Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանահայ Բժշկական Միութեան Վերանորոգուած Լուսաշող Կեդրոնի Բացման Հանդիսութիւն` Նախաձեռնութեամբ Տէր Եւ Տիկին Սէմ Րագուպեաններու

December 7, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

DSC_9752

Տասնամեակներէ ի վեր Լիբանանին եւ հայ ժողովուրդին անխոնջ ծառայութիւն մատուցող Լիբանանահայ բժշկական միութեան անդամները ուրբաթ, 27 նոյեմբեր 2015-ի երեկոյեան համախմբուած էին իրենց վերանորոգուած լուսաշող կեդրոնին մէջ` մասնակցելու անոր բացման հանդիսութեան: Արդարեւ, տէր եւ տիկին Սէմ Րագուպեաններուն նախաձեռնութեամբ Պէյրութի հայաշատ Մար Մըխայէլ թաղամասին մէջ գտնուող կեդրոնը լիովին վերանորոգուեցաւ, որպէսզի յառաջիկայ տարիներուն եւս իբրեւ կազմակերպչական-ներկայացուցչական կեդրոն ծառայէ ժողովուրդին առողջութեան եւ բարօրութեան նուիրեալներուն` հայ բժիշկներուն:

DSC_9766DSC_9772Ձեռամբ օրուան պատուոյ հիւրեր տէր եւ տիկին Սէմ Րագուպեաններու, Լիբանանահայ բժշկական միութեան ատենապետ տոքթ. Տիգրան Վարդապետեանի եւ վարչութեան անդամ տոքթ. Գրիգոր Էճիտեանի, ժապաւէնը հատուեցաւ եւ կատարուեցաւ բացումը ցուցատախտակին, որուն վրայ արձանագրուած էր. «This center was renovated by St. Marc medical and diagnostic center»:

DSC_9794DSC_9821Կազմակերպութեամբ  Լիբանանահայ բժշկական միութեան վարչութեան, ուրբաթ, 27 նոյեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի ունեցաւ միութեան բարեզարդուած կեդրոնի բացում, որ իրագործուած էր Սէն Մարք տարրալուծարանի սեփականատէր Սէմ Րագուպեանի բարերարութեամբ: Արդարեւ, ժապաւէնի հատումին եւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ միութեան վարչութեան անդամ տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան: Ան նկատել տուաւ, որ Լիբանանահայ բժշկական միութիւնը իր 65 տարուան կեանքին մէջ ունեցած է բեղուն գործունէութիւն` բազմաթիւ մարզերու մէջ: «Մեր երէց երախտաւոր սերունդը անկիւնադարձային իրագործում մը կատարեց կեդրոնը գնելով, որովհետեւ միութեան գործունէութեան համար կենսական միջոց էր այս կեդրոնը», հաստատեց տոքթ. Էճիտեան: Ան նշեց, որ ներկայիս միութեան գործունէութեան ծաւալումը անհրաժեշտ դարձուց կեդրոնին բարեզարդումը, որ իրագործուեցաւ Սէմ Րագուպեանի միջոցով: Ան նաեւ խօսեցաւ վերանորոգութեան գործընթացին մասին:

DSC_9804DSC_9815Միութեան վարչութեան ատենապետ տոքթ. Տիգրան Վարդապետեան իր ելոյթին մէջ յայտնեց, որ հաւաքուած են միասնաբար տօնախմբելու եւ վայելելու վերանորոգութիւնը գեղեցիկ տան` այն յոյսով եւ ակնկալութեամբ, որ միութեան տան նոր շունչը եւ նոր ձեւը չսահմանափակուին միայն վերանորոգութեամբ, այլ բժիշկներու  ներկայութեամբ` աւելի եւս զարգացնելով զայն: Ան նկատել տուաւ, որ երբ վարչական որոշումով այցելած են Սէմ Րագուպեանին`  առաջարկելու համար անոր, որ ստանձնէ միութեան կեդրոնատեղիին վերանորոգութիւնը, ան անմիջապէս, առանց տատամսելու, ընդունած եւ բծախնդրօրէն հետեւած է բարեզարդման աշխատանքներուն: «Լիբանանահայ բժշկական միութեան վարչութիւնը իր վերջին ժողովին որոշեց միութեան վերանորոգուած սրահը անուանել Սէն Մարք տարրալուծարանի անունով, նաեւ Սէմ Րագուպեանի անսակարկ եւ անշահախնդիր նուիրումին եւ ծառայութեան համար անոր շնորհել Լիբանանահայ բժշկական միութեան  պատուոյ անդամի կոչում», ըսաւ տոքթ. Վարդապետեան եւ հրաւիրեց բարերարը` ստանձնելու արծաթափայլ վահանակը:

DSC_9852DSC_9862Այնուհետեւ սրտի խօսքով ելոյթ ունեցաւ Սէմ Րագուպեան, որ գոհունակութիւն յայտնեց այն մասին, որ կեդրոնը վերանորոգելու գծով իրեն ներկայացուցած առաջարկը իրականացած է, եւ ներկայ վարչութիւնը զինք չէ զրկած այդ ծառայութեան հաճոյքէն: «Մեծ խանդավառութեամբ կատարեցի այս բարեզարդումը` հաւատալով, որ լաւագոյն նպատակի պիտի ծառայէ ի շահ իմ ասպարէզիս մէջ ինծի միշտ թիկունք կանգնող բժշկական միութեան», հաստատեց Րագուպեան` իր երախտագիտութիւնը յայտնելով անոնց ունեցած վստահութեան եւ յարատեւ գործակցութեան համար: Եզրափակելով իր խօսքը` ան յոյս յայտնեց, որ կատարուած աշխատանքը իր նպատակին ծառայէ, եւ կեդրոնը ըլլայ աւելի գործունեայ եւ արդիւնաբեր, հոն կայանան օգտաշատ հանդիպումներ եւ գիտական դասախօսութիւններ: Ան խոստացաւ միշտ մնալ միութեան կողքին:

DSC_9833

Հանդիսութեան առանձնակի փայլք տուաւ միզաբանութեան մասնագէտ տոքթ. Իմատ Ղանթուս, որ սահիկներով բացատրեց տղամարդոց առողջութեան վերաբերող հարցեր:

DSC_9846

Երեկոն եզրափակուեցաւ հիւրասիրութեամբ եւ մտերմիկ զրոյցով, իսկ ներկաները բաժնուեցան կրկին հանդիպելու խոստումով:

 

 

Նախորդը

17 Վարժարաններէ Շուրջ 300 Աշակերտներ Մասնակցեցան «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի «Անսխալ Գրենք» Մրցումին

Յաջորդը

88 Նորագիրներ Միացան ՀՅԴ-ի Շարքերուն

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.