Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաքուի Մէջ Ալիեւի Եւ Մամետեարովի Հետ Իր Հանդիպումներէն Ետք. Լաւրով. «Լեռնային Ղարաբաղի Հակամարտող Կողմերը Յաջողութեան Աւելի Մօտ Են, Քան Երբեւիցէ»

July 13, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Mamedyarov-Lavrov_71216

ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Պաքուի մէջ իր ազրպէյճանցի պաշտօնակիցին` Էլմար Մամետեարովին հետ հանդիպումէն ետք, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտող կողմերը տագնապի լուծման յաջողութեան շատ աւելի մօտ են, քան երբեւիցէ, սակայն մանրամասնութիւններ բացայայտելու համար տակաւին կանուխ է:

«Մենք հիմքեր ունինք ենթադրելու, որ այս անգամ շատ աւելի կը մօտենանք յաջողութեան հեռանկարին, քան ինչ որ եղած է մինչեւ հիմա», ընդգծած է Լաւրով` աւելցնելով, որ 20 յունիսին Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ եղած համաձայնութեան մանրամասնութիւնները պիտի չբացայայտէ:

«Հասկնալի պատճառներով` մենք հրապարակաւ չենք քննարկեր այն գաղափարները, որոնք կը քննարկուին հանդիպումի ծիրին մէջ: Երեք երկիրներու ղեկավարները 20 յունիսին համաձայնած են, որ զգուշութեամբ պիտի վերաբերին յոյսի այն ծիլերուն, որոնք յայտնուած են: Ոչ թէ այն պատճառով, որ բան մը կը պահենք, այլ պարզապէս ասիկա բանակցութիւններու ժամանակ բարոյագիտական արժեչափ է», աւելցուցած է Լաւրով:

ԱՓԱ կը հաղորդէ, որ Լաւրով նշած է. «Ներկայ քննարկումները նախագահներու հանդիպումին ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութեան իրագործման ճամբուն վրայ կարեւոր քայլեր են»: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է Ազրպէյճանի ղեկավարութեան` Ռուսիոյ հետ բոլոր մարզերուն մէջ կապերը զարգացնելու համար` ընդգծելով, որ այցելութիւնը, ընդհանուր առմամբ կառուցողական էր:

ԱՓԱ կը հաղորդէ, որ Մամետեարով եւս անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին` ըսելով. «Ներկայիս մենք աշխուժ երկխօսութեան, նոյնիսկ եռախօսութեան ձեւաչափի մէջ ենք: Մինսքի խմբակի համանախագահները աշխուժօրէն կը մասնակցին քննարկումներուն: Ատոր նպատակը յառաջընթաց արձանագրելն է այն հարցերուն մէջ, որոնց շուրջ տակաւին համաձայնութիւն չէ գոյացած: Մենք պէտք է քայլ առ քայլ լուծենք այս հարցերը, որպէսզի լուծենք տագնապները, որոնք վտանգ կը ներկայացնեն համաշխարհային անվտանգութեան»:

Նախապէս Լաւրով Պաքուի մէջ հանդիպում ունեցած էր Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Ան հանդիպումէն ետք յայտարարած էր, որ ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման գործընթացը կը շարունակուի:

«Նախագահ Փութին մեծապէս կը գնահատէ Ս. Փեթերսպուրկի հանդիպումին արդիւնքները», յայտարարած էր Լաւրով` յոյս յայտնելով, որ այդ հանդիպումը վճռական ազդեցութիւն ունենայ ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման մէջ:

Ըստ ազրպէյճանական «Հաքքին» գործակալութեան, խօսելով Ազրպէյճանի հետ Ռուսիոյ յարաբերութիւններուն մասին` Լաւրով նշած է, որ անոնք բաւական յագեցած են:

 

Նախորդը

«Բանակցային Հոլովոյթին Մէջ Մեծ Աշխուժութիւն Կը Նկատուի» Կ՛ըսէ Ալիեւ

Յաջորդը

Կիրօ Մանոյեան. «Գերմանիոյ Կառավարութիւնը Չ՛ընդունիր Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւին Առնչութեամբ Էրտողանի Պահանջը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Երկրորդ Ճակատի Բռնկումը Եւ Անկէ Բխած Հետեւութիւնները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Երկրորդ Ճակատի Բռնկումը Եւ Անկէ Բխած Հետեւութիւնները

January 10, 2026
Քիւրտ Զինեալները Մերժեցին  Հեռանալ Հալէպէն
Գլխաւոր լուրեր

Քիւրտ Զինեալները Մերժեցին Հեռանալ Հալէպէն

January 10, 2026
Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հայրը  Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին
Գաղութային

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

January 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.