
Աշխատանքային այցելութեամբ Երեւան գտնուող` Վրաստանի խորհրդարանի փոխնախագահ, Վրաստանի խորհրդարանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի միջեւ համագործակցութեան միջխորհրդարանական յանձնաժողովի համանախագահ Մանանա Քոպախիձէի գլխաւորած պատուիրակութեան անդամները 11 յուլիսին, Ազգային ժողովի փոխնախագահ, Հայաստանի եւ Վրաստանի խորհրդարաններու միջեւ համագործակցութեան միջխորհրդարանական յանձնաժողովի համանախագահ Հերմինէ Նաղդալեանի ընկերակցութեամբ, այցելած են Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր:
Ազգային ժողովի լրատուական ծառայութեան հաղորդումով. «Վրաստանի խորհրդարանական պատուիրակութեան ղեկավարն ու անդամները ծաղկեպսակ զետեղած են Հայոց ցեղասպանութեան յուշակոթողին եւ լռութեամբ յարգած սուրբ նահատակներուն յիշատակը»:
Մանանա Քոպախիձէն նշած է, որ վրաց ժողովուրդը կը դատապարտէ Թուրքիոյ մէջ հայ ժողովուրդին նկատմամբ կատարուած ցեղային զտումը եւ աւելցուցած` «Մենք այսօր մեր յարգանքի տուրքը կը մատուցենք անմեղ զոհերու յիշատակին»:


