Օքսֆորտ համալսարանի հայագիտական ամպիոնին կազմակերպութեամբ եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան նիւթական աջակցութեամբ, 21-23 յունուար 2016-ին տեղի ունեցաւ «աշխատանքային» հաւաք մը, որ մէկտեղած էր արեւմտահայերէն գրողներ, մտաւորականներ, մասնագէտներ, մամուլի գործիչներ եւ հրատարակիչներ: Հաւաքին առաջնորդներն էին Օքսֆորտ համալսարանի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հայագիտական ուսումնասիրութիւններու փրոֆեսէօր, հոլանտացի հայագէտ Թէօ Մաարթըն Վան Լինթ եւ Օքսֆորտ համալսարանի հայագիտական ամպիոնի վարիչ դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան: Մասնակիցներուն մէջ էին «Գ. Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան եւ հիմնարկութեան արեւմտահայերէնի զարգացման պատասխանատու Անի Կարմիրեան:
Եռօրեայ նիստերը տեղի ունեցան Օքսֆորտ համալսարանի «Փեմպրոք» քոլեճի ժողովասրահներուն մէջ: Հաւաքին ընդհանուր խորագիրն էր` «Արեւմտահայերէնը 21-րդ դարուն»: Համագումարի ընթացքին քննարկուեցան` ա. Արեւմտահայերէնի ներկայ իրականութիւնը, բ. Սփիւռքի մէջ արեւմտահայերէնով մտածելու եւ ստեղծագործելու խնդիրներն ու մարտահրաւէրները, գ. Կառոյցներու եւ միջոցներու խնդիրները, դ. Արեւմտահայ հրատարակչութեան հարցեր, ե. Արեւմտահայ մամուլին այսօրուան ու վաղուան հարցերը:
Արամ Ա. կաթողիկոսին տնօրինումով, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան սոյն համագումարին իր մասնակցութիւնը բերաւ կաթողիկոսարանի կրթական-հայագիտական բաժանմունքի գործավար Ժիրայր Դանիէլեան, որ զեկուցեց կաթողիկոսարանի գրահրատարակչական գործունէութեան մասին: Ան նաեւ անդրադարձաւ արեւմտահայերէն հրատարակիչներու եւ հրատարակչատուներու ներկայ խնդիրներուն եւ ապագայի ակնկալիքներուն մասին ու մասնակցեցաւ ընդհանուր քննարկումներուն: