Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

17 Վարժարաններէ Շուրջ 300 Աշակերտներ Մասնակցեցան «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի «Անսխալ Գրենք» Մրցումին

Դեկտեմբեր 7, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

bzdig-1_120615

Կիրակի, 6 դեկտեմբեր 2015-ի յետմիջօրէին աշակերտներու խուռներամ բազմութիւն մը հաւաքուած էր «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահ` մասնակցելու «Ազդակ»-ի մանկապատանեկան յաւելուած «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի կազմակերպած «Անսխալ գրենք» մրցումին:

Չորրորդ դասարանի աշակերտները, որոնց համար մրցումը նորութիւն էր, մեծ հետաքրքրութեամբ եւ խանդավառութեամբ եկած էին սրահ: Ժամը 3:00-ին արդէն անոնք գրաւած էին իրենց տեղերը եւ կը սպասէին, որ սկսի մրցումը:

bzdig-2_120615

Մրցումին օրէնքները բացատրելէ ետք, «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի խմբագրական կազմէն Սրբուկ Ճենանեան` անդրադառնալով 1988-ի Հայաստանի մեծ երկրաշարժին եւ անոր պատճառած զոհերուն, առաջարկեց մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգել զոհերուն յիշատակը: Ապա սկսաւ «Անսխալ գրենք» մրցումը:

Այս տարուան մրցումին մասնակցեցան մօտաւորապէս 300 աշակերտներ` եկած հայկական 17 վարժարաններէ, որոնք հետեւեալներն էին. Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարան, Հայ կաթողիկէ Սրբուհի Ագնէս վարժարան, Հայ աւետարանական Թորոսեան վարժարան, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան, Հայ աւետարանական քոլեճ, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարան, ՀԲԸՄ Լեւոն Կ. Նազարեան վարժարան, ՀԲԸՄ Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարան, Վահան Թէքէեան վարժարան, Ազգային Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարան, Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարան, Ազգային Աբգարեան վարժարան, Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարան, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ, Ազգային Սուրէն Խանամիրեան վարժարան եւ Համազգային Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան:

Մրցումը, որ սկսած էր 4-րդ դասարանի աշակերտներով, իր աւարտին հասաւ ժամը 3:45-ին: Մասնակիցները մրցումի աւարտին ստացան յիշատակի նուէրը` տրամադրուած «Ազդակ»-ի կողմէ: Ապա սրահը յաջորդաբար գրաւեցին 5-րդ դասարանի աշակերտները` ժամը 4:00-ին, եւ 6-րդ դասարանի աշակերտները` ժամը 5:00-ին: Անոնք նոյնպէս մրցումի աւարտին ստացան իրենց յիշատակի նուէրները:

Տօնական օրերու նախօրեակին այս մրցումը իսկապէս ջերմ ու մտերմիկ մթնոլորտ մը ստեղծեց` ի մի խմբելով հայկական տարբեր վարժարաններ յաճախող հայ փոքրիկները, որոնք ուրախ տրամադրութեամբ հեռացան սրահէն` անմոռանալի յիշատակներով: Շնորհակալութիւն հայկական բոլոր վարժարաններու աշակերտներուն, որոնք ամէն տարի մեծ խանդավառութեամբ կը ներկայանան` մասնակցելու «Անսխալ գրենք» մրցումին, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն եւ յաջողութիւն վարժարաններու տնօրէնութեանց եւ ծնողներուն, որոնք միշտ ալ քաջալերած են հայ գիրն ու գրականութիւնը` առիթ ընձեռելով փոքրիկներուն մասնակցելու նմանօրինակ մրցումներուն:

 

 

Նախորդը

«Պէյրութ Չենց» Փառատօնի Ծիրին Մէջ. Զաքար Եւ Կամիլա Քէշիշեաններ Ներկայացուցին Հայկական Դասական Երաժշտութեան Գոհարները

Յաջորդը

Լիբանանահայ Բժշկական Միութեան Վերանորոգուած Լուսաշող Կեդրոնի Բացման Հանդիսութիւն` Նախաձեռնութեամբ Տէր Եւ Տիկին Սէմ Րագուպեաններու

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?