Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

9,8 Միլիոն Տոլար` Հիւանդութիւններու Վերահսկման Եւ Կանխարգիլման Ազգային Կեդրոնի Կառուցման Համար

July 14, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

getron2_71316

13 յուլիսին տեղի ունեցաւ Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնի եւ Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարութեան սննդամթերքի անվտանգութեան պետական ծառայութեան կեդրոնական կառոյցներու բացման արարողութիւնը, որուն ներկայ էին Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Արմէն Մուրադեանը, գիւղատնտեսութեան նախարար Սերկէյ Կարապետեանը, Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլզը, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան բաժանմունքի Վտանգներու նուազեցման գործակալութեան ներկայացուցիչ Էլիզապէթ Ճորճը:

Getron_71316

«Առողջապահութեան մարզին մէջ նման տարրալուծարանի բացումը անգամ մը եւս կ՛ընդգծէ այն, որ մենք հանրային առողջապահական ծրագիրները կը նկատենք  գերակայ ուղղութիւն, եւ իւրաքանչիւր նման ծրագիր արժանահաւատ կը դարձնէ մեր մօտեցումները բնակչութեան համար: Անիկա կոչուած է ամբողջովին փոխելու մեր պատկերացումները վարակիչ հիւանդութիւններու յայտնաբերման, անոնց պատճառներու ճշդման եւ կանխարգիլող արշաւներու կազմակերպման առումով», ըսած է առողջապահութեան նախարար Արմէն Մուրադեանը` տեղեկացնելով, որ 14 յուլիսին նմանատիպ կեդրոն պիտի բացուի նաեւ Գիւմրիի մէջ: Կեդրոնները կառուցուած եւ վերանորոգուած են Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան բաժանմունքի Վտանգներու նուազեցման գործակալութեան աջակցութեամբ:

Դեսպան Ռիչըրտ Միլզ իր խօսքին մէջ կարեւոր նկատած է երկու նախարարութիւններուն հետ համագործակցութիւնը: «Այս նոր ազգային կառոյցի բացումը եւ մեր համագործակցութիւնը նախարարութիւններուն հետ շահաւէտ է ո՛չ միայն Հայաստանի համար` ապահովելով երկրի անվտանգութիւնը, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհին համար` օգնելով հիւանդութիւններու տարածման դէմ պայքարին: Մենք գիտենք, որ ներկայիս համաշխարհայնացուած եւ փոխկապակցուած աշխարհին մէջ հիւանդութիւնները սահմաններ չեն ճանչնար: Ուստի պէտք է բոլորս միասին աշխատինք կենսաբանական զէնքերու տարածման կանխարգիլման ուղղութեամբ»:

Էլիզապէթ Ճորճ յայտնած է, որ գիւղատնտեսութեան նախարարութեան կեդրոնին համար ներդրուած է 4,1 միլիոն, իսկ առողջապահութեան նախարարութեան կեդրոնին համար` 9,8 միլիոն տոլար:

Նախորդը

Արձագանգելով Ա. Վարդանեանին. Նարեկ Սարգսեան Կը Խոստանայ Հետեւողական Ըլլալ Արամ Մանուկեանի Տունը Պահպանել-Վերակառուցելու Հարցով

Յաջորդը

Գերմանիոյ Մարզիչը Պիտի Շարունակէ Իր Աշխատանքը

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.