Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Շատ Կարեւոր Էր Լաւրովի Արձագանգը Եւրոպական Խորհրդարանի Խորհրդարանական Վեհաժողովի Փաստաթուղթին» Յայտարարեց Արմէն Ռուստամեան

Նոյեմբեր 13, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

FotorCreated21

ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան բնական կը նկատէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց  նախարար Սերկէյ Լաւրովի այցելութիւնը Հայաստան:

Պատասխանելով 168.am-ի հարցումին, թէ ո՞րն էր Լաւրովի այցելութեան իրական նպատակը, Ա. Ռուստամեան ըսաւ, որ Հայաստան-Ռուսիա երկկողմանի յարաբերութիւնները այն որակի են, որ նման այցելութիւններ ուղղակի կրնան նաեւ ամէնօրեայ ըլլալ:

«Այդտեղ ես որեւէ արտառոց բան չեմ տեսներ, բայց, վստահաբար, կայ  իրավիճակ, որ յաճախակի կերպով լուրջ փոփոխութեան կ՛ենթարկուի, կան իրադարձութիւններ, որ տեղի կ՛ունենան Միջին Արեւելքի մէջ, ուր Ռուսիա գլխաւոր դերակատարութիւն ունի այսօր: Հայաստանը այն երկիրն է, որ զանազան երկիրներու մէջ համայնքներ ունի, որոնց անվտանգութիւնը կապուած է տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն հետ, որոնք չափազանց կարեւոր են», ըսաւ Ռուստամեան:

Ըստ Ռուստամեանի, Լաւրովի այցելութեան ընթացքին քննարկուած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի հարցը. «Շատ կարեւոր եւ ժամանակին կը նկատեմ Լաւրովի` իբրեւ համանախագահ երկրի արձագանգը Եւրոպական խորհրդարանի Խորհրդարանական վեհաժողովի խայտառակ, աննախադէպ փաստաթուղթին: Նման բան եղած չէ պատմութեան մէջ, որ միակողմանի մեղադրանքներ եւ գովասանք ըլլայ միւս կողմին: Տագնապի մէջ միշտ հաւասարակշռութիւն կը պահուի: Ատիկա Միլլի մեճլիսի յայտարարութիւն է եւ ուղղակի անթաքոյց, լիարժէք միջամտութիւն է Մինսքի խմբակի հոլովոյթին: Կը պահանջեն, որ Մինսքի խմբակը վերատեսութեան ենթարկէ հոլովոյթը յօգուտ Ազրպէյճանին: Ասիկա վտանգաւոր վիճակ կը ստեղծէ: Պիտի փորձեն օգտագործել Մինսքի բանակցութիւններուն մէջ, որ  Ռուսիան յայտարարեց, որ իրեն համար անընդունելի պիտի ըլլայ, որ Ազրպէյճանը փորձէ դուրսէն բերած ինչ որ փաստաթուղթ օգտագործել  Մինսքի խմբակին մէջ»:

Ա. Ռուստամեան համաձայն չգտնուեցաւ, որ Լաւրով եկած էր Լեռնային Ղարաբաղի շրջակայ տարածքները յանձնելու հարցը քննարկելու համար. «Եռանախագահող մարմինը լուծման 5 յայտարարութիւններ կատարած է եւ, չեմ կարծեր, որ այդ շրջագիծէն  դուրս կու գայ»:

Պատասխանելով այդ հարցումին, թէ արդեօք պատահակա՞ն էր, որ Լաւրովի այցելութենէն  անմիջապէս ետք ռուսական մամուլին մէջ հայկական տարածքները յանձնելու եւ Լեռնային Ղարաբաղին Ազրպէյճանի կազմին մէջ ինքնորոշում տալու մասին յօդուած կը տպագրուի, ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավարը ըսաւ, որ համանախագահներու յայտարարութիւնները չեն բացառեր տարածքներու յանձնումը, բայց «տարածքներ` կարգավիճակի դիմաց» հասկացութիւնը աղաւաղուած է, ասիկա կը նշանակէ նախ` տարածք, որմէ ետք կարգավիճակի մասին խօսակցութիւն, ինչ որ միշտ Ազրպէյճան պաշտպանած է. «Մենք անոր դէմ պէտք է ըլլանք, որովհետեւ ատիկա արդար լուծում չէ, կարելի չէ  աղաւաղել այն միջազգային սկզբունքը, որուն միջոցով տագնապներ լուծուած են»:

 

 

Նախորդը

Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Լեռնային Ղարաբաղի Հարցով Խօսք Արտասանած Են ԵԱՀԿ-ի Մնայուն Խորհուրդին Մէջ

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան Նախագահած Է Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստին

RelatedPosts

Խմբագրական  «Փիս Էքթ»-ը  Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական «Փիս Էքթ»-ը Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը

Հոկտեմբեր 16, 2025
«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 16, 2025
Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Հայկական

Կալուզին. «Պաքուի Եւ Երեւանի Միջեւ Վերջնական Հաշտութիւնը Պէտք Է Ստորագրուի Մոսկուայի Մէջ»

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?