեան միասնականութիւնն է:
Ան շեշտեց Լիբանանի Ազգային ուխտին համապատասխանող ընտրական օրէնք մը վաւերացնելու կարեւորութիւնը` օրինականացնելու համար անոր պետական հաստատութիւնները:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ շեշտեց, որ օրէնսդրական աշխատանքին շուրջ գոյացած համաձայնութեան համար Լիբանան շատ սուղ վճարեց` աւելցնելով, որ ընտրական օրէնքին շուրջ օրէնսդրութիւնը պիտի ձախողի:
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ երեկոյեան Մեհրապի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին կոչ ուղղեց Լիբանանի կառավարութեան նիստ մը գումարելու` քննարկելու համար Հարաւային արուարձանները հարուածած պայթումին մանրամասնութիւնները:
Ժահժահ շեշտեց, որ հակառակ Հըզպալլայի հետ իրենց ունեցած քաղաքական տարակարծութիւններուն, իրենք ամբողջական զօրակցութիւն կը յայտնեն Պըրժ Պարաժնէի նկատմամբ, որովհետեւ այդ շրջանը թիրախ դարձուցած ահաբեկչական արարքը բոլոր լիբանանցիներուն դէմ ուղղուած է:
Նշենք, որ Ժահժահ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ` ցաւակցութիւն յայտնելով Պըրժ Պարաժնէի մէջ նահատակուած քաղաքացիներուն համար:
Աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզի շեշտեց, որ Լիբանանը պաշտպանելու ապահովական կարեւորագոյն ծրագիրը ուրիշին պատերազմներուն միջամուխ չդառնալն է:
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նաժի Ղարիոս շեշտեց, որ միայն իրենց միասնականութեամբ կրնան դիմադրել երկրին ապահովական կայունութիւնը խախտելու որեւէ փորձի:
Նախկին նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ կարելի չէ երկրին բոլոր սահմանները փակել` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ կան ահաբեկչութիւնը հիւրընկալող միջավայրեր:
Նախկին նախարար Մոհամետ Սաֆատի շեշտեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը խախտելու դաւադրութիւն գոյութիւն ունի: Ան կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն` մնալու զգաստ եւ ազգային միասնականութեան իրենց կեցուածքէն անշեղ:
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր շեշտեց, որ Պըրժ Պարաժնէի պայթումը յիշեցում է, թէ ահաբեկչութիւնը սկսած է ուղղուիլ Լիբանան:
Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Անուար Խալիլ դատապարտեց Պըրժ Պարաժնէի պայթումները եւ կոչ ուղղեց ազգային ընդարձակ հանդիպում մը կատարելու` ահաբեկչութեան դիմադրելու նպատակով:
Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի դատապարտեց Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն դէմ գործուած պայթումները` դրուատելով լիբանանեան քաղաքական եւ հոգեւոր հեղինակութիւններուն ցուցաբերած միասնականութիւնը` երկրին եւ քաղաքացիներուն ապահովական կայունութիւնը պահպանելու իմաստով:
Արապի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, վարչապետ Սալամի եւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի յայտնեց, որ Արաբական լիկան կը զօրակցի Լիբանանին` ահաբեկչութեան դէմ անոր պայքարին մէջ:
Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Մոհամետ Պատրէտտին Զայէտ շեշտեց, որ ահաբեկչութիւնը պէտք է լիբանանցիներուն միասնականութիւնը ամրապնդէ եւ անոնց կամքը զօրացնէ:
Ֆաթհի ղեկավար խորհուրդի անդամ Եհիա Ռապահ շեշտեց, որ Լիբանանի նահատակները իրենց նահատակներն են` աւելցնելով, որ բոլորը ահաբեկչութեան թիրախ են:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի յղեց ցաւակցագիր մը` ընդգծելով, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու իմաստով Մոսկուա պատրաստ է գործակցելու Պէյրութի հետ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց Պըրժ Պարաժնէի զոյգ պայթումները` շեշտելով, որ Պէյրութի ահաբեկչական գործողութիւնը կ՛ընդգծէ ահաբեկչութեան դէմ միջազգային ճակատ մը կազմելու անհրաժեշտութիւնը:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի շեշտեց, որ իրենք պիտի տապալեն ՏԱՀԵՇ-ը` ընդգծելով, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը ամրապնդելու:
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց Պըրժ Պարաժնէի ականահարումը` ընդգծելով իր յանձնառութիւնը Լիբանանի ապահովական կայունութեան նկատմամբ:
Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբեր Նետ Պրայս դատապարտեց Պըրժ Պարաժնէն հարուածած ահաբեկչական արարքները` աւելցնելով, որ նման գործողութիւններ զիրենք կը մղեն աւելի եւս օժանդակելու լիբանանեան բանակին եւ ապահովական կառոյցներուն:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն դատապարտեց Պէյրութի դէմ գործուած ահաբեկչութիւնը` շեշտելով, որ ՄԱԿ կը զօրակցի լիբանանեան ապահովութեան ուժերուն, որոնք կը հսկեն երկրին եւ քաղաքացիներուն անվտանգութեան:
Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆիլիփ Հեմընտ դատապարտեց Հարաւային արուարձաններու պայթումը` հաստատելով, որ Լոնտոն պիտի զօրակցի Լիբանանին` ահաբեկչութեան դէմ մղած անոր պայքարին մէջ:
Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Փաուլօ Ճենթիլոնի իր կարգին դատապարտեց ահաբեկչութիւնը եւ զօրակցութիւն յայտնեց Լիբանանի:
Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարար Պեռնար Քազանէօվ հեռագիր մը յղեց ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի` հաստատելով Փարիզի պատրաստակամութիւնը` Ֆրանսայի եւ Լիբանանի միջեւ ապահովական գործակցութիւնը ամրապնդելու առումով:
Ան ընդգծեց, որ Ֆրանսա կը զօրակցի լիբանանեան իշխանութիւններուն եւ լիբանանցի ժողովուրդին` ահաբեկչութեան դէմ անոնց մղած պայքարին մէջ:
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայեր դատապարտեց պայթումը` շեշտելով, որ ահաբեկչական այս արարքը ուղղակի հարուած մըն է` Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը թիրախ դարձնելու:
Շթայնմայեր շեշտեց, որ ասիկա յստակ փորձ մըն է լիբանանեան համայնքներուն միջեւ սադրանքներ նախապատրաստելու: Ան լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններուն կոչ ուղղեց պահպանելու Լիբանանը եւ անոր ապահովական կայունութիւնը:
Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի ցաւակցական հեռագիրներ յղեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Թամմամ Սալամի:
Մարոքի արտաքին գործոց նախարարութիւնը շեշտեց, որ լիբանանցիները պէտք է կառչած մնան իրենց միասնականութեան` ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու իմաստով:
Պահրէյնի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց Պըրժ Պարաժնէի ահաբեկչական գործողութիւնները եւ կոչ ուղղեց ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու միջոցները ամրապնդելու:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստիւ դատապարտեց Հարաւային արուարձանները թիրախ դարձուցած պայթումը եւ ցաւակցութիւն յայտնեց զոհերու ընտանիքներուն:
«Հիումըն Ռայց Ուոչ» կազմակերպութիւնը շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ գործուած բռնարարքները փոխադրուած են Լիբանան` խստիւ դատապարտելով ահաբեկչական այդ արարքները:
Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Քրիսթինա Լասըն ընդգծեց Ե. Միութեան զօրակցութիւնը Լիբանանին` ահաբեկչութեան դէմ անոր մղած պայքարին առումով:
Ան դատապարտեց Հարաւային արուարձաններուն պայթումները: