Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գիտաժողով` Ամսթերտամի Ազատ Համալսարանին Մէջ

November 11, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

FotorCreated13

7 նոյեմբերին Ամսթերտամի Ազատ համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ  գիտաժողով` «Չճանչցուած երկիրներ. ո՞րն է լուծումը» նիւթով:

Գիտաժողովը կազմակերպած էր ՀՅԴ Հոլանտայի Հայ դատի յանձնախումբը: Դասախօսելու համար հրաւիրուած էին համալսարաններու դասախօսներ, Հոլանտայի խորհրդարանի անդամ Հարի Վան Պոմել եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Սարգսեան:

Նախօրէին Ազրպէյճանի դեսպանութիւնը մեծ հակաքարոզչութիւն  ծաւալած էր գիտաժողովին դէմ եւ կառավարութեան ու խորհրդարանին սպառնալից բողոքներ ուղարկած էր հոլանտացի երեսփոխանին  մասնակցութիւնը խոչընդոտելու համար: Այս քայլը հակառակ արդիւնքը  ունեցաւ Ազրպէյճանի համար եւ գիտաժողովը մեծ ճանաչում ստացաւ  այս աննախադէպ գործողութեան պատճառով: Խորհրդարանը եւ կառավարութիւնը խստօրէն դատապարտեցին Ազրպէյճանի դեսպանին գործողութիւնները` զանոնք որակելով իբրեւ խօսքի ազատութեան բռնութիւններու արտահանման փորձ:

Հարիւր հոգի ընդգրկող սրահը լեցուն էր եւ հետաքրքրուողները եկած էին երկրին բոլոր կողմերէն:

Ելոյթներու շարքին բացումը կատարեց ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբի անդամ Գէորգ Կարապետեան: Ան խօսեցաւ Ազրպէյճանի վերջին շրջանի սանձարձակ գործողութիւններուն մասին եւ հանրութեան բոլոր օղակներու պարտականութեան մասին` իրավիճակին վրայ ազդելու անհրաժեշտութեան վերաբերեալ: Յաջորդ ելոյթ ունեցողը համալսարանի ժողովրդագրութեան բաժանմունքի դասախօս Քոմփանիենն էր, որ արցախեան տագնապի գիտական վերլուծութիւնը կատարեց եւ խօսեցաւ Կովկասի հարաւը տիրող աշխարհաքաղաքական իրավիճակին մասին: Հարի Վան Պոմել երրորդ դասախօսն էր, որ նախ եւ առաջ պատմեց իր տպաւորութիւններուն մասին` Արցախ կատարած իր այցելութեան վերաբերեալ: Ականատեսի աչալուրջ աչքով ան կարճ ժամանակահատուածի մը ընթացքին ուսումնասիրած էր Արցախը եւ ուրոյն պատկեր ներկայացուց: Խնդիրը չափազանց բարդ նկատելով` ան  համոզում յայտնեց, որ բաւարար ջանքերու եւ կամքի շնորհիւ  կարելի է գտնել դէպի կայուն խաղաղութիւն տանող ճամբան:

Արմէն Սարգսեան ներկայացուց «վերջին իրավիճակը Արցախի մէջ». անոր կարծիքով` ամէնէն կարճ ճամբան Արցախի տագնապի լուծման համար Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումն է:

Բոլոր ելոյթ ունեցողներուն հարցումներ ուղղուեցան: Երեկոն եզրափակեց ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Մասիս Աբրահամեան:

Շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր մասնակիցներուն, յատկապէս Հարի Վան Պոմելին` Արցախ կատարած այցելութեան համար, ան նշեց, որ բոլոր մակարդակներով պէտք է լուծումներ գտնելու փորձեր կատարուին: Ան ափսոսանք յայտնեց, որ ազրպէյճանական սփիւռքի որեւէ ներկայացուցիչ չմասնակցեցաւ այս գիտաժողովին` բաց ձգելով լաւագոյն առիթը երկխօսութեան սկսելու:

 

Նախորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ Սպառողական Գիները Աճած Են 4,4 Առ Հարիւրով

Յաջորդը

ՀՅԴ-ն Հրապարակեց «Այո՛»-ն Բացատրող Գրքոյկը. Նոր Սահմանադրութիւն, Նոր Սկիզբ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.