Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարաշի Աղէտի 96-րդ Տարելից Նոր Մարաշի Եկեղեցիներուն Մէջ Հոգեհանգստեան Եւ Պաշտամունքի Արարողութիւններ Ու Ոգեկոչման Ձեռնարկ

Փետրուար 1, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ
Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ

Երէկ` կիրակի, 31 յունուարին Մարաշի աղէտին 96-րդ տարելիցն էր: Նոր Մարաշի երեք յարանուանութիւններու` Սրբոց Քառասնից Մանկանց, Հայ Կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եւ Հայ աւետարանական եկեղեցիներուն մէջ մատուցուեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ, կատարուեցան պաշտամունք եւ հոգեհանգստեան պաշտօններ Մարաշի հին ու նոր ննջեցեալներու անմահ յիշատակին: Եկեղեցիներու խունկի անուշահոտութիւնը, հոգեպարար շարականները եւ հոգեւոր երգերը ըմբոշխնող մարաշցի եւ ոչ մարաշցի հայ հոծ բազմութիւնը լաւագոյն վկան էր հաստատելու, որ հակառակ բոլոր աղէտներուն, հայութիւնը ոչ միայն իր գոյութիւնը փորձած է պահել, այլեւ բազմապատկուած հաւատքով ու աւելի վճռակամ տէր կանգնած է հայ ազգային, մշակութային բոլոր արժէքներուն:

Հոգեհանգստեան արարողութիւններէն եւ պաշտամունքներէն անմիջապէս ետք Մարաշի հայրենակցական միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ Մարաշի աղէտին 96-րդ տարելիցին առիթով: Սրահը լեցուն է հայրենակիցներով, որոնք եկած էին իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու աղէտի զոհերուն յիշատակին: Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մարաշի հայրենակցական միութեան քայլերգներուն ունկնդրութեամբ:

Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ
Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ

Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Մարաշի հայրենակցական միութեան ատենապետ Ժան Մոմճեան: Ան ողջունելէ ետք ներկաները, ներկայացուց Մարաշի Հայրենակցական Միութեան հակիրճ տեղեկագիրը, որուն ընդմէջէն լուսարձակի տակ առաւ միութեան միամեայ գործունէութիւնն ու ծրագիրները, որոնք իրականացուած են միութեան կողմէ, ինչպէս օրինակ` տարեկան պատի օրացոյցը, «Գերմանիկ» կեդրոնի վերանորոգուած բացման հանդիսութիւնը, կրթանպաստներ հայկական վարժարաններ յաճախող սաներու եւ համալսարանականներու, Մարաշի աղէտի 95-րդ տարելիցի ոգեկոչում, մշակութային տարբեր ձեռնարկներու աջակցութիւն, հայկական վարժարաններու օժանդակութիւն, բարոյական եւ նիւթական օժանդակութիւն զանազան կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու, գիրքի մեկենասութիւն եւ հիւրընկալութիւն Ուրուկուէյէն 62 մարաշցի հայրենակիցներու:

Մարաշի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ
Մարաշի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ

Մոմճեանի խօսքէն ետք ելոյթ ունեցաւ վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան:  Ան ակնարկ մը նետելով պատմական իրականութեան վրայ ըսաւ, որ Ցեղասպանութիւն ապրած եւ անկէ ազատած հայ ժողովուրդը անգամ մը եւս Մարաշի մէջ ենթարկուած է դաւադրութեան, տեղահանութեան եւ ապա ինքզինք գտած Պէյրութի մէջ: Ան անդրադառնալով մարաշցիներուն կորսնցուցած ահագին հարստութեան` եկեղեցիներ, դպրոցներ, շէնքեր, ակումբներ, ըսաւ. «Մենք աղէտը յիշելով պէտք չէ բաւարարուինք, այլ մենք մեզ պէտք է յիշեցնենք, որ այն բոլոր հարստութիւնները մեզի կը պատկանէին: Մենք մեզ պէտք է յիշեցնենք, որ տակաւին աշխատանք ունինք կատարելիք, պայքար ունինք շարունակելիք` կորսուածը պահանջելու եւ օր մըն ալ անոր վերատիրանալու»: Վեր. Մսըրլեան յայտնեց, որ հայ ժողովուրդը յոյսի ժողովուրդ է: Յոյսով իր բոլոր աղէտները վերածած է կեանքի, վկայ` Վարդանանց ճակատամարտը, Հայոց եղեռնը, Մարաշի աղէտը, որմէ ետք կառուցուած է Նոր Մարաշը իր դպրոցներով, եկեղեցիներով, ակումբներով, միութիւններով, որոնք կ՛աշխատին պահել հայ ազգային արժէքները, մշակոյթը եւ կը ջանան յաջորդ սերունդներուն փոխանցել պայքարի ոգին այն համոզումով, որ հայութիւնը պիտի տիրանայ իր իրաւունքներուն: Ան իր խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց Մարաշի հայրենակցական միութեան ատենապետին եւ բոլոր գործօն անդամներուն իրենց բեղուն գործունէութեան համար:

Խօսք առաւ նաեւ Շնորհք քհնյ. Տէր Արթինեան: Ան ըսաւ. «Հայութիւնը տարիներ շարունակ ոգեկոչած է նահատակներուն յիշատակը եւ պիտի շարունակէ ոգեկոչել: Մենք շատ լաւ գիտենք արժեւորել մեր նահատակները: Նահատակներուն յարգանքի տուրք մատուցելով բան մը կը սորվեցնենք նոր սերունդին, որ պիտի շարունակէ մեր ընթացքը: Պիտի շարունակենք յիշել, մինչեւ որ հասնինք մեր սուրբ նպատակին»:

Ելոյթ ունեցաւ նաեւ հայր Ղազար վրդ. Պետրոսեան: Ան ըսաւ, թէ մարաշցին, ո՛ւր ալ գացած է, շէնցուցած, զարգացուցած եւ հողին արժէքը ցոյց տուած է իր հայրենակիցներուն, զաւակներուն` պահելով ազգային ու կրօնական արժէքները: Հայր Ղազար վրդ. Պետրոսեան նկատել տուաւ, թէ աղէտէն ետք մարաշցին դարձած է Մարաշի դեսպանը սփիւռքի տարածքին, ան իր հետ տանելով քանդուած հայրենիքին վսեմ բեկորները ծիլ տուած է հերոս նորակերտ Մարաշին: Հայր Ղազար իր խօսքի աւարտին նշեց, որ մարաշցին սփիւռքի տարածքին պատգամ ունի պատրաստելու, մշակելու գալիք սերունդը` կորսուած հողին ու արժէքին կառչելու հրամայականով: Ապա ան եզրափակեց խօսքը ըսելով. «Մարաշի հողերը մեզի կը կանչեն: Մենք առաքելութիւն ունինք դառնալու Մարաշ եւ հաստատուելու հոն»:

Հոգեսուրճէն ետք երեք յարանուանութիւններու հոգեւոր հայրերուն աղօթքով փակուեցաւ Մարաշի աղէտին 96-րդ տարելիցի ոգեկոչման ձեռնարկը:

Նախորդը

Հոգեհանգստեան Պաշտօն` Ի Յիշատակ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Երջանկայիշատակ Հայրապետներուն Եւ Հոգելոյս Միաբաններուն

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?