Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քուէյթի Եւ Շրջակայից Հայոց Թեմը Սեփականատէրը Կը Դառնայ Եկեղեցւոյ Ու Ազգային Առաջնորդարանի Նոր Կալուածի

December 9, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Kuwait_120815

Արամ Ա. կաթողիկոս շաբաթ, 5 նոյեմբեր 2015-ի առաւօտուն ընդունեց Քուէյթի եւ Շրջակայից հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս Ծ. վրդ. Զօպուեանի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին թեմի Ազգային վարչութեան եւ Երեսփոխանական ժողովի ներկայացուցիչները:

Պատուիրակութիւնը տեղեակ պահեց վեհափառ հայրապետը, որ շնորհիւ իրենց յարատեւ աշխատանքին, թեմը գնած է լայն կարելիութիւններ ունեցող շէնք մը, ուր պիտի հաստատուին եկեղեցին եւ Ազգային առաջնորդարանը: Յայտնենք, որ երկար տարիներէ ի վեր եկեղեցին եւ Ազգային առաջնորդարանը կը գործէին այլ շէնքի մը մէջ, որուն սեփականատէրը օրինական միջոցներով պարտադրած էր, որ կալուածը վերադարձուի: Այս կացութեան դիմաց Ազգային իշխանութիւնը ստիպողաբար եկեղեցւոյ եւ Ազգային առաջնորդարանի յարմարութիւն ունեցող այլ կառոյց մը գտաւ: Այս պարագային, սակայն, թեմը սեփականատէրը կը դառնայ նոր կալուածին, որ գնուած է 735.000 քուէյթեան տինարի (2,4 միլիոն տոլար): Անոր ներքին դասաւորման ու կահաւորման համար կը նախատեսուի 150.000 քուէյթեան տինար (կէս միլիոն տոլար): Թեմը պարտաւոր է մինչեւ 21 փետրուար 2016 իր նիւթական պարտաւորութիւնը կատարել կալուածատիրոջ նկատմամբ:

kuwait-2_120815

Վեհափառ հայրապետը իր խոր գոհունակութիւնը եւ բարձր գնահատանքը յայտնեց թեմի Ազգային իշխանութեան այս կարեւոր իրագործումին համար: Վեհափառը շեշտեց եկեղեցւոյ ու առաջնորդարանի կալուածին սեփականատէրը դառնալու կարեւորութիւնը եւ յոյս յայտնեց, որ Քուէյթի եւ Շրջակայից թեմի մեր ժողովուրդին զաւակները, ինչպէս նաեւ Արաբական ծոցի մեր ազգայինները եւ այլ շրջաններու մէջ հաստատուած նախկին քուէյթահայերը իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերեն յիշեալ կալուածի գնման ու կահաւորման ծախսերուն:

 

 

 

Նախորդը

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Հանդիպումները Երեւանի Մէջ

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայաստանի Սահմանադրութեան Փոփոխութիւններուն Իր Զօրակցութիւնը Յայտնեց

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.