Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Հանդիպումները

Դեկտեմբեր 10, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

veh-1_120915

ՀՄԸՄ-ի նորընտիր Կեդրոնական վարչութիւնը 8 դեկտեմբեր 2015-ին Երեւանի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին, Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանին եւ Հայաստանի Ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեանին հետ:

Էջմիածինի մէջ Գարեգին Բ. կաթողիկոս ընդունեց ՀՄԸՄ-ի նորընտիր Կեդրոնական վարչութեան կազմը, որ այս օրերուն Երեւանի մէջ կը գումարէ իր Ա. լիագումար նիստերը: Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան ներկայացուց կազմի անդամները, փոխանցեց քառամեայ գործունէութեան ծրագիրները եւ շեշտը դրաւ ՀՄԸՄ-եկեղեցի անքակտելի կապին վրայ:

Իր կարգին, վեհափառ հայրը իր գնահատանքը յայտնեց հոգեւոր եւ հայապահպանման առումներով ՀՄԸՄ-ի ի գործ դրած աշխատանքներուն` նշելով, որ թեմական առաջնորդներուն ճամբով կը հետեւի գործունէութեան եւ թելադրած է միշտ օժանդակել միութեան տարբեր ծրագիրներուն: Գարեգին Բ. կաթողիկոսը հաստատեց, որ մարզական եւ սկաուտական աշխատանքներուն ճամբով սփիւռքահայ պատանին ու երիտասարդը հայ պահելու առաքելութիւնը նուիրական է. այս առիթով ան իր քաջալերանքն ու օրհնութիւնը փոխանցեց նորընտիր Կեդրոնական վարչութեան:

Գառնիկ Մկրտիչեան վեհափառ հօր տեղեկացուց 2018-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք միութեան 100-ամեակի հանդիսաւոր տօնակատարութեան մասին: Իսկ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի ատենապետ Հրաչեայ Շմաւոնեան ներկայացուց 2016-ին Հայաստանի մէջ ծրագրուող Միջազգային սկաուտական սեմինարին մանրամասնութիւնները` յայտնելով, որ այս նախաձեռնութեան առաջադրանքներէն է Հայաստանը ծանօթացնել օտար երկիրներու մասնակիցներուն:

veh-2_120915

Կեդրոնական վարչութիւնը հանդիպում ունեցաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի հետ, պաշտպանութեան նախարարութեան համալիրին մէջ:

Նախարար Սէյրան Օհանեան գնահատանքով արտայայտուեցաւ ՀՄԸՄ-ին դերակատարութեան մասին` հայապահպանութեան, յատկապէս պատանիներու եւ երիտասարդներու հայրենասիրական դաստիարակութեան փոխանցման առումով եւ ընդգծեց, որ միութեան ծաւալած գործունէութիւնը իրաւամբ Հայաստան¬սփիւռք գործակցութեան լաւագոյն օրինակներէն է:

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան եւ միութեան գործունէութեան աջակցելու պատրաստակամութեան համար` նշելով, որ հայրենիքին հետ կապը առաւել եւս ամրապնդելու եւ հայրենիքին շուրջ համախմբուելու ծրագիրները միշտ առկայ են: Ան նշեց, որ 2014-ին Համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումի մասնակիցներուն կողմէ պաշտպանութեան նախարարին ներկայութեամբ «Վազգէն Սարգսեան» սպայից զօրանոցին մէջ կատարուած տողանցքը անջնջելի կերպով դրոշմուած է բոլորին միտքերուն ու սիրտերուն մէջ: Ապա պաշտպանութեան նախարարին եւ Կեդրոնական վարչութեան միջեւ քննարկուեցան յառաջիկայ գործակցութեան գործնականացման քայլերուն կարելիութիւնները` հաստատելով նախարարութեան ու հայկական բանակին խիստ կարեւոր դերակատարութիւնը հայրենիքի պաշտպանութեան ի խնդիր:

veh-3_120915

Կեդրոնական վարչութիւնը հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Հայաստանի Ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեանի հետ` ներկայացնելու նորընտիր Կեդրոնական վարչութիւնն ու անոր քառամեայ ծրագիրները, որոնց գործնականացման հիմնական մասը կեդրոնացած պիտի ըլլայ հայրենիքի մէջ:

Գագիկ Ծառուկեան իր շնորհաւորութիւնները փոխանցեց նորընտիր Կեդրոնական վարչութեան` գնահատելով հայրենիքի նկատմամբ ՀՄԸՄ-ին կապուածութիւնը: Ան նշեց, որ մարզախաղերու եւ բանակումներու ճամբով հայ պատանին ու երիտասարդը հայրենիքին ծանօթացնելու առաքելութիւնը հայապահպանման կարեւորագոյն դաստիարակութիւններէն մէկն է` իր պատրաստակամութիւնը յայտնելով օժանդակելու ՀՄԸՄ-ի ծրագիրներուն:

 

 

Նախորդը

ԼՕԽ. Դասախօսութիւն` «Յօդացաւեր» Նիւթով

Յաջորդը

«Արաբական Միացեալ Ուժի Հարցը Քննարկումի Առարկայ Է» Ըսաւ Արապի

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ

Հոկտեմբեր 22, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով»   Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը
Գաղութային

«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով» Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?