Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արմէն Ռուստամեան. «Երկրին Մէջ Ունինք Լուրջ Խնդիրներ, Որոնք Պէտք Է Յաղթահարել, Անոր Համար ՀՅԴ-ն Պատրաստ Է Ամէն Ինչ Տալու»

Փետրուար 3, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

armen_020216

ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան 2 փետրուարին կրկին անդրադարձած է իր կատարած այն յայտարարութեան, թէ իշխանութիւնները հեղինակազրկուած են: Ազգային ժողովի դահլիճին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Արմէն Ռուստամեան ընդգծած է, որ, իր կարծիքով, այդ բոլորը մամուլի «թեթեւ ձեռքով բովանդակութենէ դուրս բերուած ձեւով ներկայացուած է»` պնդելով, որ ինք այդ մէկը ըսած է իրավիճակի տրամաբանական վերլուծութեամբ եւ չի հրաժարիր իր խօսքէն: «Եթէ լուրջ դժգոհութիւն կայ, իսկ այդ դժգոհութիւնը կայ, կը կարծեմ, որ նոյնիսկ սահմանադրական հանրաքուէի ընթացքին  արձանագրուած «ոչ»-ի քանակը կը խօսի այն մասին, որ կայ լուրջ դժգոհութիւն: Եւ ուրեմն` այդ դժգոհութիւնը չի՞ նշանակեր, որ կան չլուծուած հարցեր, կուտակուած խնդիրներ, որոնք լուծուած չեն, եւ պէտք է զանոնք լուծել: Բնականաբար, չի կրնար մեծ հեղինակութիւն ունենալ իշխանութիւնը, եթէ չի լուծեր յառաջացած խնդիրները: Այդ հեղինակութեան պակասը նաեւ մեր խնդիրն է, մենք ատիկա չենք դիտարկեր միայն իբրեւ իշխող ուժի խնդիր: Կ՛ուզենք երկիրը բերել այնպիսի մակարդակի, որ ժողովուրդը վստահի իր իշխանութիւններուն», ըստ «Արմէնփրես»-ին, ըսած է Ռուստամեան:

Ան աւելցուցած է, որ իշխանութիւններուն հետ Դաշնակցութեան համագործակցութիւնը խորքին մէջ միջոց է` նպատակներուն հասնելու համար: «Մեր համագործակցութիւնը միջոց է, ես նպատակներուն մասին կը մտածեմ, որ մեր երկիրը այս իրավիճակէն դուրս գայ: Երկրին մէջ ունինք լուրջ խնդիրներ, որոնք պէտք է յաղթահարել: Այդ պատճառով Դաշնակցութիւնը պատրաստ է ամէն ինչ դնելու` անգամ իր հեղինակութիւնը: Այս հարցով ոեւէ մէկուն մօտ թող կասկած չմնայ: Մենք լաւ հոլովոյթ մը սկսած ենք, պէտք է շարունակենք, որպէսզի դրական արդիւնքներով շտկենք երկրին մէջ տիրող իրավիճակը: Մեր միակ մտահոգութիւնը այն է, որ չվտանգուի երկրին յառաջընթաց զարգացումը, ինծի համար այլ մտահոգութիւն գոյութիւն չունի: Որեւէ համագործակցութիւն ստորադաս է այդ խնդիրին: Մենք ինքնանպատակ որեւէ համագործակցութեան մէջ չենք մտած եւ չենք մտներ», նշած է Արմէն Ռուստամեան:

ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավարը կը վստահեցնէ, որ իրենք իշխանութիւններուն հետ կը համագործակցին յանուն երկրի եւ ժողովուրդի ապագային: «Այդ վէճը, որ սկսած է մամուլին մէջ, մեզի  համար անընդունելի է. մենք պաշտօններու համար կռիւ չենք ըներ, մենք աթոռակռիւ չենք ըներ: Մեր մասնակցութեամբ կուտակուած հարցերը  կ՛ուզենք լուծել, անընդհատ կ՛ըսենք, բայց կան հակադաշնակցական տրամադրութիւններու մէջ ապրող մարդիկ, որոնք կ՛ուզեն Դաշնակցութիւնը տեսնել իրենց նախնական պատկերացումներով», շեշտած է Ռուստամեան:

Անդրադառնալով նախագահ Սերժ Սարգսեան-ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան հանդիպումին ընթացքին ծաւալած խօսակցութիւններուն` Ռուստամեան պարզաբանած է, որ հանդիպումները պիտի ըլլան շարունակական, այնքան ատեն որ տակաւին վերջնական յստակեցումներ չեն գոյացած: Ըստ անոր, իրենք յստակօրէն բացատրած են, թէ ո՛ր ճամբով կ՛ուզեն երթալ, իսկ այդ հանդիպումները միջոց են իրենց բարձրացուցած խնդիրները լուծելու:

 

Նախորդը

Ստորագրահաւաք` Անիի Տիգրան Հոնենց Եկեղեցւոյ Հարցով

Յաջորդը

Ա. Սէ. Միլան Խզեց Իր Պայմանագրութիւնը Տը Եոնկին Հետ

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 17, 2025
Խմբագրական  «Փիս Էքթ»-ը  Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական «Փիս Էքթ»-ը Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը

Հոկտեմբեր 17, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի Վարժարաններ Եւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի Վարժարաններ Եւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?