
8 յուլիսին Վարշաւիոյ մէջ տեղի ունեցաւ ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովը, որուն ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի եւ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հանդիպումը: Գերմանական «Տեր Շփիկըլ» օրաթերթը ուշագրաւ անդրադարձ մը ներկայացուցած է Վարշաւիոյ մէջ Մերքել-Էրտողան հանդիպումին մասին:
Ըստ «Տեմոքրաթհապեր»-ին, «Էրտողան Մերքելին անկարելի պահանջ ներկայացուցած է» վերնագրուած յօդուածին մէջ գերմանական օրաթերթը հաղորդած է, որ Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւի որդեգրումէն ետք Թուրքիոյ եւ Գերմանիոյ յարաբերութիւններուն մէջ որեւէ յառաջընթաց չէ արձանագրուած:
Յիշեցնելով դէպքը, երբ գերմանացի քաղաքական գործիչին չէր արտօնուած մուտք գործել Թուրքիոյ Ինճիրլիքի ռազմակայան, օրաթերթը դէպքը որակած է «ամօթալի գայթակղութիւն»:
Բացի այդ, թերթը պնդած է, որ Վարշաւիոյ մէջ Էրտողանը Մերքելին ներկայացուցած է անկարելի պահանջ մը. ան պահանջած է, որ Գերմանիոյ կառավարութիւնն ու խորհրդարանը ետդարձ կատարեն Հայոց ցեղասպանութեան հարցով իրենց որդեգրած դիրքորոշումէն: Աւելին, Էրտողան Ինճիրլիք մուտք գործելու արտօնութիւն տալու պայման ներկայացուցած է Մերքելին` պահանջելով հրապարակաւ յայտարարել, որ խորհրդարանի` Հայոց ցեղասպանութեան հարցով որոշումը կառավարութեան դիրքորոշումը չէ: «Միայն այն ատեն Ինճիրլիք ռազմակայան մուտքը պիտի արտօնուի», գրած է օրաթերթը:
Միւս կողմէ` գերմանական «Տէօչէ Վելլէ»-ի թրքական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ մէջ աստիճանաբար կը մեծնայ հակազդեցութիւնը Թուրքիոյ կողմէ Ինճիրլիքի ռազմակայան գերմանացի երեսփոխաններու մուտքը արգիլելու փաստի առնչութեամբ:
Խնդիրը չլուծուեցաւ նոյնիսկ ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովի ծիրին մէջ Մերքել-Էրտողան հանդիպումէն ետք: Այդ մասին գերմանացի քաղաքական գործիչները սկսած են իրենց մտահոգութիւնն ու դժգոհութիւնը յայտնել:
Ընկերվար Ժողովրդավարական կուսակցութեան արտաքին քաղաքականութեան հարցերով բանբեր Նիլս Անեն Մերքելը յորդորած է այս խնդիրին առնչութեամբ գործողութիւններու անցնիլ: «Մերքել Էրտողանի հետ Վարշաւիոյ մէջ ունեցած հանդիպումին չկրցաւ որեւէ արդիւնքի հասնիլ: Ան ստիպուած է որեւէ խոստում խլել Էրտողանէն, որպէսզի դաշնակցային խորհրդարանի երեսփոխանները կարենան երթալ ռազմակայան, ուր նաեւ գերմանացի զինուորներ կը գտնուին», նշած է ան:
Քրիստոնեայ-ընկերային միութիւն կուսակցութեան գլխաւոր քարտուղար Անտրէաս Շոյեր յայտնած է, որ երեսփոխանները պէտք է կարենան միշտ եւ ամէնուր այցելել իրենց զինուորներուն: «Նախագահ Էրտողանի այդ դիրքորոշումով Թուրքիան պիտի փորձէ գերմանական բանակը երկրէն հեռացնել», զգուշացուցած է ան:
Նշենք, որ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարելու նպատակով Ինճիրլիքի ռազմակայան կը գտնուին գերմանական «Թոռնատօ» տիպի հետախուզական օդանաւեր եւ 240 գերմանացի զինուորներ:
Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել «Ցէ.Տէ.Էֆ.» պատկերասփիւռի կայանէն խօսած է Վարշաւիոյ մէջ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ իր հանդիպումին մասին:
Ըստ «Տեմոքրաթհապեր»-ի, պատասխանելով այն հարցումին, թէ գերմանացի զինուորները պիտի հեռացո՞ւին Թուրքիոյ Ինճիրլիք ռազմակայանէն, Մերքել ըսած է, որ իրենք պիտի շարունակեն հետեւիլ այդ հարցին:
«Կարելի չէ ակնկալել, որ մէկ հանդիպումը պիտի հարթէ տարակարծութիւնները, սակայն մեր հանդիպումը կարեւոր էր», ըսած է ան` նշելով, որ հանդիպումին ընթացքին ցուցաբերուած են կառուցողական, առարկայական եւ վէճերը հարթելու ուղղուած ջանքեր:
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ թրքական եւ գերմանական լրատուամիջոցներ հաղորդած են, թէ Մերքել մերժած է Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւին դէմ յայտարարութիւն կատարելու Էրտողանին պայմանը: Ան անկարելի նկատած է այդպիսի յայտարարութիւն մը կատարելը:
Թուրքիոյ նախագահական պալատէն աղբիւր մը յայտնած է, որ Մերքելի հետ հանդիպումին քննարկուած է Հայոց ցեղասպանութեան հարցը: Մերքել վստահեցուցած է, որ ամէն կարելի բան պիտի ընէ, որպէսզի բանաձեւը չվնասէ թուրք-գերմանական յարաբերութիւնները:


