Գլխաւոր լուրեր

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան  Լիբանանի Անդամները Այցելեցին  Գրիգոր Պետրոս Ի. Պատրիարքին

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Լիբանանի Անդամները Այցելեցին Գրիգոր Պետրոս Ի. Պատրիարքին

ՀՄԸՄ-ի նորընտիր Կեդրոնական վարչութեան Լիբանանի անդամները հինգշաբթի, 3 դեկտեմբեր 2015-ին այցելեցին Հայ կաթողիկէ համայնքի Գրիգոր Պետրոս Ի. պատրիարքին: Նախ եւ առաջ ՀՄԸՄ-ի աշխարհասփիւռ ընտանիքին անունով շնորհաւորութիւններ փոխանցուեցան ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ ընտրութեան ու գահակալութեան առիթով: Այցելութեան ընթացքին ներկայացուեցան նորընտիր Կեդրոնական վարչութեան աշխարհասփիւռ կազմին մանրամասնութիւնները եւ ՀՄԸՄ-ի ներկայ իրավիճակը: ՀՄԸՄ-ի յառաջիկայ քառամեակի ծրագիրներն ու առաջադրանքները ներկայացնելով` շեշտը դրուեցաւ միութեան եւ Հայաստանի Ա....

ՀՅԴ 125-Ամեակին Առիթով  Աննախընթաց Նուիրահաւաք.  1 Միլիոն 350 Հազար Տոլար`  Ի Նպաստ Հայ Դատի Աշխատանքներուն

ՀՅԴ 125-Ամեակին Առիթով Աննախընթաց Նուիրահաւաք. 1 Միլիոն 350 Հազար Տոլար` Ի Նպաստ Հայ Դատի Աշխատանքներուն

Երէկ` չորեքշաբթի, 2 դեկտեմբերի երեկոյեան Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան 125-ամեակին նուիրուած կալա-ընթրիքը, որուն ընթացքին կատարուեցաւ իւրայատուկ նուիրահաւաք, եւ Հայ դատի աշխատանքներուն ի նպաստ հանգանակուեցաւ 1 միլիոն 350 հազար տոլար: Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին տեղի ունեցած կալա-ընթրիքին ներկայ էին նաեւ խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մըքարիի ներկայացուցիչ տիկին Մահա Մըքարի, Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր...

Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին Մէջ Այսօր  Քուէարկութեան Պիտի Դրուի Ցեղասպանութեան  Ժխտումը Քրէականացնող Նոր Օրինագիծ Մը

Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին Մէջ Այսօր Քուէարկութեան Պիտի Դրուի Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Նոր Օրինագիծ Մը

«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով «Նուվել տ՛Արմենի»-ին, կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ այսօր քուէարկութեան պիտի դրուի Հայոց ցեղասպանութիւնը քրէականացնող նոր օրինագիծ մը: Նոր օրինագիծին հեղինակն է երեսփոխան Վալերի Պուայէ: Յունուար 2013-ին Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելու վերաբերեալ Պուայէի պատրաստած նախագիծը որդեգրուած էր Ֆրանսայի խորհրդարանին եւ Ծերակոյտին կողմէ, սակայն երկրին Սահմանադրական խորհուրդը զայն սահմանադրութեան հակասող նկատած էր:

Արակոնի Խորհրդարանը  Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Արակոնի Խորհրդարանը Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ «Հայաստանի եւրոպացի բարեկամներ» կազմակերպութեան մամլոյ ծառայութենէն յայտնած են, որ Արակոնի խորհրդարանը երէկ որդեգրած է հռչակագիր մը, որ կը ճանչնայ եւ կը դատապարտէ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Երեսփոխան Կրեկորի Պրիզ Սանչեզի մշակած բնագիրը յարգանքի տուրք կը մատուցէ աւելի քան 1,5 միլիոն հայերուն, որոնք սպաննուած են Օսմանեան կայսրութեան ծաւալած գործողութիւններուն պատճառով: Երեսփոխանը թրքական կառոյցներուն, ներառեալ` թրքական կառավարութեան կոչ...

Հայաստան «Քոչարի» Խմբային Պարին Վերաբերեալ  Լրացուցիչ Մշակման Ենթարկուած Դիմումը  Պիտի Ներկայացնէ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Քննարկման

Հայաստան «Քոչարի» Խմբային Պարին Վերաբերեալ Լրացուցիչ Մշակման Ենթարկուած Դիմումը Պիտի Ներկայացնէ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Քննարկման

Նամիպիոյ մայրաքաղաք Վինտհուքի մէջ 30 նոյեմբերէն սկսեալ իր աշխատանքը սկսած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանման միջկառավարական կոմիտէի 10-րդ նստաշրջանը: Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապի վարչութենէն «Արմէնփրես»-ին յայտնած են, որ այլ հարցերու կողքին քննարկուած են Մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ներկայացուցչական ցանկին վրայ արձանագրուելու համար ներկայացուած 35 դիմումներ, որոնց շարքին է նաեւ Հայաստանի...

Դաշնակցութեան Քարոզարշաւը  Կը Շարունակուի.  Վարդանեան. Ոչ Թէ Իրար Ոչնչացնելով  Կարելի Է Բան Փոխել,  Այլ Իրարու Հետ Բանակցելով»

Դաշնակցութեան Քարոզարշաւը Կը Շարունակուի. Վարդանեան. Ոչ Թէ Իրար Ոչնչացնելով Կարելի Է Բան Փոխել, Այլ Իրարու Հետ Բանակցելով»

«Այսօր մեր քաղաքական դաշտին մէջ տիրող ատելութիւնն ու թշնամանքը այնքան մեծցած են, որ բոլորիս վրայ  ազդութիւն ունին: Կը հասկնանք դժգոհութիւններուն պատճառները, բայց մենք պէտք է այս վիճակէն դուրս գանք», Գեղարքունիքի մարզին մէջ սահմանադրական փոփոխութիւններու քարոզարշաւի շրջագիծին մէջ բնակիչներուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան: Պատգամաւորին խօսքով` ոչ թէ իրար...

«Նոր Հայաստան» Ճակատի  Հանրահաւաք` Երեւանի Մէջ

«Նոր Հայաստան» Ճակատի Հանրահաւաք` Երեւանի Մէջ

Լուսանկարը` ԳԱՐԲԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Նոր Հայաստան»  ճակատի հանրահաւաքը: Հանրահաւաքին բացումը կատարեց Ժառանգութիւն կուսակցութեան առաջնորդ Րաֆֆի Յովհաննէսեան: Ներկայացնելով 1 դեկտեմբերէն իրենց յայտարարած բողոքի շարժումներուն  ծրագիրը` Յովհաննէսեան ըսաւ, որ հանրահաւաքներուն նպատակն է իշխանափոխութիւն իրականացնել մինչեւ 6 դեկտեմբեր, երբ նշանակուած է սահմանադրական հանրաքուէն: «Պատերազմ յայտարարած են սեփական երկրի եւ քաղաքացիներուն նկատմամբ, եւ մենք թոյլ պիտի չտանք,...

Ֆրանչիսկոս Պապը Յառաջիկայ Տարի  Հայաստան Այցելելու Յոյս Յայտնած Է

Ֆրանչիսկոս Պապը Յառաջիկայ Տարի Հայաստան Այցելելու Յոյս Յայտնած Է

Ֆրանչիսկոս պապը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ֆրանչիսկոս պապը յոյս յայտնած է, որ 2016-ին պիտի կարենայ այցելել Հայաստան: Ափրիկէ կատարած իր վեցօրեայ ճամբորդութենէն ետք լրագրողներու հետ օդանաւին մէջ ունեցած իր զրոյցին ընթացքին Ֆրանչիսկոս պապը հաստատած է, որ ծրագրած է 2016-ին այցելել Մեքսիքա եւ յոյս յայտնած է, որ պիտի կարենայ այցելել նաեւ Հայաստան, «սակայն ես ծեր եմ, եւ այս ճամբորդութիւնները...

1 Դեկտեմբերը Լիբանանի Համար  Դարձաւ Ազգային Նուաճումի Օր.  Ժապհաթ Նուսրայի Մօտ Գտնուող  16 Բանակայինները Ազատ Արձակուեցան

1 Դեկտեմբերը Լիբանանի Համար Դարձաւ Ազգային Նուաճումի Օր. Ժապհաթ Նուսրայի Մօտ Գտնուող 16 Բանակայինները Ազատ Արձակուեցան

Առեւանգուած բանակայիններուն մարդկային թղթածրարը, որ 16 ամիս շարունակ ցաւցուցած էր, մտահոգած եւ տխրութեամբ համակած անոնց հարազատներուն հոգիները, եւ ինքնաբերաբար յուզած լիբանանցիներն ու ծանրացուցած լիբանանեան պետութեան բեռը, երէկ աւարտեցաւ ազգային նուաճումով մը` բանակայիններուն ազատ արձակումով: Հակառակ վերջին հանգրուանին տիրական դարձած վատ լուրերով արթննալու սովորութեան, լիբանանցիին երէկուան զարթնումը համակուած էր զարմանքով եւ ուրախութեամբ: Ճիշդ է, որ առեւանգուած բանակայիններն ու ներքին ապահովութեան ուժերու...

«Ընդդիմութիւնն Ու Իշխանութիւնը  Պէտք Է Ըլլան Պետական  Շինարարութեան Երկու Կողմերը»  Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան

«Ընդդիմութիւնն Ու Իշխանութիւնը Պէտք Է Ըլլան Պետական Շինարարութեան Երկու Կողմերը» Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան

Սահմանադրական հանրաքուէի քարոզարշաւի շրջագիծին մէջ ՀՅԴ-ի անդամները հանդիպեցան արթիկցիներուն հետ: ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան նշեց, որ մինչեւ հիմա` նախագահական կամ կիսանախագահական կառավարման համակարգերուն մէջ, նախագահներու փոփոխութիւնը որեւէ դրական արդիւնք չէ տուած, հետեւաբար «ոչ»-ի կողմնակիցները կը ցանկան պահպանել այն անձնակեդրոն համակարգը, որ ունի գերլիազօրութիւններ: Սակայն փորձը ցոյց կու տայ, որ գերլիազօրութիւններ ունեցող համակարգը իշխանութիւնը...

Նախագահ Սարգսեան. «Արդի Համաշխարհային  Սպառնալիքները Ո՛չ Ազգային Սահմաններ,  Ո՛չ Միջազգային Իրաւունք Կը Ճանչնան»

Նախագահ Սարգսեան. «Արդի Համաշխարհային Սպառնալիքները Ո՛չ Ազգային Սահմաններ, Ո՛չ Միջազգային Իրաւունք Կը Ճանչնան»

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 30 նոյեմբերին Փարիզի մէջ մասնակցած է ՄԱԿ-ի «Կլիմայի փոփոխութեան մասին» շրջանակային ուխտին թեր պետութիւններու 21-րդ համաժողովին, որուն նախագահութիւնը ստանձնած է Ֆրանսան: Համաշխարհային այդ համաժողովին մասնակցած են 150  պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներ, հազարաւոր պատուիրակներ: Աննախադէպ մասնակցութեամբ բարձր մակարդակի փարիզեան համաժողովի պատուիրակութիւնները նախ յոտընկայս յարգած են յիշատակը Փարիզի ահաբեկչական գործողութիւններու զոհերուն` դիտել տալով, որ այդ դէպքերէն ետք փարիզեան...

Համազգայինի Լիբանանի  Շրջանային Վարչութիւն.  Սեդա Կանաչեան-Թիւսիւզեանի  Մեծարման Երեկոյ

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն. Սեդա Կանաչեան-Թիւսիւզեանի Մեծարման Երեկոյ

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կիրակի, 29 նոյեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Նշան Փալանճեան» ճեմարանի «Վասպուրական» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մեծարանքի երեկոյ` նուիրուած Սեդա Կանաչեան-Թիւսիւզեանի: Հանդիսութեան բացման խօսքը Համազգայինի Լիբանանի Շրջանայի վարչութեան անունով փոխանցեց վարչութեան ատենապետ Սեպուհ Այնթէպլեան: Ան ըսաւ, թէ Սեդա Կանաչեան-Թիւսիւզեանի Լիբանանէն Ամերիկա մեկնումին առիթով մէկտեղուած ենք, եւ թէեւ տխուր է հրաժեշտի այս պահը, սակայն ուրախութեամբ պէտք է...

Կաթողիկոսարանի Երիտասարդական  Բաժանմունքի Գործունէութիւնը.  «Ի Հեճուկս Ցեղասպանին» Խորագրեալ  Ձեռնարկ` Հայոց Ցեղասպանութեան  100-Ամեակին Առիթով

Կաթողիկոսարանի Երիտասարդական Բաժանմունքի Գործունէութիւնը. «Ի Հեճուկս Ցեղասպանին» Խորագրեալ Ձեռնարկ` Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով

Կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Երիտասարդական բաժանմունքին շաբաթ, 28 նոյեմբեր 2015-ի  երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Անթիլիասի Մար Էլիաս եկեղեցւոյ «Ռահպանի» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ի հեճուկս ցեղասպանին» խորագրեալ ձեռնարկը` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Ձեռնարկին բացումը կատարեց Արազ Գոճայեան, որմէ ետք տեղի ունեցաւ «Ֆրիտըմ տենս կրուփ» պարախումբին կողմէ հայկական ազգագրական պարերու ուսուցում, որուն ընթացքին բազմաթիւ օտարներու եւ հայորդիներու հետ հայկական պարեր պարելով...

ՀՅԴ 125-Ամեակի Ձեռնարկներուն Ծիրին Մէջ.  Յարգանք` Նահատակուած Եւ Մահացած  Անմահ Դաշնակցականներուն Յիշատակին

ՀՅԴ 125-Ամեակի Ձեռնարկներուն Ծիրին Մէջ. Յարգանք` Նահատակուած Եւ Մահացած Անմահ Դաշնակցականներուն Յիշատակին

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 125-ամեակին առիթով, երէկ` կիրակի, 29 նոյեմբեր 2015-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան ՀՅԴ պանթէոնին դիմաց տեղի ունեցաւ դաշնակցական նահատակուած եւ մահացած նուիրեալներու, հերոսներու, գործիչներու եւ մտաւորականներու յիշատակին հոգեհանգստեան պաշտօն` նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի: Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք, ՀՄԸՄ-ի  Լիբանանի Շրջանային վարչութեան շեփորախումբին կատարողութեամբ հնչեցին Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները: Ապա պանթէոնին առջեւ զետեղուեցան...

«Համաշխարհային Ա. Պատերազմի  Ողբերգութիւնները» Նիւթով Կլոր Սեղան

«Համաշխարհային Ա. Պատերազմի Ողբերգութիւնները» Նիւթով Կլոր Սեղան

Պէյրութի Արաբական-միջազգային գիրքի ցուցահանդէսի ծիրին մէջ, «Տար Սայէր Մաշրեք»-ի կազմակերպութեամբ շաբաթ, 28 նոյեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 4:30-ին, տեղի ունեցաւ «Համաշխարհային Ա. պատերազմի ողբերգութիւնները» նիւթով կլոր սեղան մը` Պէյրութի Արաբական-միջազգային գիրքի ցուցահանդէսի դասախօսութիւններու սրահին մէջ, «Պիել»: Կլոր սեղանի մասնակիցներն էին Լիբանանեան-ֆրանսական համալսարանի նախագահ դոկտ. Մոհամետ Սալհապ, պատմաբան դոկտ. Քրիսթեն Թաութալ եւ Ռամզի Սալամէ: Կլոր սեղանը վարեց Վերա Եագուպեան: Ան բացման խօսքով...

