Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան Նախագահած Է Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստին

Նոյեմբեր 13, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

anvdank-1_111215

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, թէ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 12 նոյեմբերին նախագահած է Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին հանգամանօրէն քննարկուած եւ ամփոփուած են 3-6 սեպտեմբերին համապետական տարողութեամբ տեղի ունեցած «Շանթ-2015» ռազմավարական հրամանատարական ղեկավարման մարմիններու ռազմափորձերուն արդիւնքները: Լուսարձակի տակ առնուած են այդ ծիրին մէջ ռազմափորձին բեմագրութեամբ նախատեսուած հիմնական նպատակներուն հասնելու ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքները, արձանագրուած ձեռքբերումներն ու նկատուած բացթողումները, բոլոր գերատեսչութիւններուն ներգրաւումով պետական կառավարման համակարգին` իբրեւ մէկ միասնական մարմինի, գործողութիւններու համակարգուածութիւնն ու գործունէութեան արդիւնաւէտութեան աստիճանը:

Ռազմափորձի ղեկավարման մարմինի պետին եւ տեղակալներուն զեկուցումներէն ետք քննարկուած եւ ամփոփուած են կատարուած աշխատանքները, Հայաստանի նախագահին կողմէ տրուած են համապատասխան յանձնարարականներ:

Ժողովին սկիզբը այս առիթով արտասանած  իր խօսքին մէջ նախագահ Սարգսեան յայտնած է. «Այս տարուան 3-6 սեպտեմբերին տեղի ունեցած  հրամանատարական ռազմափորձերու կազմակերպման  տրամաբանութիւնը շատ պարզ է, եւ ատիկա կը հանդիսանայ շարունակութիւնը այն աշխատանքին, որ վերջին տարիներուն մեր երկրին մէջ կ՛իրականացնեն մեր պետական կառավարման մարմինները` հակառակորդի հաւանական նախայարձակումները կազմակերպուած կերպով դիմագրաւելու ուղղութեամբ: Մենք նման ռազմափորձեր քիչ ծաւալի կազմակերպած ենք 2008 եւ 2013 թուականներուն, բայց այս անգամ ռազմափորձերը կազմակերպուեցան  ամբողջ ծաւալով եւ, անշուշտ, աննախադէպ էին: Դուք նաեւ տեղեակ էք, որ գոյութիւն ունի կարգադրութիւն, որուն համաձայն, սահմանուած է տարբեր տիպի ռազմափորձերու կազմակերպման պարբերականութիւն, եւ մենք բոլորս պարտաւոր ենք այդ պարբերականութիւնը պահպանել: Իւրաքանչիւր ռազմափորձ առնուազն երեք նպատակ կը հետապնդէ` ստուգել, կատարելագործել եւ փորձ ձեռք բերել: Իւրաքանչիւր ռազմափորձ, անշուշտ, ունի նաեւ յատուկ նպատակներ, եւ գոնէ նախնական եզրակացութիւններով` «Շանթ-2015» ռազմավարական հրամանատարական ռազմափորձը  անցած է կազմակերպուած ու հասած է իր նպատակներուն»:

Նախորդը

«Շատ Կարեւոր Էր Լաւրովի Արձագանգը Եւրոպական Խորհրդարանի Խորհրդարանական Վեհաժողովի Փաստաթուղթին» Յայտարարեց Արմէն Ռուստամեան

Յաջորդը

Լիբանանեան Քաղաքական Գրեթէ Բոլոր Ուժերուն Միջեւ Գոյացած Ընդարձակ Համաձայնութենէն Օր Մը Ետք. Ահաբեկչական Դատապարտելի Արարքներ Կը Ցնցեն Հարաւային Արուարձաններու Պըրժ Պարաժնէ Շրջանը` Խլելով 43 Զոհեր Եւ Վիրաւորելով 239 Ուրիշներ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ռիատի Նոր Ուղղութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ռիատի Նոր Ուղղութիւնը

Նոյեմբեր 8, 2025
Սէուտական Բարձրաստիճան  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Հայաստան
Գլխաւոր լուրեր

Սէուտական Բարձրաստիճան Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Հայաստան

Նոյեմբեր 8, 2025
Հաճիզատէ. «10 Նոյեմբեր 2020-ի Եռակողմ  Յայտարարութեան 9-րդ Կէտին Համաձայն,  Պէտք Է Ազրպէյճանի Եւ Նախիջեւանի Միջեւ  Անարգել Երթեւեկութիւն Ապահովուի»
Հայկական

Հաճիզատէ. «10 Նոյեմբեր 2020-ի Եռակողմ Յայտարարութեան 9-րդ Կէտին Համաձայն, Պէտք Է Ազրպէյճանի Եւ Նախիջեւանի Միջեւ Անարգել Երթեւեկութիւն Ապահովուի»

Նոյեմբեր 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?