Երէկ` 6 դեկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 8:00-ին Հայաստանի մէջ ընթացք առաւ սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէն, որ շարունակուեցաւ մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00, որմէ ետք սկսաւ քուէաթերթիկներու հաշուարկը: Հանրապետութեան մէջ բացուած էին 1988 ընտրատեղամասեր:
Սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէն դիտարկած են 18 տեղական եւ չորս միջազգային կազմակերպութիւններ, մասնաւորապէս, ԱՊՀ դիտորդական առաքելութիւնը (44 դէտ), ԱՊՀ միջխորհրդարանական վեհաժողովը (23 դէտ), Եւրոպական խորհրդարանի Խորհրդարանական վեհաժողովը (11 դէտ), ԵԱՀԿ Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդկային իրաւանց գրասենեակը (5 դէտ): 33 դէտեր օտարերկրեայ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբերու կողմէ, եւ 7 դէտ` Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպանութիւններէն:
Ոստիկանութեան տուեալներով, ընտրացուցակներուն մէջ ընտրողներու թիւը 2 միլիոն 550 հազար 323 էր: Քուէարկութեան մասնակցեցաւ 1.296.360 հոգի` 50,51 առ հարիւրը:
Այսօր առաւօտեան կանուխ ժամերուն տուեալներով` Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը նախնական տուեալներ ներկայացուցած էր` 1482 ընտրատեղամասերէ:
Ըստ այդ տուեալներուն, «այո»-ի օգտին քուէարկած է 618.014 հոգի կամ 66,06 առ հարիւր, «ոչ»-ի օգտին` 280.533 ընտրող կամ 29,98 առ հարիւր:
Մարգարեան. «Այսօր Հայաստանի Համար
Նոր Սկիզբ Պիտի Դնենք»
Երէկ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան քաղաքացիական իր պարտքը կատարեց Վ. Պրիւսովի անուան յենակէտային վարժարանին մէջ տեղակայուած 5/20 ընտրատեղամասին մէջ: Քուէարկութենէն ետք լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին Մարգարեան ըսաւ, որ քուէարկած է յանուն մեր ապագային:
«Ես վստահ եմ, որ մենք այսօր Հայաստանի համար նոր սկիզբ պիտի դնենք, վստահ եմ, որ ամէն ինչ դէպի լաւ պիտի ընթանայ», ըսաւ ան:
Մարգարեանի կարծիքով` հանրաքուէէն ետք երկրին մէջ նոր քաղաքական դաշտ պիտի ձեւաւորուի եւ իրական մրցակցութեան կարելիութիւն պիտի ստեղծուի:
«Այսօրուան իրականութեան մէջ քաղաքական ասպարէզ հետապնդող մարդիկ վաղուընէ սկսեալ պիտի փորձեն աշխատիլ, ժողովուրդին նախապատրաստելու եւ ժողովուրդին քուէով գալու իշխանութեան», եզրափակեց Մարգարեան:
Հրանդ Մարգարեան նաեւ ըսաւ, որ ինք լուրջ ընտրախախտումներու մասին ահազանգներ չէ ստացած:
Ռուստամեան. «6 Դեկտեմբերէն Ետք
Ժողովուրդը Պիտի Հասկնայ Սահմանադրական
Փոփոխութիւններու Դրական Արդիւնքը»
6 դեկտեմբերին 3/23 ընտրատեղամասին մէջ քուէարկութենէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեան յայտնած է, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը սահմանադրական հանրաքուէի կեղծիքներու վերաբերեալ տակաւին ահազանգներ չէ ստացած:
«Կեղծիքներու մասին տակաւին ահազանգներ չկան, եթէ ըլան, կ՛ամփոփենք, կը հասկնանք: Բոլոր ահազանգները, տեղեկութիւնները պէտք է ստուգել, նոյնականացման քարտերով քուէարկելու համակարգը, որ գործեց, բնականաբար, հասկնալի է, որ կարգ մը դժգոհութիւններ պիտի ստեղծէր, չեմ բացառեր: Վստահ եմ, որ ընտրակեղծիքներու մասին մեր վստահուած անձերը ժամանակին պիտի ահազանգեն», ըսաւ Ա. Ռուստամեան` նշելով, որ անոնք, որոնք այժմ ահազանգ կը հնչեցնեն ընտրակեղծիքներու մասին, մինչեւ հանրաքուէն ալ նոյն բանը կ՛ըսէին, քանի որ «այդ մարդիկը ընդհանրապէս համաձայն չեն, որ սահմանադրութիւնը փոխուի»:
