Երէկ ՀՅԴ Տեղեկատուական գրասենեակը հետեւեալ դատապարտագիրը յղեց լիբանանեան լրատուամիջոցներուն:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կը դատապարտէ Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ գտնուող Պըրժ Պարաժնէի շրջանը հարուածած ահաբեկչական գործողութիւնը, որ պատճառեց մեծ թիւով զոհեր եւ վիրաւորներ:
Մենք կը նկատենք, որ ահաբեկչական այս գործողութեան թիրախը բոլոր լիբանանցիներն են եւ ոչ թէ այս կամ այն շրջանը: Իսկ ահաբեկչութիւնը ո՛չ կրօն ունի, ո՛չ ալ յարանուանութիւն, եւ վտանգը կը սպառնայ լիբանանեան ընկերութեան:
Կոչ կ՛ուղղենք լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն միասնականութեամբ դէմ դնելու իւրաքանչիւր ոճրային արարքի, որ կը փորձէ լիբանանեան միասնականութիւնն ու ապահովական կայունութիւնը խախտել, ինչպէս նաեւ կը շեշտենք երկիրը ամէն տեսակի ահաբեկչութենէ փրկելու համար աշխատանքի անհրաժեշտութիւնը:
Կոչ կ՛ուղղենք նաեւ քաղաքական մեր գործընկերներուն արագացնելու խորհրդակցութիւնները եւ ճիգ չխնայելու` ազգային միասնական կեցուածք մը որդեգրելու համար:
Այսօր մենք ամէն ժամանակէ աւելի կարիքը ունինք լիբանանեան բանակին եւ ապահովական կառոյցներուն շուրջ համախմբուելու:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կը ցաւակցի զոհերուն ընտանեկան պարագաներուն եւ շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթէ վիրաւորներուն:
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