Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը Եւ Հայոց Պետականութիւնը» Խորագիրով Երկօրեայ Գիտաժողովը Սկսաւ Իր Աշխատանքներուն

December 10, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լուսանկարը` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի
Լուսանկարը` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի

9 դեկտեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիային մէջ սկսաւ «Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը եւ հայոց պետականութիւնը»  խորագիրով երկօրեայ գիտաժողովը, որ նուիրուած է կուսակցութեան հիմնադրութեան 125-ամեակին:

Գիտաժողովին ընթացքին կուսակցական գործիչներ եւ պատմաբաններ պիտի ներկայացնեն կուսակցութեան գործունէութեան 125 տարիներու պատմութիւնը:

Ողջունելով գիտաժողովին մասնակիցները` ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան ըսաւ, որ զոյգ հանրապետութիւններու հիմնադիր քաղաքական ուժը` Դաշնակցութիւնը, յաճախ տարբեր արժեւորումներ կը ստանայ, բայց պատմական փաստերը անհերքելի են եւ անոնք լուսարձակի տակ կ՛առնուին նման առիթներու յատկապէս: Ան նաեւ շեշտեց, որ Դաշնակցութիւնը հատուածականութեան թիւ մէկ հակառակորդը եղած է հայ իրականութեան մէջ եւ այդպէս ալ պիտի ըլլայ, որովհետեւ իր անուանումն ու գոյութեան փաստը հատուածականութեան հերքումն են (Խօսքը տեսնել առանձին):

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան այս առիթով լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Դաշնակցութեան դերակատարութեան ու քաղաքական ուղիին: Անոր համաձայն, իրենք չէ, որ պիտի ըսեն, թէ Դաշնակցութիւնը ի՛նչ դեր ունեցած է, իւրաքանչիւրը պէտք է ընտրէ, թէ ի՛նչ ազդեցութիւն ձգած է Դաշնակցութիւնը իր վրայ:

«Մենք չենք կրնար ըսել, որ Դաշնակցութիւնը իր ամբողջ կարելիութիւնները կ՛օգտագործէ: Մենք կ՛ապրինք այնպիսի  ժամանակաշրջանի, հասարակութեան մը մէջ, որ վերափոխուելու, գիտակցութեան բարձրացման, կազմակերպուելու լրջագոյն խնդիր ունի` գումարած մեր միւս խնդիրները, որոնք կը խանգարեն մեր կուսակցութիւնը` արտագաղթ, մարդոց ընկերային շատ ցածր մակարդակ, միջին խաւի գրեթէ բացակայութիւն: Այս հարցերը այնպիսի իրողութիւններ են, որոնք կարելիութիւն չեն տար լաւագոյնս դրսեւորուելու», յայտնեց Վարդանեան:

Դաշնակցութեան 125-ամեայ երթին մասին խօսեցաւ նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին անդամ Լեւոն Մկրտչեան: «Դաշնակցութեան 125-ամեայ պատմութիւնը մեր ժողովուրդի պատմութեան անքակտելի մասն է: Իբրեւ պատասխանատու կուսակցութիւն` մեր ժողովուրդի վերջին 100-150 տարուան պատմութեան բոլոր դրուագներուն մէջ Դաշնակցութեան դերն ու ձեռագիրը կայ: Տակաւին  1918-20 թուականներուն էր, որ մենք ընտրեցինք եւրոպական պետականաշինութեան ձեւաչափը` խորհրդարանական հանրապետութիւնը: Տակաւին 1990-ականներուն սկիզբը մենք հանդէս եկանք նախագծով մը, ուր ամրագրուած էր խորհրդարանական ընտրական համակարգը», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով Դաշնակցութեան պատմութեան լաւ եւ վատ էջերուն` Մկրտչեան ընդգծեց, որ ինչպէս մարդու կեանքին մէջ կարելի չէ ըսել ի՛նչ է ամէնէն լաւն ու վատը, նոյնն է պարագան կուսակցութեան կեանքին: «Դաշնակցութիւնը ձեւաւորուեցաւ այն պահուն, երբ հրապարակուած էր հայ ժողովուրդին մահապատիժը: Սուլթան Համիտի ժամանակ սկսաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը, եւ Դաշնակցութիւնը փորձ կատարեց եւ կրցաւ ղեկավարել մահուան դատապարտուած ժողովուրդի մը  յուսահատ պայքարը»,  նշեց Լեւոն Մկրտչեան:

 

Նախորդը

Դաշնակցութիւնը Հատուածականութեան Թիւ Մէկ Հակառակորդն Է

Յաջորդը

2016-ի Պիւտճէն Ընդունուեցաւ. Դաշնակցութիւնը Չմասնակցեցաւ Քուէարկութեան

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական  Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.