Կամաւորներու Օր.  Հայութեան Կեանքին Մէջ Կամաւոր Սկզբունքով  Գործող ԼՕԽ-ը Հզօրութեան Եւ Հպարտութեան Աղբիւր Է

Կամաւորներու Օր. Հայութեան Կեանքին Մէջ Կամաւոր Սկզբունքով Գործող ԼՕԽ-ը Հզօրութեան Եւ Հպարտութեան Աղբիւր Է

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին, շաբաթ, 28 նոյեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Կամաւորներու օր»-ուան հանդիսութիւնը: Լիբանանի, Հայաստանի եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, քարոզչական յանձնախումբին անունով խօսք առաւ Սեդա Մանկասարեան, որ անդրադառնալով ԼՕԽ-ին դրամագլուխը հանդիսացող կամաւոր սկզբունքով աշխատանքին` դիտել տուաւ, որ այդպիսով միութիւնը նաեւ լոյս...

ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի Մասնաճիւղի Հիմնադրութեան  45-Ամեակի Հանդիսաւոր Տօնակատարութիւն

ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի Մասնաճիւղի Հիմնադրութեան 45-Ամեակի Հանդիսաւոր Տօնակատարութիւն

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութեան, շաբաթ, 28 նոյեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 9:00-ին, տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի հիմնադրութեան 45-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւնն ու կալա ընթրիքը` «Լը Ռուայալ» պանդոկին մէջ, Տըպպայէ: Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Սիլվա Արսլանեան եւ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն: Ապա բեմ բարձրացաւ...

Խմբագրական.   92-100-125

Խմբագրական. 92-100-125

Աւանդութիւնը  վերականգնուած է արդէն: ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւնները իւրաքանչիւր տարի կը նշեն Պատանիի օրը. կը ծանօթացնեն իրենց գործունէութիւնը գեղարուեստական յայտագիրով եւ հրապարակայնօրէն կու տան հայրենիքին, ազգին ծառայելու իրենց խոստումը: Հրապարակային այս յանձնառութիւնը անշուշտ յատուկ խորհուրդ ունի եւ կ՛ընդգծէ չափահասութեան նախօրեակին արդէն իսկ գաղափարախօսական որոշ արժեհամակարգի ընտրութեան եւ այդ ճամբով ընթանալու որոշումը: Այստեղ անմիջապէս կը մտաբերուի երիտասարդութեան եւ յատկապէս անչափահաս քաղաքացիներուն...

Թելեթոնի Ընթացքին Հանգանակուեցաւ  10 Միլիոն 378 Հազար 465 Տոլար

Թելեթոնի Ընթացքին Հանգանակուեցաւ 10 Միլիոն 378 Հազար 465 Տոլար

Երէկ առաւօտեան` Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 8:00-ին, աւարտած է  «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի 18-րդ պատկերասփիւռային հանգանակութիւնը` «Թելեթոն 2015»-ը, որուն ընթացքին արձանագրուած է 10 միլիոն 378 հազար 465 տոլար նուիրատուութիւն եւ նուիրատուութեան խոստում: Յիշեցնենք, որ այս տարի «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի թելեթոնը կը կրէ «Մեր տունը» ընդհանուր խորագիրը: Նպատակն է բնակարաններով ապահովել Արցախի մէջ բնակող եւ 5 զաւակներէ աւելի ունեցող բազմանդամ ընտանիքները:

Page 730 of 795 1 … 729 730 731 … 795

Արխիւներ