Արմէն Ռուստամեան նշեց, որ այսօր ինք քուէարկած է յանուն այն Հայաստանի, որուն մասին բոլորը վաղուց երազած են:
«Մինչեւ հիմա կատարուած սխալները ուղղելու կարելիութեան համար քուէարկած եմ եւ որ իշխանութիւնն ու պետութիւնը այլեւս չնոյնանան, վերանայ իշխանութեան եւ ժողովուրդին միջեւ տարանջատումը: Ես չեմ հասկնար այն մարդիկը, որոնք վաղուց կ՛երազէին երկրի կառավարման համակարգը փոխել, հիմա դէմ են, ատիկա իրենց խիղճին վրայ», ըսաւ Արմէն Ռուստամեան` նշելով, որ 6 դեկտեմբերէն ետք ժողովուրդը պիտի հասկանայ սահմանադրական փոփոխութիւնների դրական արդիւնքը:
Աղուան Վարդանեան Քուէարկած Է Յանուն Ուժեղ,
Կազմակերպուած, Բարեկեցիկ Հայաստանի
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան իր քաղաքացիական պարտքը կատարած է թիւ 196 դպրոցին մէջ տեղակայուած 5/18 ընտրատեղամասին մէջ:
«Քուէարկած եմ յանուն իմ պատկերացուցած ուժեղ, կազմակերպուած, բարեկեցիկ Հայաստանի: Մեր հիմնական ըսելիքը այս ընթացքին եղած է այն, որ քաղաքացիները իրենց ձայնը կարեւոր նկատեն, ըլլան աշխուժ, վստահ ըլլան, որ իրենք կրնան մեր երկրին մէջ արմատական-որակական փոփոխութիւններու հասնիլ», լրագրողներուն հետ զրոյցին ընթացքին ըսաւ Ա. Վարդանեան:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան Կատարեց
Իր Ընտրութիւնը
Երեւանի թիւ 9/11 ընտրատեղամասին մէջ իր կնոջ` Ռիթա Սարգսեանի հետ քուէարկեց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան: Լրագրողները փորձեցին հարցումներ ուղղել նախագահին: Ան արձագանգեց. «Բոլոր հարցումներուն պիտի պատասխանեմ հանրաքուէէն ետք»:
Աբրահամեան. «Յոյսով Եմ,
Որ Ետքն Ալ Վարչապետ Կ՛ըլլամ»
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան մասնակցած է սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէին:
Պատասխանելով լրագրողներու հարցումին, թէ կառավարման համակարգի փոփոխութենէն ետք ինքզինք ի՞նչ պաշտօնի վրայ կը տեսնէ, Աբրահամեան նախ պատասխանեց, թէ` կը մտածէ, այնուհետեւ աւելցուց. «Ես հիմա վարչապետ եմ եւ յոյսով եմ, որ ետքն ալ վարչապետ կ՛ըլլամ»:
Յաջորդ հարցումին, թէ նախագահ Սերժ Սարգսեանը հարցազրոյցի մը ընթացքին նշած էր, որ եթէ սահմանադրական փոփոխութիւնները չանցնին, իրենք նախագահի առնուազն երեք թեկնածու ունին, իր կարծիքով` ի՞նքն ալ այդ թեկնածուներու կարգին է, Աբրահամեան պատասխանեց. «Հարցումը ուղղեցէք խօսողին, ինչո՞ւ ինծի կ՛ուղղէք»:
Յետընտրական զարգացումներուն վերաբերեալ Յովիկ Աբրահամեան նշեց, որ իշխանութիւնները պատրաստ են համագործակցիլ բոլոր քաղաքական ուժերուն հետ: «Մեր խնդիրն է ստեղծել հարթակ` քննարկելու երկրի զարգացման հարցը», ըսաւ ան:
Տէր Պետրոսեանի Կոչը.
«Գալ Եւ Քուէարկել»
Երեւանի թիւ 9/11 ընտրատեղամասին մէջ իր քաղաքացիական պարտքը կատարեց Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան: Ան չուզեց պատասխանել լրագրողներու հարցումներուն` յայտարարելով, թէ միայն մէկ բան կրնայ ըսել. «Կոչ կ՛ուղղեմ գալու եւ քուէարկելու: Քուէարկել ազատօրէն` առանց բռնանալու քաղաքացիին կամքին վրայ: Մէկ բան ալ` որքան շատ իրական մարդ գայ քուէարկելու, այնքան հանրաքուէին արդիւնքները աւելի առարկայական կ՛ըլլան»: