Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաշնակցական Մարմիններու Ներկայացուցիչներու Ընդլայնուած Խորհրդակցութիւն

February 1, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

khor_013116

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի մամլոյ դիւանը կը հաղորդէ, որ 30 յունուարին Երեւանի «Արամ Մանուկեան» կեդրոնին մէջ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինին հրաւէրով, տեղի ունեցաւ ընդլայնուած խորհրդակցութիւն, որուն կը մասնակցէին Դաշնակցութեան Հայաստանի կառոյցի 50 կոմիտէներու եւ տասը մարզային կոմիտէներու շուրջ 80 ներկայացուցիչներ:

Հանդիպումին բացումը կատարեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան, որ համառօտ կերպով անդրադարձաւ ներքաղաքական զարգացումներուն, օրակարգային, առաջնահերթ խնդիրներուն` նոյն շրջագիծին մէջ կարեւոր նկատելով ՀՅԴ Հայաստանի կառոյցի քաղաքական դերակատարութիւնը:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, հանգամանալից կերպով ներկայացնելով վերջին շրջանին երկրին մէջ ընթացող ներքաղաքական հոլովոյթները, անդրադարձաւ ընկերային, քաղաքական ու տնտեսական կեանքին մէջ ՀՅԴ-ի ունեցած եւ  ակնկալուող դերակատարութեան: Յատկապէս քննութեան առարկայ  դարձնելով ՀՅԴ-ի հանրայայտ 7 կէտերը` ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը որոշակի գոհունակութիւն յայտնեց վերոյիշեալ կէտերուն շուրջ արձանագրուած դրական լուծումներուն առնչութեամբ, խօսեցաւ  իշխանութեան հետ հաւանական համագործակցութեան սպասելիքներուն  եւ ձեւաչափերուն մասին:

Ներկայ հանգրուանին Հրանդ Մարգարեան իբրեւ քաղաքական ձեռքբերում որակեց նոր սահմանադրութեան ընդունումը, ուր գործադրուած են ՀՅԴ-ի հիմնական սկզբունքներն ու մօտեցումները երկրի կառավարման ձեւին եւ շարք մը կարեւորագոյն քաղաքական խնդիրներու շուրջ:

Անդրադառնալով յետսահմանադրական ընթացքին` Մարգարեան կարեւոր նկատեց ՀՅԴ-ի քաղաքական դերակատարութիւնն ու պատասխանատուութիւնը երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող ընկերային, տնտեսական ու աշխարհաքաղաքական մարտահրաւէրները դիմագրաւելու առումով: Խորհրդակցութեան ընթացքին յատկապէս ընդգծուեցան ներկուսակցական խնդիրները` կուսակցութեան ընդլայնումն ու կազմակերպուածութիւնը դիտելով իբրեւ ամէնօրեայ արդիւնաւէտ աշխատանքի նախապայման:

Խորհրդակցութեան յաջորդող հարցուպատասխանի ընթացքին  արծարծուեցան եւ պարզաբանումներ տրուեցան իշխանութեան հետ հաւանական համագործակցութեան բովանդակութեան եւ ձեւաչափին շուրջ: Հանդիպումներու շարքը պիտի շարունակուի` աւելի հանգամանալից քննելու ՀՅԴ-ի ներքաղաքական եւ ներկուսակցական օրակարգերը:

Նախորդը

Ազրպէյճան Կը Մեղադրէ ԵԽԽՎ-ն «Երկակի Չափանիշներու» Կիրարկման Մէջ

Յաջորդը

Դրական Նախաձեռնութիւններու Ակնկալութեամբ` Հայեացքները Սեւեռած Են Կառավարութեան Վաղուան Նիստին

RelatedPosts

Ակնարկ  Վենեզուելա – Իրան – Քուպա
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ Վենեզուելա – Իրան – Քուպա

September 30, 2026
Երեւանի Մէջ Հանդիպում Ունեցան Արցախի Ազգային Ժողովի Պատգամաւորներն Ու Հյդ Հայ Դատի Ներկայացուցիչները
Գլխաւոր լուրեր

Երեւանի Մէջ Հանդիպում Ունեցան Արցախի Ազգային Ժողովի Պատգամաւորներն Ու Հյդ Հայ Դատի Ներկայացուցիչները

September 30, 2026
«Հայաստան» Խմբակցութեան Անդամներ Տեսակցեցան «Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարութեան Միջազգային Դիտարան»-ի Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Անդամներ Տեսակցեցան «Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարութեան Միջազգային Դիտարան»-ի Ներկայացուցիչներուն Հետ

September 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.