Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններ.  Դաշնակցական Պատանիի Օրուան Հանդիսաւոր Նշում

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններ. Դաշնակցական Պատանիի Օրուան Հանդիսաւոր Նշում

Երէկ` ուրբաթ, 27 նոյեմբեր 2015-ին, ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին կազմակերպութեամբ, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով` «Վերանորոգե՛նք հայ պատանիին կոչումը» խորագիրով տեղի ունեցաւ Պատանիի օրուան նուիրուած հանդիսութիւն: Արտասանուեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութեան Ընդհանուր վարիչ մարմինի խօսքը: Տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Օրուան բանախօսն էր Անի Բագրատունի: Հանդիսութեան վերջին բաժինով 136 պատանիներ տուին իրենց խոստումը: Պատանիի օրուան նուիրուած հանդիսութեան մանրամասնութեամբ կ՛անդրադառնանք...

«Հայր Վարդան Աշգարեան» Փողոցի  Բացման Պաշտօնական Հանդիսութիւն

«Հայր Վարդան Աշգարեան» Փողոցի Բացման Պաշտօնական Հանդիսութիւն

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին հովանաւորութեամբ, Հազմիէի քաղաքապետարանին կազմակերպութեամբ, երէկ` ուրբաթ, 27 նոյեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին Հազմիէի Մխիթարեան վանքին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայր Վարդան Աշգարեան» փողոցի անուանակոչութեան նուիրուած պաշտօնական հանդիսութիւն: Ներկայ էին Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխաններ Ալեն Աուն եւ Հիքմաթ Տիպ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ...

Հայկական Իւրայատուկ Եւ Սերունդներուն  Իբրեւ Կտակ Փոխանցուած  Ձեռագործներու Ցուցահանդէսի Բացում

Հայկական Իւրայատուկ Եւ Սերունդներուն Իբրեւ Կտակ Փոխանցուած Ձեռագործներու Ցուցահանդէսի Բացում

Հայկական ասեղնագործութեան եւ ձեռարուեստի պահպանումը հանդիսացած է ԼՕԽ-ի հիմնական առաքելութիւններէն մէկը, որ ցարդ կը շարունակուի շնորհիւ նուիրեալ եւ յաճախ վարագոյրի ետին գործող կիներու, որոնք տակաւին հայկական ձեռագործներուն արժէքին իսկապէս գիտակ են, այդ պատճառով ալ ամենայն բծախնդրութեամբ կը հիւսեն եւ զանոնք իբրեւ թանկագին նուէր ու աւանդ կը դնեն հայերուն եւ օտարներուն տրամադրութեան տակ, նաեւ այդ բոլորը կը կտակեն յառաջիկայ սերունդներուն` իբրեւ...

ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան»  Ուսանողական Միութեան 25-Ամեակ.  Հրանդ Մարգարեան. «Կարեւոր Կը Նկատենք Մեր Ուսանողութեան Դերը Մեր Ժողովուրդի,  Մասնաւորապէս Դաշնակցութեան Պատմութեան Մէջ»

ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական Միութեան 25-Ամեակ. Հրանդ Մարգարեան. «Կարեւոր Կը Նկատենք Մեր Ուսանողութեան Դերը Մեր Ժողովուրդի, Մասնաւորապէս Դաշնակցութեան Պատմութեան Մէջ»

ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական միութիւնը 25 տարեկան է: 1990-ականներու դժուար տարիներուն ստեղծուած, այդ դժուարութիւններուն մէջէն անցած եւ զանոնք պատուով յաղթահարած միութիւնը կը շարունակէ ուսանողներու նորանոր սերունդներ ընդունիլ իր շարքերուն մէջ, համախմբել ու դաստիարակել զանոնք: Այս տարուան ընթացքին տարբեր նախաձեռնութիւններով նշուեցաւ միութեան 25-ամեակը, իսկ 25 նոյեմբերին տեղի ունեցաւ եզրափակիչ ձեռնարկը: Մոսկուայի Հայ դատի գրասենեակի ներկայացուցիչ Եուրի Նաւոյեան 25 տարուան անցեալ ունեցող...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինը ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ, թէ հինգշաբթի, 26 նոյեմբեր 2015-ին տեղի ունեցած ռատիոթոն-դրամահաւաքին ընթացքին համայն լիբանանահայութեան ջանքերով հանգանակուեցաւ 67.000 ամ. տոլար` ի նպաստ Արցախի մէջ ապրող բազմազաւակ ընտանիքներուն համար նոր բնակարաններ կառուցելու «Մեր տունը» ծրագիրին: Լիբանանահայութիւնը անգամ մը եւս փաստեց, որ հակառակ ամբողջ շրջանին եւ մասնաւորաբար երկրին մէջ տիրող ապահովական, քաղաքական եւ տնտեսական ոչ նպաստաւոր պայմաններուն,...

Զուիցերիոյ Եկեղեցիներու Միացեալ Պատուիրակութեան  Մամլոյ Ասուլիսը` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ  «Մենք Զարմացած Ենք Փերինչեքի Հարցով Արձակուած Վճիռէն»  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Պատուելի Սերժ Ֆորներոտ

Զուիցերիոյ Եկեղեցիներու Միացեալ Պատուիրակութեան Մամլոյ Ասուլիսը` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ «Մենք Զարմացած Ենք Փերինչեքի Հարցով Արձակուած Վճիռէն» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Պատուելի Սերժ Ֆորներոտ

Հինգշաբթի, 26 նոյեմբեր 2015-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ Զուիցերիոյ Բողոքական եկեղեցիներու խորհուրդի եւ Զուիցերիոյ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներու համախմբումի պատուիրակութիւններու մամլոյ ասուլիսը, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ «Կրօնական ազատութիւնը` բազմամշակութային ընկերութեան մը ապագային ապաւէնը» թեմայով կոչ մը` ուղղուած Լիբանանի եւ համայն աշխարհի կրօնական եւ քաղաքական իշխանութիւններուն, որպէսզի իրենց կարելին ի գործ դնեն պահպանելու համար իւրաքանչիւր անհատի կրօնական ազատութիւնները:...

Զաւարեան Ուսանողական Գրասենեակ. Համալսարանական Մասնագիտութիւններու Արեւելում

Զաւարեան Ուսանողական Գրասենեակ. Համալսարանական Մասնագիտութիւններու Արեւելում

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան Զաւարեան ուսանողական գրասենեակին, երէկ` հինգշաբթի, 26 նոյեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 2:00, տեղի ունեցաւ «Ճշդէ՛ ապագադ» խորագիրով համալսարանական մասնագիտութիւններու արեւելում, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ: Արեւելումին իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանահայ զանազան վարժարաններու երկրորդական դասարաններու աւելի քան 350 աշակերտներ, որոնք հերթաբար հասան «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահ եւ տեղեկութիւններ ու ցուցմունքներ ստացան համալսարաններու, մասնագիտութիւններու,...

Դեսպան Քոչարեան Մասնակցեցաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի  Կազմին Մէջ Խաղաղապահ Առաքելութիւն  Իրականացնող Հայկական Զօրախումբի  Հերթափոխի Արարողութեան

Դեսպան Քոչարեան Մասնակցեցաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի Կազմին Մէջ Խաղաղապահ Առաքելութիւն Իրականացնող Հայկական Զօրախումբի Հերթափոխի Արարողութեան

25 նոյեմբերին Լիբանանի հարաւը գտնուող Շամա զօրաւանին մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ առաքելութեան արեւմտեան բաժինի կեդրոնակայանին մէջ  տեղի ունեցաւ հայկական զօրախումբի հերթափոխի աւարտման պաշտօնական հանդիսութիւնը: Ծառայութեան աւարտէն ետք հայ խաղաղապահներու 2-րդ զօրախումբը լիազօրութիւնները փոխանցեց Շամա հասած յաջորդ` 3-րդ զօրախումբին: Ձեռնարկին ելոյթներով հանդէս եկան 2-րդ զօրախումբի հրամանատար գնդապետ Վահան Աւագեան, կեդրոնակայանի հրամանատար` գնդապետ-զօրավար Ֆրանքօ Ֆետերիչի եւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ...

