Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 125-ամեակի նախաձեռնութիւններուն ծիրին մէջ, երէկ` 8 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին «Հիլթըն-Մեթրոփոլիթըն» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն` լիբանանեան քաղաքական, կուսակցական, դիւանագիտական, ապահովական եւ հոգեւոր ստուար ներկայացուցչութեամբ:
Ներկայ էին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ երեսփոխան Հանի Քպայսի, վարչապետ Թամմամ Սալամի ներկայացուցիչ նախարար Սըժաան Քազզի, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի ներկայացուցիչ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի ներկայացուցիչ երեսփոխան Մահմուտ Քումաթի, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի ներկայացուցիչ նախարար Ռեմոն Արայժի, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ներկայացուցիչ նախարար նախարար Ալեն Հաքիմ, Ղովմի կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ալի Քանսօ, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի ներկայացուցիչ Էտի Ապի Լամահ, հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի ներկայացուցիչ նախկին նախարար Մոհամետ Եուսեֆ Պայտուն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցիչ երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի, Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանի ներկայացուցիչը, նախարարներ Արթիւր Նազարեան, Էլիաս Ապու Սաապ եւ Միշել Ֆարաոն, նախարար Պութրոս Հարպի ներկայացուցիչը, երեսփոխաններ Նեպիլ Նիքոլա, Սիմոն Ապի Ռամիա, Ֆատի Աուար, Ապպաս Հաշեմ, Էտկար Մաաալուֆ, Էմիլ Ռահմէ, Էլի Աուն, Ֆարիտ Էլիաս Խազեն, Ղասսան Մուխայպեր, Հանրի Հըլու, Մոհամետ Հաժժար, նախկին նախարարներ Ժաք Չուխատարեան, Շահէ Պարսումեան, Փանոս Մանճեան, Նուրիճան Տեմիրճեան , նախկին երեսփոխաններ Սելիմ Աուն, Ֆայսալ Տաուտ, Հիւսէյն Եաթիմ, Զահեր Խաթիպ, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան փոխնախագահ Նիքոլա Սահնաուի, Ժողովրդավար ազատականներ կուսակցութեան նախագահ Թրէյսի Շամուն, ինչպէս նաեւ Հըզպալլան, Ամալ շարժումը, Մուրապիթունը, Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութիւնը, Մուսթաքպալ հոսանքը, Նասըրականները, Ազգային ազատականները, ինչպէս նաեւ հայկական եւ քրտական կուսակցութիւնները ներկայացնող պատուիրակութիւններ, Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ իրանեան, ռուսական, ֆրանսական, եգիպտական եւ պաղեստինեան դեսպանատուներուն ներկայացուցիչները, հայ կաթողիկէ Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան, ասորի ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Տանիէլ Քուրիէ եպիսկոպոս, ասորի ուղղափառ համայնքի Լեռնալիբանանի առաջնորդ Ժորժ Սալիպա եպիսկոպոս, տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասանի ներկայացուցիչը, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի ներկայացուցիչ գնդապետ-զօրավար Յարութ Կէօքկէօզեան, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի ներկայացուցիչ գնդապետ Ուալիտ Աուն, Պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ժորժ Քարաայի ներկայացուցիչ դերգնդապատ Ժորժ Փալիքեան, ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իպրահիմ Պասպուսի ներկայացուցիչ գնդապետ Հիւսէյն Խաշֆէ, հանգստեան կոչուած գնդապետ-զօրավար Շամել Ռուքոզ, ինչպէս նաեւ Ա. կարգի պետական պաշտօնեաներ, որոնց շարքին Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէն դոկտ. Մարալ Կիտանեան եւ կենսոլորտի նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Պերճ Հաճեան, սենտիքաներու նախագահներ, որոնց շարքին Պէյրութի իրաւաբաններու սենտիքայի նախագահ Անթոնիօ Հաշեմ, Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Ղասսան Ղոսըն, քաղաքապետներ եւ թաղապետներ:
Ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց Ցոլեր Թալաթինեան, որ հրաւիրեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին` արտասանելու իր խօսքը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ:
«ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին եւ ՀՅ Դաշնակցութեան անդամներուն անունով ջերմօրէն կ՛ողջունեմ ձեզ եւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեր ներկայութեան համար, զայն նկատելով 125-ամեայ ՀՅԴ -ի առաքելութեան ու պատգամին արժեւորում:
«Մեծ պատասխանատուութիւն է խօսիլ կուսակցութեան մը մասին, որ հիմնուած է 1890-ին, հայ ժողովուրդին պատմութեան ամէնէն դառն օրերուն, եւ որ կը շարունակէ պայքարիլ մինչեւ օրս` դիմագրաւելով Լիբանանի եւ շրջանին մէջ մեր ժողովուրդին շրջանցած բոլոր դժուար հանգրուանները:
«ՀՅ Դաշնակցութիւնը հայուն տառապանքի արգանդէն ծնած կուսակցութիւն մըն է, որ իր ժողովուրդին պատմութեան ընթացքին անոր տարած գոյատեւման բոլոր պայքարներուն մասնակից եղած է, առանց վհատելու կամ անձնատուր ըլլալու: Իր ծնած օրէն իսկ Դաշնակցութիւնը գործած է ժողովուրդի ծառայութեան ազգային եւ կուսակցական սկզբունքներուն համաձայն:
«ՀՅԴ-ն օսմանեան եւ ռուսական կայսրութեանց պատմական տարբեր հանգրուանները ապրած է եւ վկայած անոնց տապալումին: Ինչպէս հայ ժողովուրդին զաւակները, ՀՅ Դաշնակցութիւնը եւս, Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին զոհ գացած է օսմանցի թուրքին գործադրած Հայոց ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ եղած է առաջինը, որ կրցած է թօթափել այդ աղէտը եւ պայքարիլ իր ժողովուրդին երազը իրականացնելու եւ անոր պարգեւելու Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին անկախութիւնը` 1918-ին:
«Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը այն կուսակցութիւնն է, որ տոկաց ու կանգուն մնաց, մինչդեռ զինք շրջապատող բոլոր բռնատիրութիւնները տապալեցան, զինք բաժնելու փորձերը ձախողեցան, ու ժողովուրդին եւ իր միջեւ որոմ սերմանելու բոլոր ճիգերը ձախողեցան: ՀՅ Դաշնակցութիւնը կանգուն մնաց, հակառակ իր ազգային յանդուգն կեցուածքներուն պատճառով անոր վճարած սուղ գինին` իր զաւակներու զոհաբերումին:
«ՀՅ Դաշնակցութիւնը ամբողջ աշխարհին մէջ գոյութիւն ունեցող գաղափարաբանական ոչ մէկ կուսակցութեան կը նմանի. ան կը գործէ 34 երկրի մէջ եւ հարիւրաւոր քաղաքներու եւ գիւղաքաղաքներու մէջ ունի մասնաճիւղեր, այսինքն` հոն, ուր հայկական գաղութներ գոյութիւն ունին: Ասոր պատճառը ՀՅԴ-ի ընկերվարական գաղափարաբանութիւնն է, ապակեդրոնացեալ կերպով գործելու դրութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր ժողովրդավարական ուղեգիծը: Այս բոլորին շնորհիւ է, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը ունի ժողովրդային ընդարձակ ներկայացուցչութիւն, ինչպէս նաեւ կը վայելէ համակիրներու հսկայ փաղանգի մը զօրակցութիւնը: Համակիրներ, որոնք համազօր են ՀՅԴ-ի քաղաքական որոշումը եւ ազգային ուղեգիծը ճշդող գործընկերներու:
«1902-ին Լիբանանի մէջ ծնած է ՀՅԴ-ի առաջին խումբը. անոր յաջորդած է Լիբանանի մէջ առաջին ուսանողական միութեան հիմնադրութիւնը` Պէյրութի Ամերիկեան եւ Յիսուսեան համալսարաններուն մէջ, այսինքն` միութիւններ հիմնելու օսմանեան օրէնքի հաստատումէն շատ աւելի առաջ: Այս իրականութիւնը մեզի համար հպարտութիւն է, ըլլալու Լիբանանի քաղաքական կեանքին մէջ գործող հնագոյն կուսակցութիւնը, եւ իբրեւ այդպիսին մենք կարեւորութեամբ կը շեշտենք հետեւեալ սկզբունքները.
«Շրջանային եւ միջազգային զարգացումները միշտ ալ իրենց ժխտական ազդեցութիւնը ունեցած են եւ կը շարունակեն ունենալ Լիբանանի վրայ: Հաւատադրժողական մտայնութեան տարածումը եւ գետնի վրայ անոր թարգմանութիւնը իբրեւ ահաբեկչութիւն` Լիբանանը, զգաստ չըլլալու պարագային, կ՛ենթարկէ վտանգի եւ զայն կը դնէ վտանգաւոր խաչմերուկի մը վրայ:
Հետեւաբար մեր բոլորին պատասխանատուութիւնն է ըմբռնել այդ վտանգը եւ յարմարագոյն ուղին ընտրել, որպէսզի չքայքայուի ու չտապալի Լիբանան հայրենիքը:
«Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով բազմիցս կրկնած ենք եւ դարձեալ կը շեշտենք արաբական աշխարհի դիմագրաւած ներկայ իրավիճակին մեկնաբանութիւնը կատարել` վերադառնալով պատմութեան: Զգուշացուցած ենք եւ կը շարունակենք զգուշացնել նորօսմանցիներու կողմէ Օսմանեան կայսրութեան վերահաստատման փորձերէն: Զգուշացման այս ահազանգը կը հնչեցնենք, որովհետեւ նախանձախնդիր ենք Լիբանանին եւ արաբական աշխարհին ու անոնց ազգային – ընկերային հիւսուածքին անքակտելի մէկ մասն ենք: Մեր նպատակն է ամրապնդել այս հայրենիքը եւ պահպանել անոր իւրայատկութիւնը, որ կը մարմնաւորուի քաղաքակրթութիւններու, մշակոյթներու եւ կրօններու բազմազանութեան օրրանը ըլլալու իրականութեամբ:
«Լիբանան պատգամի հայրենիքն է, կարելի է ըսել նաեւ, թէ ան ինքնին պատգամ մըն է, եւ մենք պէտք է պահպանենք այդ պատգամն ու տարածենք զայն աշխարհով մէկ: Այս դիտանկիւնէն մեկնելով` մենք կը հաւատանք մէկ ու միասնական, ազատ, գերիշխան եւ անկախ Լիբանանի: Հաւատք ունինք համերաշխութեան եւ ազգային համակեցութեան Լիբանանին, ազատութիւններու եւ փոխադարձ յարգանքի Լիբանանին նկատմամբ, Լիբանանի մը, որուն բոլոր համայնքները կը գործեն ի խնդիր մէկ հայրենիքի:
«Այո՛, մենք կը զօրակցինք Լիբանանի մը, ուր կայ հաւասարութիւն, ընկերային արդարութիւն եւ օրէնք բոլոր քաղաքացիներուն համար` ինչ համայնքի կամ պատկանելիութեան ըլլան անոնք:
«ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը մերժէ երկրին ազգային հաստատութիւնները տկարացնելու բոլոր փորձերը: Նախագահական աթոռին թափուր մնալու իրականութիւնը սկսած է վտանգ սպառնալ լիբանանեան գոյացութեան, կառավարական անդամալուծութիւնը լիբանանցիին համար ծանր բեռի մը վերածուած է, իսկ օրէնսդրութեան բացակայութիւնը կ՛արգելակէ Լիբանանի բարգաւաճումն ու զարգացումը:
«Մենք կը պահանջենք հանրապետութեան հզօր նախագահ մը, որ կը ներկայացնէ բոլոր քրիստոնեաները եւ կը դառնայ բոլոր լիբանանցիներուն` քրիստոնեաներուն եւ իսլամներուն նախագահը: Նախագահ մը, որ կը պահպանէ սահմանադրութիւնը եւ կ՛աշխատի անոր զարգացման ի խնդիր, առանց քաղաքական նեղլիկ հաշիւներու մէջ իյնալու, որպէսզի ան կարենայ պահպանել երկրին անկախութիւնը, գերիշխանութիւնը եւ հողային ամբողջականութիւնը: Մենք կ՛ուզենք ունենալ նախագահ մը, որ կը պայքարի ամէն տեսակի ահաբեկչութեան դէմ` դիմադրելով իսրայէլեան գաղութատիրական ծրագիրներուն եւ ազատագրելով լիբանանեան բռնագրաւուած բոլոր հողերը:
«Մենք կը պահանջենք մշակել ընտրական արդիական օրէնք մը, որ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովէ լիբանանեան ընկերութիւնը բաղկացնող բոլոր ուժերուն` մեկնելով երկրին իշխանութեան մէջ իսկական գործակցութեան սկզբունքէն եւ ոչ թէ ձեւական հաւասար բաժանումի գոյացումէն:
Կը պահանջենք ընտրական օրէնք մը, որ կը փարատէ համայնքներուն մտահոգութիւնը եւ կը հեռացնէ լուսանցքայնացումի եւ ուրիշը մեկուսացնելու ուրուականը: Օրէնք մը, որ կը յարգէ բոլոր համայնքներուն եւ քաղաքական ուժերուն իւրայատկութիւնը, որքան որ ըլլայ անոնց չափը, կշիռն ու քաղաքական ներկայացուցչութիւնը: Ուրիշին իւրայատկութիւնները յարգելու արժանիքը կարեւոր է եւ պայման` Լիբանանը ապահով վայրեր առաջնորդելու համար:
«Լիբանանի Ազգային ուխտին մէջ տեղ գտած վարչական ապակեդրոնացեալ դրութեան գործադրութիւնը վերածուած է ազգային իսկական կարիքի եւ մենք կը պահանջենք անոր կիրառումը, առանց զայն վերածելու լիբանանեան միասնականութիւնը խոցող առիթի մը:
«Կը զօրակցինք լիբանանցի քաղաքացիներուն պահանջներուն` սկսելով աշխատավարձի յաւելումէն, հասնելով մինչեւ վարձքի արդար օրէնքներու, ծերութեան ապահովագրման, բուժման ապահովագրութեան, ուսման իրաւունքի, հանրային փոխադրութեան միջոցներ ունենալու, տնտեսութեան բարգաւաճման եւ Լիբանանի բնական հարստութիւններուն` քարիւղի եւ բնական կազմի արտահանումին: Քաղաքացիներուն այս պահանջները չիրականացնելու այս պատճառաբանութիւնները, պարզապէս պատրուակներ են, որոնք չեն համոզեր նոյնիսկ անոնց հեղինակները, այլեւ` կը հարուածեն քաղաքացիին շահերը եւ պատճառ կը դառնան լիբանանեան ընկերային կառոյցին փլուզման:
«ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 125-ամեակին առիթով մենք կը վերանորոգենք մեր ժողովուրդին, պայքարող երիտասարդութեան եւ Լիբանանի հանդէպ մեր հաւատքը, ինչպէս նաեւ կը հաստատենք, որ մեր երթը պիտի շարունակուի, հակառակ բոլոր մարտահրաւէրներուն:
«Մենք անձնատուր պիտի չըլլանք, պիտի շարունակենք տոկալ ու գոյատեւել այս հողին վրայ եւ միասնաբար գործել ի խնդիր արժանապատիւ եւ փառաւոր Լիբանանի փրկութեան»: