Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 3 փետրուարին ընդունած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քասփրչիքը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծին վրայ տիրող իրավիճակին վերաբերող հարցեր:
Նոյն օրը Ա. Քասփրչիք հանդիպում ունեցած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանի հետ: Անոնք միտքեր փոխանակած են փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող կարգ մը հարցերու, մասնաւորապէս, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծին վրայ տիրող իրավիճակին եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակին կողմէ իրականացուող դիտարկումներուն վերաբերեալ: Քննարկուած են նաեւ գրասենեակին կողմէ տարուած աշխատանքներն ու ապագայի ծրագիրները:
Երկուստեք կարեւոր նկատած են սահմանագիծին վրայ կայունութեան պահպանումը: