Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՖՀԻԼ-ի Կողմէ Կրթանպաստ` Հայ Համալսարանականներուն Եւ Երկրորդականի Աշակերտներուն

February 4, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

AFHIL1_020316

Երէկ` չորեքշաբթի, 3 փետրուար 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ հայ համալսարանականներ եւ երկրորդական վարժարաններու աշակերտներ ստացան ԱՖՀԻԼ-ի կրթանպաստները: Ձեռնարկին ներկայ էին վարժարաններու տնօրէններ, բարեսիրական հաստատութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ուսուցիչներ, ուսանողներ եւ ծնողներ:

Յակոբ Լատոյեան
Յակոբ Լատոյեան

Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ ԱՖՀԻԼ-ի տնօրէն Յակոբ Լատոյեան: Ան յայտնեց, թէ ԱՖՀԻԼ իրերօգնութեան սնտուկը սովորութիւն ունի ամէն տարի իր հասոյթէն նպաստ յատկացնել համալսարանականներուն, երկրորդական վարժարաններու աշակերտներուն եւ միութիւններուն: Ապա անդրադառնալով ԱՖՀԻԼ-ի ընթացիկ տարուան աշխատանքներուն` հաստատեց, որ հակառակ երկրին մէջ տիրող տնտեսական, ապահովական եւ քաղաքական անորոշ վիճակին ու գաղթականներու երեւոյթին` ԱՖՀԻԼ-ի անդամներուն թիւը 14 առ հարիւր աճ արձանագրած է: Լիբանանի մէջ գտնուող 96 հիւանդանոցներուն եւ 126 ախտաճանաչման կեդրոններուն հետ ունեցած է մարդասիրական սկզբունքի վրայ գործակցութիւն: Իսկ նոյեմբեր ամսուն ԱՖՀԻԼ Ժընեւի մէջ մասնակցած է տարեկան մրցանքի մը եւ ստացած յատուկ մրցանակ` կազմակերպուած աշխատանքի ու մասնագիտական մօտեցման համար:

Յակոբ Լատոյեան ըսաւ, որ ազգային կառոյցները կրնան յաջողութիւններ ձեռք  ձգել հաւաքական աշխատանքով: Ազգային հաստատութիւնները լիարժէք չափանիշներով կը գործեն, եթէ ժողովուրդին զօրակցութիւնն ու վստահութիւնը վայելեն: Ապա ան նշեց, որ հանդիպումին նպատակը պարզապէս նիւթական նպաստ բաժնելը չէ, այլ` ԱՖՀԻԼ-ը ծանօթացնել եւ անոր ընդմէջէն բոլորը հրաւիրել մասնակից ըլլալու ազգային, միութենական, կրօնական, մշակութային, կրթական թէ մարզական աշխատանքներուն: Չմոռնալով միաժամանակ, որ բոլոր ժամանակներէն աւելի անհրաժեշտ է նեցուկ կանգնիլ հայրենիքի բարգաւաճման եւ հզօրացման: Լատոյեան եզրափակեց իր խօսքը ըսելով. «ԱՖՀԻԼ-ը իւրաքանչիւր հայու կողքին եղած է ու պիտի մնայ միշտ: Բոլորիդ ներդրումին պէտք ունինք: Միասին աւելի զօրաւոր կ՛ըլլանք»:

Իր խօսքի աւարտին Լատոյեան հրաւիրեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեանը իր սրտի խօսքը արտասանելու:

Դեսպան Աշոտ Քոչարեան
Դեսպան Աշոտ Քոչարեան

Դեսպան Աշոտ Քոչարեան շնորհաւորեց աշակերտները եւ ըսաւ. «Քաջատեղեակ ենք ԱՖՀԻԼ-ի բազմաբովանդակ, բազմածաւալ աշխատանքներուն եւ բարձր որակի ծառայութիւններուն մասին, որոնք կը մատուցուին հայ հասարակութեան»: Ապա դիտել տուաւ, թէ ինչպէ՛ս ԱՖՀԻԼ իր գործունէութիւններով կը հետեւի մարդու առողջութեան եւ ապահովութեան, որոնք անհրաժեշտ են ամէնօրեայ կեանքին մէջ: Դեսպան Աշոտ Քոչարեան բարձր գնահատեց ԱՖՀԻԼ-ի անցեալ տարուան բոլոր նախաձեռնութիւնները եւ արձանագրած յաջողութիւնները: Բարձր գնահատեց նաեւ ԱՖՀԻԼ-ի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան միջեւ ծաւալած գործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ սերտ համագործակցութիւնը: Ան ըսաւ, որ աւանդական դարձած նպաստներու բաշխման ձեռնարկը իր նպատակային եւ դաստիարակչական իմաստը ունի: Բարձր կը գնահատուի կրթօճախներու տնօրէններու ջանասէր աշխատանքը, որովհետեւ շնորհիւ իրենց ամէնօրեայ գնահատելի աշխատանքին, կ՛ապահովուի հայեցի դաստիարակութիւն, հայապահպանութիւն, լեզուապահպանութիւն, կրթական հարուստ արժէքներու եւ աւանդութիւններու զարգացում ու հզօրացում:

Ապա խօսքը ուղղելով ուսանողներուն դեսպան Քոչարեան ըսաւ. «Սիրելի՛ ուսանողներ, պէտք է ձեր նպաստը եւ մասնակցութիւնը բերէք նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի հզօրացման, որ շատ կարեւոր է: Անցեալ տարուան Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի շրջանակներուն մէջ իրականացուած համատեղ աշխատանքները ապացուցեցին ամբողջ աշխարհին, որ հայրենիքն ու սփիւռքը միասնակամ են, համախմբուած եւ յաղթանակած են բոլոր մարտահրաւէրներուն, որոնք ծառացած են հայութեան առջեւ: Իւրաքանչիւրի արհեստավարժութեան նուիրուածութեան շնորհիւ կարելի  է հասնիլ նոր յաջողութիւններու, արձանագրել նոր ձեռքբերումներ եւ յաղթանակներ»:

AFHIL2_020316

Ձեռնարկի աւարտին ուսանողները ստացան իրենց նպաստները:

 

 

Նախորդը

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Հոգեֆիզիքական Հիւանդութիւններ» Նիւթով

Յաջորդը

Ինթեր Միլան Կրնայ Իր Կազմին Միացնել Տիարան

RelatedPosts

Խմբագրական.   Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի  Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ

September 15, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.