Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Հանդիպումները Երեւանի Մէջ

December 9, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

hmem2_120815

ՀՄԸՄ-ի նորընտիր Կեդրոնական վարչութիւնը իր Ա. լիագումարի օրերուն, 7 դեկտեմբեր 2015-ին Երեւանի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի եւ մարմնակրթութեան ու երիտասարդութեան հարցերու նախարարներուն հետ:

Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան գնահատեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ու միութեան բոլոր անդամներուն կատարած հայրենանուէր աշխատանքը, նաեւ` երիտասարդութիւնը հայ պահելու եւ դաստիարակելու համար ի գործ դրուած ջանքերը:

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան շնորհակալութիւն յայտնեց նախարարին իր մնայուն աջակցութեան համար եւ ներկայացուց նորընտիր Կեդրոնական վարչութեան կազմը: Ան վստահեցուց, որ ՀՄԸՄ-ը մշտապէս հաւատարիմ է միութեան գլխաւոր նպատակին` հայ երիտասարդներուն առողջ դաստիարակութիւն ջամբել ու անոնց մէջ ամրապնդել հայութեան եւ Հայաստանի նկատմամբ հայրենասիրութեան ու պատասխանատուութեան զգացումը, ինչպէս նաեւ անոնց ծառայելու գիտակցութիւնը:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան յառաջիկայ քառամեայ ծրագիրները, որոնք պիտի իրականացուին հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ սփիւռքի նախարարութեան եւ ՀՄԸՄ-ին միջեւ գործակցութեան զարգացման եւ ամրապնդման առնչուած այլ հարցերու: Շեշտը դրուեցաւ մասնաւորապէս նորընտիր Կեդրոնական վարչութեան քառամեակին զուգադիպող (2018-ին) միութեան 100-ամեակը արժանաւորապէս նշելու ծրագիրներուն եւ այդ ուղղութեամբ համագործակցութեան կարելիութիւններուն վրայ:

hmem_120815

Հայաստանի մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Գաբրիէլ Ղազարեանի հետ հանդիպումի ընթացքին, ծանօթացման բաժինէն ետք, ներկայացուեցան յառաջիկայ քառամեակի ծրագիրներն ու փոխադարձ գործակցութեան կարելիութիւնները, մանաւանդ Համա-ՀՄԸՄ-ական մարզախաղերուն եւ բանակումի ընթացքին:

Նախարարը իր գոհունակութիւնը յայտնեց ՀՄԸՄ-ին` մարզական ծրագիրներու միջոցով երիտասարդութեան համար տարուող աշխատանքներու արդիւնաւէտութեան եւ կարեւորութեան համար: «Մեր նախարարութիւնը սերտօրէն կը համագործակցի ՀՄԸՄ-ին հետ ո՛չ միայն մարմնակրթութեան, այլ նաեւ երիտասարդներու համար իրականացուող ծրագիրներու ընդմէջէն, եւ այդ համագործակցութեան տուած դրական արդիւնքները տարուէ տարի աւելի տեսանելի են բոլորին», նշեց նախարարը:

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան շնորհակալութիւն յայտնեց նախարար Ղազարեանին` ջերմ ընդունելութեան համար եւ մանրամասնութիւններ փոխանցեց 26 երկիրներու մէջ գործող 104 մասնաճիւղերու գործունէութեան մասին: «Հայաստանի մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան եւ Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան համագործակցութիւնը կարելի է հայապահպանութեան օրինակելի ձեւաչափ նկատել», նշեց Գ. Մկրտիչեան:

Հանդիպման աւարտին քննարկուեցան Կեդրոնական վարչութեան եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի համագործակցութեան կարելիութիւնները Հայաստանի մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան հետ:

 

 

Նախորդը

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութիւնը Պարգեւատրեց Իր Բարերարներէն Պերճ Կիւլպէնկեանը

Յաջորդը

Քուէյթի Եւ Շրջակայից Հայոց Թեմը Սեփականատէրը Կը Դառնայ Եկեղեցւոյ Ու Ազգային Առաջնորդարանի Նոր Կալուածի

RelatedPosts

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը,  Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները  Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը  Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»

November 14, 2026
Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան  Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ  Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»
Գլխաւոր լուրեր

Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»

November 14, 2026
Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն  Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական  Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.