Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներու Նախագահական Թեկնածուներու Հայամէտ Եւ Հակահայկական Գործունէութիւնը

Փետրուար 4, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

US-elections_020316

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունենալիք ընտրութիւններէն առաջ առանձնացուցած է թեկնածուներու գործունէութեան ընթացքին հայկական հարցերու առնչուող կեցուածքները կամ գործունէութիւնները: «Արմէնփրես» առանձնացուցած է անոնցմէ քանի մը հատը:

Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան ամէնէն հաւանական թեկնածուներէն դեմոկրատական գործիչ Հիլըրի Քլինթընին առնչուող յիշատակումներուն մէջ կը նշուի, թէ ինչպէ՛ս ան 2005 եւ 2006 թուականներու ապրիլին ստորագրած է այդ ժամանակուան նախագահ Ճորճ Պուշին ուղղուած նամակին տակ` յորդորելով ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը: 107-րդ (2001-2002) եւ 108-րդ (2003-2004) նստաշրջանի Քոնկրեսին մէջ ան համահովանաւորն էր այն բանաձեւին, որով կը վերահաստատուէր աջակցութիւնը Ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգիլման եւ դատապարտման ուխտին: 109-րդ (2007-2008) նստաշրջանին համահովանաւոր էր բանաձեւի մը, որով կոչ կ՛ուղղուէր նախագահին վստահեցնելու, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութիւնը կ՛արտացոլացնէ համապատասխան հասկացողութիւն եւ զգայունութիւն առնչուած այն հարցերուն, որոնք կ՛առնչուին մարդու իրաւունքներուն, ցեղային մաքրագործման եւ ցեղասպանութեան, որ ամրագրուած է Միացեալ Նահանգներու զեկուցումներուն մէջ` առնչուած Հայոց ցեղասպանութեան հետ: Իբրեւ արտաքին գործոց նախարար` 2009-ին ան գլխաւորած է իր երկրին պատուիրակութիւնը ձախողած հայ-թրքական արձանագրութիւններուն ժամանակ: Աւելի ուշ` 2014-ին, ան այդ արձանագրութիւններուն մասին յուշերը հրապարակեց իր «Դժուար ընտրանքներ» գիրքին մէջ: 2010-ին դարձեալ իբրեւ արտաքին գործոց նախարար ան Երեւանի մէջ այցելեց Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր` նշելով, որ ատիկա կ՛ընէ միայն «անձնական որոշումով»: Յունուար 2012-ին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան անձնակազմին հետ հանդիպումին ընթացքին Քլինթըն Հայոց ցեղասպանութեան անդրադարձաւ իբրեւ «պատմական բանավէճի» առարկայ: Այս յայտարարութեան համար Քոնկրեսի շուրջ 60 անդամներ փետրուար 2012-ին զինք դատապարտեցին:

Միացեալ Նահանգներու 45-րդ նախագահի պաշտօնի միւս թեկնածուի` հանրապետական Տանըլտ Թրամփի հայկական հարցերով որեւէ յայտարարութիւն չէ արձանագրուած: Բայց եւ այնպէս ծանօթ է, որ Թրամփի ընկերութիւնը գործարքներ կը կատարէ ազրպէյճանցի սակաւապետերու հետ, որոնք հակահայկական լոպիիստական գործունէութիւն կը ծաւալեն:

Հանրապետական Ճեպ Պուշ Հայաստանի մէջ 1988-ի երկրաշարժէն ետք իր հօր` Միացեալ Նահանգներու այդ ժամանակուան նախագահ Ճորճ Պուշի հետ նոյն տարուան 24 դեկտեմբերին այցելած է Հայաստան` մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելով բժշկական միջոցներու, հագուստի եւ խաղալիքներու տեսքով: Մարդասիրական այդ օգնութիւնը առաջինն էր, որ Միացեալ Նահանգներ կը տրամադրէին Խորհրդային Միութեան: Իբրեւ Միացեալ Նահանգներու Ֆլորիտա նահանգի նահանգապետ` 7 ապրիլ 2006-ին ան Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ յայտարարութիւն հրապարակեց: 2013-ին ան ստացած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արեւելեան թեմի մրցանակ:

Դեմոկրատ թեկնածու Պըռնի Սանտըրս ամէնէն հայամէտ թեկնածուներու շարքին է: Ան 1995-2012 թուականներուն ընթացքին Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսին մէջ աջակցած է բազմաթիւ հայանպաստ եւ հակաթրքական բանաձեւերու ու զեկուցումներու, ինչպէս, օրինակ, Թուրքիոյ մէջ քրիստոնէական ժառանգութեան եւ պահպանութեան ու բռնագրաւուած գոյքի վերադարձման բանաձեւին, ստորագրած Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճորճ Պուշին ուղղուած նամակի մը տակ` յորդորելով ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը, քուէարկած ի նպաստ այն բանաձեւերուն, որոնք կոչ կ՛ուղղեն դադրեցնելու ելեւմտական աջակցութիւնը Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի եւ այլն:

Հանրապետական Թետ Քրուզ 27 ապրիլ 2015-ին համահովանաւորած է Հայոց ցեղասպանութեան մասին քոնկրեսականներ Ռոպըրթ Մենենտեսի, Մարք Քըրքի, Պարպարա Պոքսըրի եւ Քորի Կարտնըրի ներկայացուցած բանաձեւը, որ այս պահուս ունի 21 համահովանաւոր: Իսկ 18 ապրիլ 2015-ին ան Հայոց ցեղասպանութեան մասին յայտարարութիւն հրապարակած է:

Հանրապետական Քրիս Քրիսթիի վերաբերեալ Հայ դատի յանձնախումբը չունի որեւէ յիշատակում հայանպաստ գործունէութեան առնչութեամբ: Փոխարէնը յայտնի է, որ ան 2012-ին հրապարակած է նամակ Խոջալուի այսպէս կոչուած «կոտորածներու» տարելիցին կապակցութեամբ:

 

 

Նախորդը

Ուաշինկթըն 10 Միլիոն Տոլար Պիտի Յատկացնէ Վրաստանին` Հայ-Վրացական Սահմանը Ամրապնդելու Համար

Յաջորդը

Սեբաստիոյ Հայկական Գերեզմանատունը Կը Բարեկարգուի

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին
Գլխաւոր լուրեր

Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?