
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Արժանթինի անկախութեան 200-ամեակին առիթով այցելած է Հայաստանի մէջ Արժանթինի դեսպանատուն:
«Համոզուած եմ, որ փոխադարձ վստահութեան վրայ հիմնուած մեր միջպետական յարաբերութիւնները վերընթաց զարգացում կ’ապրին` արձանագրելով երկկողմանի գործակցութիւնը աւելի խորացնող եւ ամրապնդող ձեռքբերումներ», ըսած է Հայաստանի նախագահը` վստահեցնելով, որ Հայաստան պատրաստակամ է կատարելու ամէն կարելին` հայ-արժանթինեան յարաբերութիւնները որակապէս նոր մակարդակի բարձրացնելու համար:
Սերժ Սարգսեան բարձր գնահատած է Արժանթինի անկողմնակալ դիրքորոշումը ղարաբաղեան տագնապին հարցով, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ու դատապարտման գործին մէջ Արժանթինի իշխանութիւններուն ու ժողովուրդին ծանրակշիռ աւանդը:
«Մեր ժողովուրդներուն միջեւ յարաբերութիւնները շատ աւելի երկար պատմութիւն ունին, քան մեր երկիրներու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման ժամանակահատուածը: Հայ ժողովուրդին համար պատմական իրողութիւններով պայմանաւորուած ծանր ժամանակաշրջանին, երբ ժողովուրդին մէկ հատուածը ապաստան գտաւ Արժանթինի մէջ, կրցաւ կարճ ժամանակի մէջ դրսեւորուիլ իր դրական կողմերով, մեծ յարգանքի արժանանալ եւ ընդելուզուիլ արժանթինեան հասարակութեան մէջ ու ներդրում ունենալ երկրի զարգացման գործին», նշած է Հայաստանի մէջ Արժանթինի դեսպան Կոնզալօ Ուռիոլապէիտիան:


