Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուստամեան. «ՀՅԴ-ն Իշխանութեան Որակը Փոխելու Ցանկութիւն Ունի»

February 2, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Rusdamian_020116

ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան 1 փետրուարին խորհրդարանին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին անդրադարձած է Դաշնակցութիւն-իշխանութիւն համագործակցութեան եւ յստակեցուցած, թէ ի՛նչն է պատճառը, որ իշխանութեան հետ համագործակցութեան անցան ինքնին այս հանգրուանին:

«Այս սահմանադրութենէն կը բխին տասը-տասնհինգ շատ կարեւոր օրէնքներ, կը բխին մօտ 400-է աւելի օրէնքներու փոփոխութիւններ, որոնց մէջ Դաշնակցութիւնը պէտք է ըլլայ համահեղինակ: Փորձը փաստեց, որ եթէ դուն  դուրսէն կը խօսիս, քու ըսածներդ այդքան չեն արձանագրուիր հետագայ նախագիծերուն մէջ: Կ՛ուզենք համահեղինակ ըլլալ բոլոր այս օրէնքներուն ընդունման հարցին մէջ: Այս է գլխաւոր նպատակը: Զուգահեռաբար` միայն դէտի դերակատարութեան մէջ հանդէս գալով` մենք այդ խնդիրը չէինք կրնար լուծել: Այս է ամբողջ նպատակը, որ մենք երթանք  աւելի սերտ համագործակցութեան` հասկնալով, որ շատերը կրնան ատիկա տարբեր ձեւով մեկնաբանել», ըսած է պատգամաւորը:

Ան դիտել տուած է, որ երբ Դաշնակցութիւնը որոշէ քայլի մը դիմել, անպայման կը գործադրէ զայն: «Ով ինչ կ՛ուզէ թող խօսի, վերջը  արդիւնքները ամէն ինչ ցոյց կու տան: Վնաս չունի, եթէ այս ընթացքին  մենք վարկանիշի անկում ունենանք. իշխանութեան հետ ըլլալը վարկանիշի անկում կ՛ենթադրէ, բայց աւելի լաւ է` մենք այս գինը վճարենք, քան ազգովին պետութիւնը կորսնցնենք: Այդ պատճառով  մենք այս ճամբան ընտրեցինք եւ չվախցանք մեր վարկանիշի ժամանակաւոր կորուստէն: Մենք վստահ ենք, որ ապագայի արդիւնքները շատ աւելի կարեւոր են, քան այն, ինչ որ խօսեցան մեր մասին», նշած է Ռուստամեան:

Ան նշած է, որ միայն իշխանութիւնը չէ, որ վատ վիճակի մէջ է, այլ ամբողջ երկիրը: «Անոնք հասկցան, որ պէտք է կատարեն այս փոփոխութիւնները, քանի որ այսպէս շարունակել այլեւս կարելի չէ: Թող  այս ընթացքին ալ հայհոյեն: Յանուն գալիք վառ խարոյկի, ես պատրաստ եմ այսօր ծխալ, յանուն վաղուան ճշմարտութեան, թող հիմա ծխանք: Դաշնակցութիւնը չի կրնար պարզ կարգով յառաջ գնալ, ատիկա պարզունակ կուսակցութիւն չէ. 32 երկիրներու մէջ Դաշնակցութիւնը կառոյցներ ունի, ցոյց տուէք մէկը, որ ատիկա ունի: Եթէ ժողովուրդին 80 առ հարիւրը դժգոհ է մէկէն, բայց անոր ձայն կու տայ, ուրեմն մեր երկրին մէջ սխալ բան մը կայ: Մենք կ՛ուզենք համակարգը փոխել: Եթէ միայն այդ դաշտը մնացած է, մենք պատրաստ ենք այդտեղ պայքարիլ: Ընդդիմութեան միացանք, մտանք քառեակ, քառեակը մեր ըսածները չկատարեց: Քառեակը թող մնար մեր գիծին վրայ, մենք մեր խնդիրները կը լուծէինք: Նոյնիսկ երկու ամիս չդիմացան, ինչ որ կը նշանակէ` սխալ մարտավարութիւն ընտրած էին: Եթէ իշխանութիւնը հեղինակազրկուած է, ատիկա բոլորիս խնդիրն է: Այդ հեղինակազրկուած ուժը մեզ կը ղեկավարէ: Իրավիճակին մէջ իրական ազդեցութիւն ունեցողը ատիկա է: Մենք այդ պատճառով կը մտնենք, կը մտնենք, որ իշխանութեան որակն ալ փոխենք, երկրին մէջ իրավիճակ փոխուի», եզրափակած է Արմէն Ռուստամեան:

 

 

Նախորդը

Կառավարութեան Գործունէութիւնը Կը Թուի Հունի Մէջ Մտած Ըլլալ

Յաջորդը

Նալբանդեան Հանդիպում Ունեցած Է ԵԱՀԿ-ի Անդամ Պետութիւններու Դեսպաններուն Հետ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Իսրայէլի Թիրախափոխումները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլի Թիրախափոխումները

February 25, 2026
Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ  Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ  Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»

February 25, 2026
Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»
Գլխաւոր լուրեր

Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.