Լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ տիրող շուրջ մէկ տարուան լարուածութեան մթնոլորտէն ետք, նախանցեալ օր` 11-11-2015-ին գոյացաւ համաձայնութիւն մը, որ բոլորին կողմէ գնահատուեցաւ իբրեւ ազգային համերաշխութեան եւ միասնականութեան յաղթանակը:
Այդ յաղթանակը դրսեւորուեցաւ երէկ` խորհրդարանին գումարած օրէնսդրական նիստին վաւերացուցած օրինագիծերուն ընդմէջէն: Ափսոս սակայն, որ այդ յաղթանակը տեւեց միայն 24 ժամ եւ ուրախութեամբ համակուած լիբանանցիին սիրտը դարձեալ լացաւ ահաբեկչութեան պատճառած իսկական ողբերգութեամբ, որուն հետեւանքները պիտի շարունակուին այսօր` չորս տասնեակ հաշուող նահատակ քաղաքացիներուն յուղարկաւորութեամբ, օրը բառին բուն իմաստով դարձնելով 13 ուրբաթ:
Ահաբեկչութեան ձեռքը անգամ մը եւս ապահովական քաոսի մատնեց երկիրը եւ Հարաւային արուարձաններու Պըրժ Պարաժնէ-Այն Սըքքէ շրջանը թիրախ դարձուց զոյգ պայթումներու, որոնք գործուեցան անձնասպանական գործողութեան ՏԱՀԵՇ-ական հեղինակներուն կողմէ:
Երէկ երեկոյեան ժամը շուրջ 6:00-ին, ահաբեկչական գործողութեան հեղինակ մը Պըրժ Պարաժնէի մէջ ականուած գօտիի մը միջոցով ինքզինք պայթեցուց Իմամ Հիւսէյնի մզկիթին մօտակայքը:
Անոր յաջորդեց երկրորդ անձնասպանական գործողութեան հեղինակի մը արարքը, որուն պատճառով արձանագրուեցան մեծ թիւով մարդկային վնասներ:
Շրջանին բնակիչները, որոնք տեղւոյն վրայ փութացին փրկարար աշխատանքներ կատարելու, նկատեցին անձնասպանական գործողութեան երրորդ հեղինակի մը դիակը, որուն վրայ կը գտնուէր ականուած գօտին, որ չէր պայթած:
Անձնասպանական գործողութեան հեղինակները հետիոտն ուղղուած էին Հարաւային արուարձաններ եւ ականուած գօտիներով գործած էին ահաբեկչական գործողութիւնները: Բնակիչներուն տեղեկութիւններուն համաձայն, կար նաեւ չորրորդ ահաբեկիչ մը, որ կրցած էր փախուստ տալ, սակայն կէս գիշերուան լուրերուն համաձայն, ան ձերբակալուած էր եւ յանձնուած ապահովութեան ուժերուն:
Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, ան Թրիփոլիի բնակիչ լիբանանցի քաղաքացի Լուայ Սալեհ Տանաշն է:
Սակայն բանակի հրամանատարութիւնը պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը անդրադարձաւ երկու պայթումները գործող ահաբեկչական գործողութեան հեղինակներուն` առանց անդրադառնալու երրորդ եւ չորրորդ ահաբեկիչներուն:
Պայթումէն անմիջապէս ետք հիւանդատար մեքենաները ուղղուեցան շրջան` փոխադրելու համար զոհերն ու վիրաւորները, ստեղծուեցաւ ահաւոր քաոս, որուն լոյսին տակ պայթումներուն վայրը փութացին բանակն ու ապահովութեան ուժերը, իսկ աւելի ուշ անոնց հետեւեցան զինուորական ոստիկանութիւնը, ոստիկանութեան փաստահաւաք բաժանմունքը, որոնք սկսան հետաքննութեան իրենց աշխատանքին:
Բանակը եւ ապահովութեան ուժերը շրջափակեցին ամբողջ շրջանը. անոնք քաղաքացիներէն պահանջեցին չհամախմբուիլ պայթումին վայրը` անոնց ապահովութեան համար:
Առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր բոլոր հիւանդանոցներէն պահանջեց պայթումին պատճառով վիրաւորները բուժել առողջապահութեան նախարարութեան հաշուոյն:
Առաջին իսկ վայրկեանէն արձանագրուած բազմաթիւ զոհերուն եւ վիրաւորներուն թիւը շատ արագ աճ արձանագրեց:
Կէս գիշերին առողջապահութեան նախարարութիւնը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ արձանագրուած են 43 զոհեր եւ 239 վիրաւորներ:
Լիբանանը ցնցած այս անարգ ոճիրէն քանի մը ժամ ետք ՏԱՀԵՇ ստանձնեց Այն Սըքքէի ահաբեկչութեան պատասխանատուութիւնը` յայտարարելով, որ պաղեստինցի մը եւ սուրիացի մը գործած են այդ պայթումները:
Իր կարգին, Ապտալլա Ազզամ փաղանգներ ահաբեկչական խմբաւորումի բանբեր Սրաժէտտին Զրէյքաթ սպառնաց յաւելեալ գործողութիւններ կատարել Լիբանանի դէմ:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի անդրադառնալով պայթումներուն շեշտեց, որ ահաբեկիչները իրենց նենգ արարքներով կ՛ուզեն քանդել երկիրը, եւ «մենք պէտք չէ տկարանանք անոնց դիմաց», ըսաւ ան:
Վարչապետ Թամմամ Սալամ այսօր յայտարարեց ազգային սուգի օր:
Վարչապետարանէն հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ Սալամ խստիւ դատապարտեց անմեղ քաղաքացիները թիրախ դարձուցած պայթումները, որոնց արդարացումը անկարելի է:
Վարչապետ Սալամ կոչ ուղղեց բոլոր լիբանանցիներուն զգաստ մնալու եւ ամրապնդելու իրենց միասնականութիւնն ու համագործակցութիւնը` տապալել կարենալու համար երկրին սպառնացող սադրանքները:
Վարչապետ Սալամ ցաւակցութիւն յայտնեց նահատակներուն ընտանիքներուն եւ կոչ ուղղեց բոլորին զօրակցելու ապահովական կառոյցներուն, որպէսզի կարելի ըլլայ ամրապնդել երկրին ապահովական կայունութիւնը` ընդդէմ ահաբեկչութեան սպառնալիքին:
Իսկ կրթութեան նախարար Էլիաս Ապու Սաապ շեշտեց, որ վարչապետ Սալամի հետ խորհրդակցաբար որոշած է, թէ այսօր բոլոր դպրոցները, համալսարաններն ու կրթական հիմնարկները փակ պիտի մնան` իբրեւ ազգային զօրակցութիւն Պըրժ Պարաժնէի մէջ զոհուած քաղաքացիներուն: Ան բոլորէն պահանջեց կատարեալ նախանձախնդրութեամբ գործադրել այդ որոշումը:
Այցելութիւն` Դէպքին Վայրը
Դէպքին վայրը այցելեցին քաղաքական բազմաթիւ անձնաւորութիւններ, որոնք դատապարտեցին պատահածը եւ զօրակցութիւն յայտնեցին շրջանին եւ բնակչութեան` ընդգծելով ազգային միասնականութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:
Դէպքին վայրը այցելեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի քաղաքական հարցերու օգնական Հիւսէյն Խալիլ, որ շեշտեց, թէ Պըրժ Պարաժնէի մէջ կատարուածը բառին բուն իմաստով կանխամտածուած ոճիր է` ընդգծելով, որ իրենք պատրաստ են դիմադրելու ահաբեկչութեան:
Առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր այցելեց դէպքին վայրը, ուրկէ շեշտեց լիբանանեան ազգային ամբողջական միասնականութեան եւ համախոհութեան գոյացման անհրաժեշտութիւնը:
Ուշ գիշերին Պըրժ Պարաժնէ ուղղուեցաւ նաեւ նախարար Ապու Սաապ, ուր ան զօրակցութիւն յայտնեց շրջանի բնակչութեան:
Դէպքին վայրը այցելեցին նաեւ Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխաններ Հանի Քպայսի եւ Ալի Պեզզի, որոնք դատապարտեցին գործուած քստմնելի արարքները եւ մխիթարեցին բնակիչները:
Դատապարտումի Հսկայ Ալիք
Պըրժ Պարաժնէ-Այն Սըքքէ շրջանը ականահարած զոյգ պայթումները խստիւ դատապարտուեցան լիբանանեան քաղաքական անձնաւորութիւններուն եւ օտար պետութիւններուն կողմէ:
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի իր եւ Մուսթաքպալ հոսանքին անունով դատապարտեց Հարաւային արուարձանները թիրախ դարձուցած ահաբեկչութիւնը` զայն նկատելով անարգ ոճիր:
Ան ցաւակցութիւն յայտնեց զոհերուն ընտանիքներուն եւ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն:
Գիշերուան ուշ ժամերուն Հարիրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Պըրրիի հետ:
Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի դատապարտեց ահաբեկչական այդ արարքը` արթնութեան կոչ ուղղելով լիբանանցիներուն եւ ընդգծելով ազգային միասնականութեան անհրաժեշտութիւնը:
Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա շեշտեց, որ Պըրժ Պարաժնէի պայթումը հարուածեց բոլոր լիբանանցիները, եւ անոր գործնական պատասխանը կը կայանայ ազգային միասնականութեան ամրապնդումին մէջ:
Նախկին վարչապետ Սելիմ Հըս շեշտեց, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը ազգային պարտականութիւն դարձած է:
Նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շեշտեց, որ Լիբանանը հարուածող ահաբեկչութեան դէմ պէտք է համախմբուիլ:
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան դատապարտեց պայթումները եւ շեշտեց ահաբեկչութեան դէմ պայքարը շարունակելու կարեւորութիւնը` կառչած մնալով իսլամական միասնականութեան:
Տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն քաղաքական համախոհութիւնը ամրապնդելու` դիմադրել կարենալու համար երկիրը ցնցող մարտահրաւէրներուն:
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն շեշտեց, որ գետնի վրայ ահաբեկիչներուն կրած պարտութիւնները զանոնք մղած են պայթումներ գործելու, որպէսզի բարձրացնեն ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն տրամադրութիւնը: «Սակայն լիբանանցիները գոյատեւող են եւ ամէն գնով պիտի պայքարին հաւատադրժողական ահաբեկչութեան դէմ», ըսաւ ան:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ դատապարտեց Հարաւային արուարձանները թիրախ դարձուցած պայթումը եւ կոչ ուղղեց բոլորին շրջանցելու քաղաքական տարակարծութիւններն ու համախմբուելու:
Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ շեշտեց, որ նոյնիսկ դատապարտումը անիմաստ դարձած է Պըրժ Պարաժնէի մէջ արձանագրուած զոհերուն պատկերին դիմաց: Ան ցաւակցութիւն յայտնեց նահատակներուն ընտանիքներուն` յոյս յայտնելով, որ Աստուած Լիբանանը փրկէ ահաբեկչութեան չարիքներէն:
Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ դատապարտեց Հարաւային արուարձանները հարուածած պայթումները եւ կոչ ուղղեց փրկելու Լիբանանը: Ան հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ Պըրրիի եւ Սալամի հետ, որոնց յայտնեց իր ցաւակցութիւնները:
Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք հաստատեց, որ իրենք պիտի շարունակեն հետապնդել ոճրագործները եւ պատժել զանոնք:
Ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ դատապարտեց պայթումները` շեշտելով, որ «անոնք մեզի կը պարտադրեն իբրեւ լիբանանցիներ միասնականութեան պատասխանատուութիւնը ստանձնել եւ միացեալ ճակատով պայքարիլ ահաբեկչութեան դէմ»:
Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ խստիւ դատապարտեց Պըրժ Պարաժնէն ցնցած ահաբեկչական արարքները` շեշտելով, որ անոնք այլատեաց խմբաւորումներու անարգ արարքներն են:
Հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ դատապարտեց պայթումները` կոչ ուղղելով ազգային փրկարար կեցուածք մը որդեգրելու, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանը ամրապնդել ահաբեկչութեան սպառնալիքին դէմ:
Կենսոլորտի նախարար Մոհամետ Մաշնուք դատապարտեց պայթումները` զանոնք նկատելով ամբողջ երկրին դէմ գործուած ոճիրներ:
Արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի դատապարտեց Պըրժ Պարաժնէի պայթումը` ընդգծելով, որ իրենք կտրականապէս կը մերժեն ահաբեկչութիւնը:
Երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ թիրախը, ցաւը եւ ոճրագործը մէկ են` կոչ ուղղելով բոլոր լիբանանցիներուն միասնականանալու ի խնդիր Լիբանանի: «Պէտք է ապահովական կայունութիւնը փրկենք քաղաքականութեամբ եւ երկրին շահերը ամէն բանէ վեր նկատենք», ըսաւ ան:
Երեսփոխան Ալեն Աուն հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ նման դէպքեր Լիբանանը կը հարուածեն իւրաքանչիւր համաձայնութենէ ետք: Ան ընդգծեց այս հանգրուանին լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը, որովհետեւ անիկա ահաբեկչութեան դէմ լաւագոյն պատասխանն է:
Ամալ շարժումը ցաւակցութիւն յայտնեց զոհերուն ընտանիքներուն եւ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն համախմբուելու բանակին շուրջ, ինչպէս նաեւ ամրապնդելու լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը:
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը դատապարտեց պայթումը, կոչ ուղղեց կառավարութեան արտակարգ նիստ մը գումարելու եւ երկրին ապահովական կայունութիւնը ամրապնդող յաւելեալ միջոցառումներ որդեգրելու:
Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ դատապարտեց Պէյրութի պայթումները` զանոնք նկատելով քստմնելի արարքներ:
Սուրիոյ կառավարութիւնը դատապարտեց Հարաւային արուարձանները հարուածած պայթումը եւ կոչ ուղղեց միասնականացնելու ահաբեկչութեան դէմ ի գործ դրուած ջանքերը:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաստատեց ահաբեկչութեան դիմադրելու կարեւորութիւնը:
Քուէյթի Սապահ Ահմետ Ժապեր Սապահ իշխանը դատապարտեց Պէյրութի հարաւային արուարձանները հարուածած պայթումը` զօրակցութիւն յայտնելով Լիբանանի ապահովական կայունութեան:
Սէուտական Արաբիա խստիւ դատապարտեց Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութիւնը, որուն պատճառով արձանագրուեցան զոհեր եւ վիրաւորներ:
Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ վարչապետ Սալամի հետ եւ խստիւ դատապարտեց Լիբանանի դէմ գործուած պայթումը:
Եգիպտոսի Ազհարը դատապարտեց գործուած արարքը եւ կոչ ուղղեց լիբանանեան բոլոր համայնքներուն ու յարանուանութիւններուն միասնաբար պայքարելու իրենց երկրին միասնականութիւնը թիրախ դարձնող դաւադրութեան դէմ:
ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը խստիւ դատապարտեց Պէյրութը թիրախ դարձուցած պայթումները` նշելով, որ անոնք քաղաքացիական պատերազմէն ետք Լիբանանի մէջ գործուած վատագոյն արարքներն են: Ապահովութեան խորհուրդը հաստատեց, որ այդ ահաբեկչութեան պատասխանելու յարմար ձեւերը պիտի քննարկէ:
Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը խստիւ դատապարտեց Պըրժ Պարաժնէն թիրախ դարձուցած անարգ պայթումը:
Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակ խստիւ դատապարտեց պայթումները` կոչ ուղղելով պատժելու անոր պատասխանատուները:
30-ամեայ Ատել Թըրմոս` երկու զաւակներու հայր, երէկուան ահաբեկչական ոճիրին հերոս զոհերէն մէկն է: Ան զոհուեցաւ, երբ կը փորձէր արգելք հանդիսանալ ահաբեկչական գործողութեան հեղինակին` Իմամ Հիւսէյնի մզկիթ մուտք գործելէ: Ահաբեկիչը շուտով պայթեցուց մարմնին կապուած ականուած գօտին` սպաննելով Ատել Թըրմոսը, անոր մանկահասակ դուստրը եւ տասնեակներով ուրիշներ: Իր այս արարքով Թըրմոս պաշտպանեց տասնեակ մը խաղաղ քաղաքացիներ, որոնք իրենց կրօնական պարտաւորութիւնները կը կատարէին մզկիթին մէջ: