
Հակառակ Լիբանանի մէջ տիրող վերջին մէկ տարուան ընկճուածութեան մթնոլորտին, եւ վերջերս` նախորդ հինգ ամիսներուն ընթացքին քաղաքական ուժերուն միջեւ սաստկացած լարուածութեան, որ այսօր կրնար իր գագաթնակէտին հասնիլ եւ դրսեւորուիլ մագլցողական քայլերով, երէկ Սէուտական Արաբիոյ մէջ «հրաշք հանդիպում»-ի մը ընթացքին այդ մտահոգիչ մթնոլորտը փարատեցաւ` յանգելով լուծումի մը:
Ռիատի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին իրենց մասնակցութիւնը բերին փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել եւ նախարարներ Ժըպրան Պասիլ, Ուաէլ Ապու Ֆաուր եւ Ալի Հասան Խալիլ, ապա անոնք ընկերակցութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի ուղղուեցան նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի մօտ, որմէ ստացան համաձայնութեան օրհնութիւնը:

Այդ համաձայնութեան շրջագիծին մէջ, Հարիրի խոստացաւ, որ Մուսթաքպալ պլոքը խորհրդարանի ոչ մէկ այլ նիստի ներկայ պիտի գտնուի, եթէ անոր օրակարգին վրայ ընտրական օրէնքը նկատի չառնուի:
Այս խոստում-կեցուածքին իբրեւ արդիւնք, Ռապիէէն եւ Մեհրապէն բարձրացան սպիտակ ծուխեր եւ Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավարները հնչեցուցին դրական կեցուածքներ` նկատի ունենալով նաեւ, որ երեք օրէ ի վեր խորհրդարանին մէջ քննարկուող քաղաքացիութեան օրինագիծին շուրջ գոյացաւ համաձայնութիւն մը:
Այս համաձայնութեան գծով իր բողոքը յայտնեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ, որ անշեղ մնաց նախագահական ընտրութիւն կատարելու իր պահանջէն:
Միակ տուժողը սակայն եղաւ աշխատավարձի յաւելումներուն վերաբերող օրինագիծը, որ նկատի չառնուեցաւ օրէնսդրական նիստին օրակարգին վրայ, եւ ասոր իբրեւ հետեւանք տարիներ շարունակ իրենց իրաւունքները սպասող պետական պաշտօնեաները, ուսուցիչներն ու բանակայինները դարձեալ ձեռնունայն դուրս եկան այս համաձայնութենէն:
Վարչապետ Սալամ
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ ուշ գիշերին վերադարձաւ Պէյրութ:
Նախքան իր ժամանումը, ան Ռիատի մէջ լիբանանեան դեսպանատան մէջ ներկայ գտնուեցաւ ընթրիքի մը, որուն ընթացքին շեշտեց, թէ Լիբանան պիտի շրջանցէ իր դիմագրաւած տագնապները, պիտի լուծէ հարցերը եւ պիտի ընտրէ հանրապետութեան նախագահ մը:
«Այնքան ատեն որ կը գտնուիմ պատասխանատուի պաշտօնիս վրայ, պիտի շարունակեմ հետապնդել նախագահական ընտրութեան պահանջը», ըսաւ ան:
Ան ողջունեց Պըրրին եւ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն ղեկավարները, որոնք համաձայնութիւն գոյացուցած են եւ մտադրած լուծել երկրին հարցերը` յոյս յայտնելով, որ օրէնսդրական աշխատանքին կողքին կը վերաշխուժանայ նաեւ կառավարութեան գործունէութիւնը եւ կը կատարուի նախագահական ընտրութիւնը:
Խորհրդարանին Մէջ. Քանաան Եւ Ժեմայէլ

Խորհրդարանին մէջ երէկ երրորդ օրն ըլլալով տեղի ունեցաւ քաղաքացիութեան օրինագիծը քննարկելու հանդիպում մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Մուսթաքպալ հոսանքի, Լիբանանեան ուժեր, Ազգային ազատ հոսանք եւ Փաղանգաւոր կուսակցութիւններուն երեսփոխանները, ինչպէս նաեւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ:
Հանդիպումէն ետք Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ ծագումով լիբանանցիներուն քաղաքացիութիւն շնորհելու օրինագիծին շուրջ գոյացած է համաձայնութիւն մը` հասկացողութիւն ցուցաբերելով այդ օրինագիծին հետապնդած նպատակներուն հանդէպ:
Համաձայնութիւն գոյացաւ նաեւ բջիջային հեռաձայնի շահերէն ապահովուած գումարները քաղաքապետարաններուն յատկացնելու, ինչպէս նաեւ Միջազգային դրամատան կողմէ Լիբանանի տրամադրուելիք վարկերուն վերաբերող օրինագիծերը վաւերացնելու գծով:
Այս համաձայնութենէն դժգոհ դուրս եկաւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ, որ ընդգծեց, թէ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը պիտի պայքարի նման համաձայնութիւններուն դէմ, որովհետեւ անոնք կը կատարուին նախագահական ընտրութիւն կատարելու հաշուոյն, սահմանադրութեան հաշուոյն, Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն հաշուոյն:
«Մենք համոզուած ենք, որ խորհրդարանին կողմէ գումարուելիք որեւէ նիստ, որ նախագահական ընտրութեան օրակարգով չէ, հակասահմանադրական է: Մենք կը փափաքինք ներկայ ըլլալ օրէնսդրական նիստին, սակայն օրէնքը այդ մէկը չ՛արտօներ», ըսաւ ան:
Նշենք, որ երէկ խորհրդարանին մէջ տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութեան 31-րդ նիստը դարձեալ յետաձգուեցաւ` օրինաթիւի չգոյութեան պատճառով:
Զօր. Միշել Աուն

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Ռապիէէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ շեշտեց, որ այսօր համախմբումը պիտի մասնակցի օրէնսդրական նիստին` վաւերացնելու համար օրինագիծերը:
«Կը շնորհաւորենք լիբանանցիները եւ կը մաղթենք, որ համագործակցութիւնը մնայուն կերպով շարունակուի, առանց նոր հաշտութեան», ըսաւ ան:
Սամիր Ժահժահ

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ իր կարգին շնորհաւորեց լիբանանցիները արձանագրուած յաղթանակին համար:
«Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի փրկեց կացութիւնը: Քաղաքացիութեան օրինագիծը վաւերացնելու մասին գոյացած է համաձայնութիւն, իսկ ընտրական օրինագիծին առումով Հարիրիի որդեգրած կեցուածքը փրկած է այսօրուան նիստը, երկիրը եւ երեսփոխանական ընտրութիւնները», ըսաւ ան:
Այն Թինէ

Այն Թինէի մէջ չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումը գլխաւորող խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հաստատեց, որ օրէնսդրական նիստը կարելի չէ յետաձգել եւ անիկա ամէն գնով տեղի պիտի ունենայ` աւելցնելով, որ բոլորին համար յստակ է, թէ ամէնէն աւելի ո՛վ կ՛աշխատի վաւերացնելու լիբանանեան բոլոր կողմերը ներկայացնող համամասնական ընտրական օրէնք մը մշակելու եւ վաւերացնելու նպատակով:
Տեղական խորհրդակցութիւններուն վրայ եկան աւելնալու նաեւ միջազգային կեցուածքները: Այս առումով Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էմանուէլ Պոն այցելեց Այն Թինէ, ուրկէ ան շեշտեց, որ լիբանանցիները պէտք է իրարու օգտակար հանդիսանան, որովհետեւ կան բազմաթիւ ծրագիրներ, որոնց վաւերացումը Լիբանանի համար դրական պիտի ըլլայ:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարի միջինարեւելեան եւ ափրիկեան հարցերու օգնական Հիւսէյն Էմիր Ապտիւլլահեան:
Ան շեշտեց, որ Թեհրան կը զօրակցի Լիբանանի մէջ քաղաքական աշխատանքներուն եւ հոլովոյթներուն ընթացքը շարունակելու եւ մօտիկ ապագային նախագահական ընտրութիւն կատարելու:
Սլէյման Ֆրենժիէ
Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ յայտնեց, որ ընտրական օրէնքը զգայուն թղթածրար մըն է եւ անոր շուրջ քննարկում պէտք է կատարուի, նախքան այդ մասին առկայ բազմաթիւ օրինագիծերուն ներկայացումը` օրէնսդրական նիստին ընթացքին:
«Ընտրական օրէնքին առումով երկրին մէջ միասնականութիւն չկայ, իսկ նախանցեալ օրուան հերոսութիւնները «տոնքիշոտեան» հերոսութիւններ էին», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ընտրական օրէնքին շուրջ միջմարոնիական համաձայնութիւն իսկ գոյութիւն չունի:
Ֆրենժիէ ընդգծեց, որ խորհրդարանը միակ յարմար տեղն է ընտրական օրինագիծը քննելու:
Ֆրենժիէ շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան առումով, ինք կը զօրակցի զօր. Աունի թեկնածութեան` աւելցնելով, որ իր եւ զօր. Աունի միջեւ գժտութեան վրայ գրաւ դնողին խելքը կարճ է:
Ուալիտ Ժոմպլաթ
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ դրական գնահատեց արձանագրուած համաձայնութիւնը` յոյս յայտնելով, որ անիկա ըլլայ քաղաքական ուժերուն միջեւ նոր էջ մը բանալու յառաջաբանը:
Ժոմպլաթ անհրաժեշտ նկատեց, որ երկրին բոլոր հարցերը լուծուին երկխօսութեամբ` ողջունելով այդ համաձայնութեան ի խնդիր գործող բոլոր կողմերուն ջանքերը, որոնց շնորհիւ կարելի եղած է ապահովել ազգային շահերը:
Պքերքէի Մէջ

Այսօրուան օրէնսդրական նիստին շուրջ գոյացած համաձայնութենէն անմիջապէս ետք, զօր. Աուն եւ Ժահժահ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցան մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ` զայն տեղեակ պահելու համար այդ համաձայնութեան մանրամասնութիւններուն մասին:
Երեկոյեան երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան տեղեկատուական եւ յարաբերական հարցերու պատասխանատու Մըլհեմ Ռիաշի ուղղուեցան Պքերքէ, ուր անոնք պատրիարքը տեղեակ պահեցին օրէնսդրական նիստին գծով արձանագրուած զարգացումներուն մասին:
Հանդիպումէն ետք Քանաան յոյս յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան միջեւ համագործակցութիւնը զարգանայ` ներառելու համար լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը:
Իր կարգին, Ռիաշի յայտնեց, որ այս յաղթանակը պատիւ է իրենց համար, որովհետեւ քաղաքացիութեան վերստանձնումը իրաւունքներու տիրացում է եւ հետեւաբար բոլոր լիբանանցիներուն յաղթանակն է:
Կեդրոնական Պէյրութի Հարիրիի Բնակարանը
Մուսթաքպալ պլոքը երէկ երեկոյեան նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանին մէջ գումարեց արտակարգ նիստ մը` նախագահութեամբ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցան այսօրուան օրէնսդրական նիստին մանրամասնութիւնները:
Աւելի ուշ, նոյն վայրին մէջ գումարուեցաւ նաեւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու ղեկավարներուն միջեւ հանդիպում մը: Քննարկուեցան օրէնսդրական նիստին ընթացքին որդեգրուելիք կեցուածքները:


