Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վաղը Սահմանադրութիւնը Բոլորինը Պիտի Ըլլայ. Սկիզբ Առին ՀՅԴ-ի Մարզային Հանդիպումները

Նոյեմբեր 16, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

FotorCreated36

Շաբաթ, 14 նոյեմբերին ՀՅԴ անդամները սահմանադրական հանրաքուէի քարոզարշաւի ծիրին մէջ գտնուեցան Կոտայքի մարզի Չարենցաւան քաղաքին մէջ: ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի  անդամներ Լիլիթ Գալստեան եւ Պետրոս Մեղրեան հանդիպեցան չարենցաւանցիներուն հետ:

Աղուան Վարդանեանը, խօսելով ՀՅԴ-ի` առանձին իրականացուող քարոզչութեան մասին, նշեց, որ մարզային հանդիպումներու ծիրին մէջ Չարենցաւանի մէջ հանդիպումը առաջինն է:

Խօսելով սահմանադրական փոփոխութիւններուն մասին` Աղուան Վարդանեան նշեց, որ սահմանադրութիւնը այն փաստաթուղթն է, որուն միջոցով երկիրը պիտի ապրի յառաջիկայ 10-20 տարիներուն` անկախ անկէ` կ՛ընդունուի՞ն սահմանադրական փոփոխութիւնները, թէ՞ ոչ:

«Ուղղակի «ոչ» ըսել սահմանադրական փոփոխութիւններուն, չքննարկելով այդ փոփոխութիւններուն  բովանդակութիւնը եւ չհամեմատել նախկինին հետ, կը նշանակէ մասնակից չըլլալ:

Վարդանեանի խօսքով` վատը այն է, որ սահմանադրական փոփոխութիւնները կը քննարկուին իշխանութիւն-ընդդիմութիւն շրջագիծին մէջ, այսինքն` եթէ իշխանութիւնը կողմ է սահմանադրական փոփոխութիւններուն, ուրեմն ընդդիմութիւնը անպայման պէտք է դէմ ըլլայ:

«Դաշնակցութիւնը ընդդիմութիւն է, բայց կողմ է սահմանադրական փոփոխութիւններուն, որովհետեւ Դաշնակցութիւնը 20-23 տարի շարունակ անընդհատ ըսած է, որ ճիշդը խորհրդարանական համակարգն է, այլ ոչ թէ նախագահական կամ կիսանախագահական համակարգը: Մենք մեր տեսակէտներն ու սկզբունքները երբեք չենք փոխած»,- ըսած է ան:

«Նոր Սահմանադրութիւնը
Դաշնակցութեանն Է»

Սահմանադրական բարեփոխումներու  հանրաքուէի  ՀՅԴ քարոզարշաւը շարունակուեցաւ Արմաւիրի մարզին մէջ: Էջմիածինցի ընտրողներուն հետ հանդիպումին ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին անդամ, նախկին նախարար Դաւիթ Լոքեան ներկայացուց գործող սահմանադրութեան թերութիւններն ու նախատեսուող փոփոխութիւնները` մասնաւորապէս կառավարման ձեւը փոխելու անհրաժեշտութիւնը: Լոքեանի խօսքով` այսօր աշխարհի զարգացած երկիրներուն մեծամասնութիւնը խորհրդարանական կառավարման ձեւ ունի, իսկ մեր երկրին մէջ ժամանակը ցոյց տուած է, որ կառավարման կիսանախագահական ձեւը արդիւնաւէտ ձեւով  չ՛աշխատիր: «Մենք նախագահը պաշտպանելու խնդիր չունինք, եւ եթէ կան մարդիկ, որոնք կը կարծեն, թէ մենք ինչ որ ակնկալիքներ ունինք, կը սխալին: Եթէ այդպէս ըլլար` ժամանակին չէինք հրաժարեր  մեր պաշտօններէն: Մէկ-երկու տարի առաջ, երբ կը բանակցէինք նախագահին հետ, ան չէր ընդուներ խորհրդարանական ձեւը, բայց մենք կրցանք փաստերով համոզել, որ ատիկա լաւագոյն լուծումն է», ըսաւ նաեւ շեշտեց, որ Դաշնակցութիւնը երբեք չէ փոխած իր սկզբունքը:

«Շատեր կ՛ըսեն, որ մենք կը պաշտպանենք իշխանութիւններուն  առաջարկած սահմանադրութիւնը, բայց մեր կարծիքով` ասիկա  Դաշնակցութեան սահմանադրութիւնն է», ըսաւ Լոքեան:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արսէն Համբարձումեան նշեց, որ սահմանադրական բարեփոխումները կ՛ենթադրեն ակնառու փոփոխութիւններ, որոնք ոչ միայն կառավարման ձեւին կը վերաբերին, այլեւ` դատական համակարգին: «Այսօր մենք ունինք փտած դատական համակարգ: Առաջարկուող փոփոխութիւններով կարելի է հասնիլ դատական համակարգի անկախութեան», նշեց Արսէն Համբարձումեան:

Ըստ անոր` միամտութիւն է կարծել, թէ «ոչ» ըսելով` իշխանափոխութիւն տեղի կ՛ունենայ. «ոչ» կը նշանակէ այսօրուան վիճակի ամրագրում, իսկ իշխանափոխութեան կարելի է հասնիլ սահմանադրական փոփոխութիւններէն ետք:

ՀՅԴ անդամ, նախկին պատգամաւոր Ռուզաննա Առաքելեանի խօսքով` առաջարկուող փոփոխութեամբ` երկրի կառավարման պատասխանատուութիւնը կը դրուի գաղափարախօսութիւն կրող կուսակցութիւններուն վրայ:

«Դաշնակցութիւնը Առաջինն Էր, Որ Կողմ
Արտայայտուած Է Խորհրդարանական
Կառավարման Ձեւին»

Երէկ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, ՀՅԴ պատգամաւորական խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան  սահմանադրական հանրաքուէի քարոզչութեան ծիրին մէջ այցելած էր Արարատի մարզի Մասիս քաղաք: Ռուստամեան, հանդիպելով բնակիչներուն հետ, նախ նշեց, որ ՀՅԴ-ի տեսակէտը սահմանադրական բարեփոխումներուն վերաբերեալ վաղուց յայտնի է. Դաշնակցութիւնը առաջինն էր, որ կողմ արտայայտուած է խորհրդարանական կառավարման ձեւին: Ռուստամեանի խօսքով` եթէ սահմանադրութիւնը պարզապէս թուղթի վրայ է, եւ իրագործման մեքանիզմները չեն գործեր, ատիկա մեռած է:

«Մարդիկ կը մտածեն, թէ որքա՛ն մօտիկ ըլլան այդ մարդուն (նախագահին), այնքան աւելի պաշտպանուած կ՛ըլլան: Այստեղ կը գործէ ծանօթի, բարեկամի սկզբունքը: Հայաստանի մէջ միշտ ալ այս վիճակը եղած է: Երեք նախագահ փոխած ենք, այդպէս եղած է»,  ըսաւ Ռուստամեան եւ ընդգծեց, որ այս բոլորը կառավարման համակարգի արդիւնքով, որովհետեւ կառավարումը անձնակեդրոն դարձած է:

 

Նախորդը

Մաշնուք. «Պըրժ Պարաժնէի Ահաբեկչական Գործողութիւնը Անկարելի Է Որ Վերջինը Ըլլայ»

Յաջորդը

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Ցաւակցագիր Նամակը Ուղղուած Ֆրանսայի Նախագահ Ն.Վ. Ֆրանսուա Հոլլանտին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 24, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ

Հոկտեմբեր 24, 2025
Թրամփ. «Փութինի Հետ Հանդիպումս Ջնջեցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Փութինի Հետ Հանդիպումս Ջնջեցի»

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?