ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի մամլոյ դիւանին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեամբ մը յայտարարուեցաւ, որ 3 փետրուարին Երեւանի «Արամ Մանուկեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի նախաձեռնութեամբ կայացող ներկազմակերպական հերթական խորհրդակցութիւնը: Հանդիպումին կը մասնակցէին ՀՅԴ Բիւրոյի, Գերագոյն մարմինի անդամներ եւ կուսակցական աշխուժ ու մտաւորական շրջանակի շուրջ 70 ներկայացուցիչներ:
Խորհրդակցութեան ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան սահմանադրական բարեփոխումներու պարունակին մէջ անդրադարձաւ ՀՅԴ-ի դերակատարութեան ու կատարելիք աշխատանքներուն, իշխանութեան հետ հաւանական համագործակցութեան ձեւաչափին վերաբերող հարցերու:
Կարեւոր նկատուեցաւ հանրութեան բացատրելու եւ պատշաճ կերպով ներկայացնելու կուսակցութեան մօտեցումները: Յատուկ կերպով լուսարձակի տակ առնուեցաւ սահմանադրութեան լիարժէք կենսագործման ուղղութեամբ յստակ քայլերու ձեռնարկման եւ իբրեւ առաջին քայլ` վստահութիւն ներշնչող նոր Ընտրական օրէնսգիրքի մշակման ու ընդունման անհրաժեշտութիւնը:
Խորհրդակցութեան ընթացքին յատկապէս շեշտը դրուեցաւ պետականաշինութեան նոր հանգրուանին Դաշնակցութեան ստանձնելիք գործօն դերակատարութեան կարեւորութեան վրայ:
Հանդիպման աւարտին տեղի ունեցած հարց-պատասխանի ընթացքին Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեանն ու Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեանը պարզաբանումներ ներկայացուցին օրակարգային շարք մը հարցերու առնչութեամբ: