Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ-ն Կարեւոր Յուշագիր Ստորագրած Է Եւրոպական Խորհուրդի Ընկերվար Ժողովրդավարականներու Յառաջդիմական Դաշինք Խմբակցութեան Հետ

Յուլիս 13, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

armen_71216

6 յուլիսին Սթրազպուրկի մէջ Եւրոպական խորհուրդի Ընկերվար ժողովրդավարականներու յառաջադիմական դաշինք խմբակցութեան եւ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան միջեւ ստորագրուած է համագործակցութեան յուշագիր մը, որ ուժի մէջ է մինչեւ 2019 թուական:

«Երկիր»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան, խօսելով այդ համագործակցութեան մասին, նշած է, որ յուշագիրի ստորագրութենէն առաջ տարուած են նախապատրաստական աշխատանքներ, զորս` Խորհուրդի Ընկերվար ժողովրդավարականներու յառաջադիմական դաշինք խմբակցութեան կողմէ կատարած է խմբակցութեան արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու եւ խմբակցութեան փոխնախագահ Քլուտ Ֆլենքենշթայնը:

Դաշնակցութեան կողմէ յուշագիրը ստորագրած է  Արմէն Ռուստամեանը, իսկ Եւրոպական Խորհուրդի Ընկերվար ժողովրդավարականներու յառաջդիմական դաշինք խմբակցութեան կողմէ` խմբակցութեան ղեկավար Ճիանի Փիթելլան:

«Մենք շատ կարեւոր կը նկատենք այս համագործակցութիւնը, որովհետեւ նախ ԱՊՀ տարածքին մէջ մեզմէ զատ միայն Մոլտավիայի ընկերվարական կուսակցութեան հետ  համագործակցութեան յուշագիր ստորագրած են անոնք: Մինչեւ հիմա մենք Եւրոպական խորհուրդի Ընկերվար ժողովրդավարականներու յառաջդիմական դաշինք խմբակցութեան հետ ունեցած ենք համապատասխան գործունէութեան ու համագործակցութեան փորձառութիւն` յայտնի բանաձեւերու ընդունման փաստով, երբ ընդունուեցաւ Եւրոպական խորհրդարանի յայտնի բանաձեւը` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առնչութեամբ, ինչպէս նաեւ ստեղծուեցաւ Հայաստանի բարեկամներ խումբը, որուն մաս կազմողներուն մեծամասնութիւնը այս խմբակցութեան անդամներ են», ըսած է Արմէն Ռուստամեան:

Ըստ անոր, համագործակցութեան հիմնական նպատակն է զարկ տալ ընկերվար-ժողովրդավարական արժէքներուն, հիմնական շեշտը դնելով մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, ժողովրդավարութեան կայացման, ընկերային արդարութեան եւ համերաշխութեան ամրապնդման վրայ: Վերոյիշեալ խմբակցութիւնը մեծ նշանակութիւն կու տայ այն դերակատարութեան, զոր Դաշնակցութիւնը պէտք է ունենայ սահմանադրական բարեփոխումները յառաջ մղելու եւ ընտրական համակարգը բարեփոխելու ուղղութեամբ:

«Այս ուղղութեամբ մենք փաստօրէն կը շահինք կարեւոր գործընկեր, քանի որ իրենք պատրաստ են աջակցելու այդ բարեփոխումները կեանքի կոչելու գործընթացին, Սահմանադրութեան կեանքի կոչման: Սահմանադրութենէն պիտի բխին օրէնսդրական լուրջ փոփոխութիւններ, քանի մը հարիւր օրէնքներ պէտք է փոխուին, եւ իրենք կարեւոր կը նկատեն յատկապէս ժողովրդավարութեան կայացման հաստատութիւններու ձեւաւորման խնդիրը, որ այդ օրէնքներու կիրարկման փուլին Հայաստան ունենայ համապատասխան մեքանիզմներով օժտուած քաղաքական համակարգ: Յատկապէս կարեւոր կը նկատեն փտածութեան դէմ  պայքարը, որ վերջերս դրուած է Հայաստանի օրակարգին վրայ», յայտնած է Արմէն Ռուստամեան:

Ան տեղեկացուցած է, որ քաղաքական համագործակցութիւնը կը ներառէ քանի մը կէտեր, որոնց կարգին`  երիտասարդ մարդուժի փոխանակում, մասնաւորապէս համագործակցութեան մէջ նշուած են կէտեր, որոնք կարելիութիւն պիտի տան մասնագիտացման համար հոն ուղարկել երիտասարդ տարրեր` ուսանելու, ծանօթանալու Եւրոպական խորհրդարանի աշխատանքներուն, աշխատելաոճին, ձեռք բերելու համապատասխան կարողութիւն եւ փորձառութիւն` մասնագիտական ու քաղաքական: Իրենց կողմէ եւս Հայաստան պիտի այցելեն անձեր` ծանօթանալու Հայաստանի մէջ ընթացող քաղաքական գործընթացներուն:

Յաջորդ կէտը, ըստ Արմէն Ռուստամեանի, հարաւկովկասեան շրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան ամրապնդման խնդիրներն են, որոնք կը կազմեն իրենց օրակարգի կարեւոր մասը:

«Այս յուշագիրով իրենք շատ մեծ տեղ պիտի տան Դաշնակցութեան տեսակէտներուն ու գնահատականներուն` շրջանին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն, տագնապներուն, մասնաւորապէս Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման գործընթացին եւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող բարեփոխումներուն առնչուած», դիտել տուած է Արմէն Ռուստամեան` աւելցնելով, որ Դաշնակցութիւնը կարեւոր կը նկատէ  եւրոպացի ընկերվար-ժողովրդավարական գործընկերներուն հետ համագործակցութեան խորացումը, որուն նախորդած էր ՀՅԴ անդամակցութիւնը Եւրոպական ընկերվարական կուսակցութեան` հանդիսանալով դիտորդ անդամ: Յուշագիրի ստորագրութենէն ետք Արմէն Ռուստամեան մասնակցած է Եւրոպական խորհուրդի Ընկերվար ժողովրդավարականներու յառաջադիմական դաշինք խմբակցութեան նիստին, որուն ընթացքին բոլորը ողջունած են ձեռք բերուած համագործակցութիւնը:

 

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Երիտասարդական Նոր Կեդրոնի Բացում Գիւմրիի Մէջ

Յաջորդը

Ակնարկ. Պաքուի Ոճային Եւ Եզրաբանական Փոփոխութիւնները

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 20, 2025
Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?