Խմբագրական.  ՄԵՐ ՏՈՒՆԸ

Խմբագրական. ՄԵՐ ՏՈՒՆԸ

Այսօր կը մեկնարկէ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տարեկան հերթական հանգանակութիւնը: «Հայաստան» հիմնադրամը հաւանաբար համահայկական առաջին ցանցային եւ բրգաձեւ կառոյցն է, որուն մէջ ներառուած են Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններն ու սփիւռքը իր բոլոր բաղադրատարրերով: Ըստ էութեան «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի կառուցաձեւին հիման վրայ էր, որ աւելի ուշ կեանքի կոչուեցան Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի  պետական եւ տարածաշրջանային յանձնախումբերը: «Հայաստան» հիմնադրամը հիմնովին կը ծառայէ հայրենաշինութեան նպատակին:...

«Հայաստանը Պէտք Է Մնայ Աշխարհի  Ամէնէն Անվտանգ Երկիրներու Շարքին»  Կ՛ըսէ Նախագահ Սարգսեան

«Հայաստանը Պէտք Է Մնայ Աշխարհի Ամէնէն Անվտանգ Երկիրներու Շարքին» Կ՛ըսէ Նախագահ Սարգսեան

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան 25 նոյեմբերին աշխատանքային քննարկում ունեցած է Հայաստանի ազգային անվտանգութեան ծառայութեան եւ ոստիկանութեան ղեկավարներուն հետ` իրաւապահ այս կառոյցներու իրաւասութեան վերաբերող հարցերուն շուրջ: Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնի եւ ոստիկանութեան պետի զեկուցումներուն գծով երկրի ղեկավարը նշած է, որ ներկայիս աշխարհաքաղաքական զարգացումները կը ստիպեն խստացնել Հայաստանի քաղաքացիներուն եւ երկրին մէջ գտնուող իւրաքանչիւր անձի անվտանգութեան ապահովման վերաբերող միջոցառումները: «Այս գործերը...

Հայաստանն Ու Սերպիան Զինուորական Մարզին Մէջ  Համագործակցութեան Յուշագիր Ստորագրեցին

Հայաստանն Ու Սերպիան Զինուորական Մարզին Մէջ Համագործակցութեան Յուշագիր Ստորագրեցին

Հայաստանի եւ Սերպիոյ պաշտպանութեան նախարարներ Սէյրան Օհանեանն ու Պրաթիսլաւ Կաշիչը զինուորական մարզին մէջ ստորագրած են համագործակցութեան յուշագիր, որ հիմք պիտի ծառայէ 2016 թուականէն երկու երկիրներուն միջեւ զինուորական մարզին մէջ աւելի աշխուժ համագործակցութեան: Յուշագիրի ստորագրութենէն ետք տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան յայտնած է, որ համագործակցութիւնը պիտի ըլլայ քանի մը ուղղութեամբ` զինուորական իրաւագիտութիւն, զինուորական կրթութիւն, բժշկութիւն եւ խաղաղապահութիւն:...

Երկխօսութեան Նիստը Քննարկեց Կառավարութեան  Աշխատանքը Աշխուժացնելու Կարելիութիւնները

Երկխօսութեան Նիստը Քննարկեց Կառավարութեան Աշխատանքը Աշխուժացնելու Կարելիութիւնները

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Այն Թինէի մէջ նախագահեց ազգային երկխօսութեան նիստին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին երկրին վարչապետն ու լիբանանեան քաղաքական ուժերուն ներկայացուցիչները, որոնց շարքին` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Նիստէն բացակայեցաւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն, որ ներկայացուեցաւ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանով, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ նիստը...

ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութիւն.  «Կրթութիւն Հայաստան» Կազմակերպութեան  Ներկայացուցիչ Թինա Աւագեանին Հետ Հանդիպում-Հաւաք

ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութիւն. «Կրթութիւն Հայաստան» Կազմակերպութեան Ներկայացուցիչ Թինա Աւագեանին Հետ Հանդիպում-Հաւաք

ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան կազմակերպութեամբ երէկ` չորեքշաբթի, 25 նոյեմբեր 2015, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում-հաւաք մը` «Կրթութիւն Հայաստան» կազմակերպութեան հաւաքագրման եւ ընտրութեան տնօրէն Թենի Աւագեանի հետ: Հանդիպումին բացման խօսքը արտասանեց Շաղիկ Չափարեան: Ան ըսաւ, թէ համաշխարհայնացման հոսանքին առջեւ գտնուելով` անհրաժեշտ է հաւասարակշռութիւն պահել համաշխարհային արհեստավարժ եւ զուտ ազգային կրթական համակարգերուն միջեւ` կարեւոր նկատելով այսօրուան կարողականութեամբ...

Ակնարկ.  Նախապատերազմական Իրավիճակի  Ստեղծման Թրքական Դրդապատճառներ

Ակնարկ. Նախապատերազմական Իրավիճակի Ստեղծման Թրքական Դրդապատճառներ

Ռուսական զինուորական օդանաւի խոցումը Թուրքիոյ կողմէ սուրիական պատերազմին նոր մագլցողականութիւն ապահովող քայլ է եւ իբրեւ այդպիսին այլապէս ալ դժուար մեկնաբանելի: Օր մը առաջ Անգարայի կողմէ կատարուած յայտարարութիւններու տարողութեան բարձրացումը եւ ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդի արտակարգ նիստի պահանջը հիմնուած էին Անգարայի հովանաւորեալ Սուրիոյ թուրքմէններուն հանդէպ Մոսկուայի իրականացուցած զինուորական գործողութիւններու երեւոյթին վրայ: Այսօրուան իրադարձութիւններուն զարգացումը պատերազմը տեղափոխեցին ռուս-թրքական ուղղութեան վրայ: Կանխատեսումները խայտաբղէտ են...

«Դիմակները Վար Առնուած Են, Եւ Վտանգը  Ուղղուած Է Ահաբեկչութիւնը Ստեղծողին Կողմը»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Դիմակները Վար Առնուած Են, Եւ Վտանգը Ուղղուած Է Ահաբեկչութիւնը Ստեղծողին Կողմը» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ահաբեկչութիւնը, ահաբեկչական միտքը, գործողութիւններն ու գործադրութեան եղանակը նկատի կ՛ունենան բոլոր մարզերը: «Ահաբեկչական բջիջներն ու կազմակերպութիւնները պիտի չմերժեն նաեւ թիրախ դարձնել ապահովական կառոյցները, սակայն լիբանանեան ապահովական կառոյցները վերջին երեք-չորս տարիներուն ընթացքին յաջողութիւն կ՛արձանագրեն ահաբեկչական ցանցերը բացայայտելու եւ անոնց անդամները ձերբակալելու իմաստով, եւ այդ...

Նոր Սահմանադրութիւնը Պիտի Երաշխաւորէ  Դատարաններու Անկախութիւնը

«Գործող Սահմանադրութեամբ` Դուրսէն Եկող Ճնշումները Կրողը Միայն Մէկ Հոգի Է» Կ՛ըսէ Արմէն Համբարձումեան

Սահմանադրական բարեփոխումներու քարոզարշաւի ծիրին մէջ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արսէն Համբարձումեան հանդիպում ունեցաւ Վայոց ձորի մարզի Ագարակաձոր համայնքի բնակիչներուն հետ: Ան իր ելոյթին ընթացքին ընդգծեց, որ գործող սահմանադրութեան յոռեգոյն կողմերէն մէկը այն է, որ կառավարումը միակեդրոն է, ամէն ինչ կը վերահսկուի միայն մէկ անձի կողմէ: Համբարձումեանի խօսքով` որքան ալ մարդիկ դժգոհին այսօրուան իրականութենէն եւ պահանջեն փոխել անիկա, որեւէ բան...

ՀՅԴ Եւրոպայի Երիտասարդական  Միութիւններու Խորհրդաժողով.  Մամլոյ Հաղորդագրութիւն

ՀՅԴ Եւրոպայի Երիտասարդական Միութիւններու Խորհրդաժողով. Մամլոյ Հաղորդագրութիւն

20-էն 22 նոյեմբեր 2015-ին ՀՅԴ Ֆրանսայի «Նոր Սերունդ» երիտասարդական միութեան կազմակերպութեամբ եւ ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակին համադրումով տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Եւրոպայի երիտասարդական միութիւններու խորհրդաժողով` «ՀՅԴ  երիտասարդութիւնը եւ Հայ դատի վերանորոգ պահանջատիրութեան պայքարը» նիւթով: Փարիզի եւ Արֆոլվիլի մէջ տեղի ունեցած նիստերուն մասնակցեցան 8 երկիրներէ աւելի քան 70 ներկայացուցիչներ: Խորհրդաժողովին ընթացքին զեկուցումներով հանդէս եկան ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ Արմէն Ռուստամեան եւ Մուրատ Փափազեան,...

«Գէորգ (Ճորճ) Աբէլեան»  Գրադարանի Բացում` Այնճարի Մէջ

«Գէորգ (Ճորճ) Աբէլեան» Գրադարանի Բացում` Այնճարի Մէջ

  Բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ, գիրն ու գրականութիւնը այնքա՜ն շատ սիրած ու անոր ծառայած գրող, մտաւորական եւ հասարակական գործիչ Գէորգ (Ճորճ) Աբէլեանի յիշատակը անմահացնելու լաւագոյն ձեւերէն մէկն է անոր անունով գրադարանի բացումը, որ տեղի ունեցաւ կիրակի, 22 նոյեմբեր 2015-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին: Այս առիթով կազմակերպուած ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի «Ճանպազեան» սրահին մէջ, ուր համախմբուած ներկաները ողջունեց...

Ռուսական «Սու-24» Մը Ջախջախուեցաւ Սուրիա-Թուրքիա Սահմանին Մօտ

Ռուսական «Սու-24» Մը Ջախջախուեցաւ Սուրիա-Թուրքիա Սահմանին Մօտ

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց‚ որ ռուսական «Սու-24» տիպի օդանաւ մը 6 հազար մեթր բարձրութեան վրայ թռիչք կատարած ատեն ցամաքէն կրակոցի ենթարկուելուն պատճառով ջախջախուած է Սուրիա-Թուրքիա սահմանին մօտ։ Նախապէս թրքական զինուորական աղբիւր մը յայտնած էր‚ որ թրքական «Էֆ-16»-ի մը կողմէ վար առնուած է օդանաւ մը՝ Թուրքիոյ օդային տարածքը խզելուն համար, իսկ սուրիական լաւատեղեակ աղբիւրներ լիբանանեան «Նաշրա» կայքին յայտնած էին‚ որ սուրիական...

Գանձասարի Մէջ Մատենադարանի Բացում

Գանձասարի Մէջ Մատենադարանի Բացում

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն տուած այցելութեան ծիրին մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ, զինուած ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Սերժ Սարգսեան 21 նոյեմբերին Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ Գանձասարի մէջ ներկայ գտնուած է Ստեփանակերտի «Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարան-գանձասար» գիտամշակութային կեդրոնի` Մատենադարանի մասնաշէնքի բացման արարողութեան: Կեդրոնը կը բաղկանայ գիտական եւ թանգարանային մասերէ, գիտաժողովներու, մշակութային տարաբնոյթ նախաձեռնութիւններու համար նախատեսուած դահլիճէ, գրադարանէ ու ընթերցասրահէ: Նորաբաց ցուցասրահներուն մէջ...

Page 731 of 795 1 … 730 731 732 … 795

Արխիւներ